ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԼԻՄԱՅԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

5-8 Մարտ 2024-ին, Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.) ներկայ ութամեայ նստաշրջանի աշխատանքներուն ծրագրաւորման ժողովը։ Այս ծիրին մէջ, Կլիմայական Արդարութեան Եւ Կայուն Զարգացման յանձնաժողովին յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) անդամ Արշաւ Ճէրէճեան։ Յանձնաժողովը ընդգծեց եկեղեցիներու դերակատարութիւնը կլիմայական արդարութեան, սնունդի եւ ջուրի,…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏԵՐ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յառաջիկայ օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար պիտի գումարուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստեր։ Առաջին հերթին, Կրօնական Ժողովը իր նիստը պիտի գումարէ, ուր պիտի քննուին առաւելաբար կրօնական բնոյթ ունեցող ծրագիրներ ու աշխատանքներ։ Երկրորդ օրը Քաղաքական Ժողովը պիտի հանդիպի՝ քննելու համար Կաթողիկոսարանի կառոյցներուն գործունէութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ առանձին հանդիպումներ պիտի…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

9 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպանուհի Սթեֆանի ՄըքՔալըմ, ընկերակցութեամբ քաղաքական հարցերու իր խորհրդականին։ Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, հարաւի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ Լիբանան-Գանատա յարաբերութեանց առնչուած հարցեր։

ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Մարտ 8-ն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռոյս գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին ծննդեան օրն է։   Արդարեւ, Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, վանաբնակ միաբան հայրերն ու Կաթողիկոսարանի զանազան կառոյցներու պաշտօնէութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նշեցին ազգիս հովուապետին ծննդեան տարեդարձը։ Սիրոյ, յարգանքի, առողջութեան, արեւշատութեան ու բեղուն ծառայութեան բարեմաղթութիւններով լեցուն խօսքեր արտասանուեցան միաբանութեան ու պաշտօնէութեան կողմէ։…

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՓՈԽ ԱՏԵՆԱՊԵՏ

Չորս օրերէ ի վեր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) կեդրոնատեղիին (Ժընեւ, Զուիցերիա) մէջ տեղի կ՚ունենայ Խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովի հանդիպումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ յանձնաժողովի իբրեւ լիիրաւ անդամ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Յայտնենք, որ այս յանձնաժողովը Ե.Հ.Խ.ի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկն է, որ կը զբաղի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ միջազգային հարցերով:  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃԱՓՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Ճափոնի դեսպան Մակոշի Մասայուքիի: Նկատի ունենալով, որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն է Կաթողիկոսարան, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով բացատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցը եւ առաքելութիւնը, յատկապէս ծանրանալով լիբանանահայութեան եւ անոր քաղաքական դերակատարութեան վրայ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ համայնքէն ներս գործող կրթական, ընկերային ու մշակութային…

ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՆՇՈՒՄ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ

Աւանդութիւն է, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիսապետէ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուող Միջինքի օրուան Արեւագալի արարողութեան։ Արդարեւ, ուրախութիւն էր մեզի համար այս տարի տեսնել վերականգնումը անցած տարիներուն բոլորիս ծանօթ պայմաններու բերումով դադար առած այս աւանդութեան։ Առ այդ, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, Դպրեվանքի տեսչութեան եւ սաներուն, ինչպէս նաեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Երկուշաբթի, 4 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի եթովպական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ համայնքի հոգեւոր հովիւին եւ վարչութեան ատենապետին:   Այցելուները Հայրապետին փոխանցեցին Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին եղբայրական ողջոյնները, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին համայնքին նկատմամբ Նորին Սրբութեան ցուցաբերած հոգածութեան համար եւ պետութեան առնչուած կարգ մը հարցերու գծով խնդրեցին անոր միջամտութիւնը:   Յայտնենք,…

ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 2 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին այցելեց Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը (Զ.Ո.Մ.)՝ ստանալու համար անոր օրհնութիւնն ու թելադրութիւնները։ Հանդիպումին ներկայ էր Զ.Ո.Մ.ի մօտ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան։   Զ.Ո.Մ.ին անունով սրտի խօսք արտասանեց Միութեան ատենապետ Սանահին Թոմասեան։ Ան ըսաւ, որ Միութիւնը կը բոլորէ իր 120 ամեակը. 2024 տարուան…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Ուրբաթ, 1 Մարտ 2024-ին, լեռնալիբանանի եւ հիւսիսային Լիբանանի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր առաջնորդ Խրիսոսթոմոս Միքայէլ Շամուն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ ստանալու համար Հայրապետին օրհնութիւնը իր առաջնորդական առաքելութեան սկզբնաւորութեան։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նորընտիր առաջնորդին ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր հովուական աշխատանքներուն մէջ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ երկար դարերու գործակցութիւն գոյութիւն ունի երկու եկեղեցիներուն…

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 27 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (Լ.Օ.Խ.) շրջանային վարչութիւնը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնը՝ ստանալու Հայրապետին օրհնութիւնը։   Այս առիթով, վարչութեան անդամները Նորին Սրբութիւնը իրազեկ դարձուցին իրենց կատարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին։   Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, գնահատեց Լ.Օ.Խ.ին տարած նուիրական գործունէութիւնը եւ շեշտեց, յատկապէս ներկայ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 29 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ եւ Պէյրութի քաղաքապետ Ապտալլա Տարուիշ, ընկերակցութեամբ քաղաքապետարանի խորհուրդի հայ համայնքի անդամներէն Արամ Մալեանի։   Ողջունելով նահանգապետին ու քաղաքապետին այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք՝ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց քաղաքապետարանին տարած աշխատանքներուն ու ձեռնարկած ծրագիրներուն, հակառակ երկրէն ներս տիրող ընկերատնտեսական տագնապին։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց հայ…

ՄԱՇՏՈՑԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ

22-26 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Մաշտոցեան Մատենադարանի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Արա Խզմալեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Վահէ Թորոսեան (տեղակալ), Գուրգէն Գասպարեան (խորհրդական) եւ Միհրան Մինասեան (խորհրդական):   Ուրբաթ, 23 Փետրուարի առաւօտուն, պատուիրակութիւնը իր պաշտօնական այցը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին։ Տեսակցութեան ընթացքին քննարկեցին համագործակցութեան խորացման տարաբնոյթ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։   Դեսպանը Հայրապետին զեկուցեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի տագնապին շուրջ ընթացող հանդիպումներուն ու քննարկումներուն մասին, յատկապէս նախագահական ընտրութեան ու երկիրը դիմագրաւող տնտեսական ու ընկերային հարցերու, ինչպէս նաեւ Կազայի պատերազմին գծով։   Ապա, ընդհանուր արժեւորումի ենթարկուեցաւ Լիբանանի ներքին կացութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՒԱՒ «ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆ»Ի ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Արցախի մշակութային ժառանգութեանց պահպանումը եւ փոխանցումը նոր սերունդներուն՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին սրբազան առաքելութիւնն է։ Նոյն նպատակին համար գոյացած է «Արցախեան Մշակոյթի Պահպանման Կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը։   Արդարեւ, Արցախի մէջ թէ՛ Արցախէն դուրս մեր կոչումն է պահել արցախեան հոգեւոր եւ ազգային մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը։ Ուստի, յիշեալ կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած է համազգային դրամահաւաք՝ այս նպատակին համար, որ սկիզբ…

SEMAS-Ի ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԲԱԺԱԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 23 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Soroban Education Mental Arithmetic System-ի (SEMAS) Պուրճ Համուտի խումբ մը փոքրիկներ, որոնք եկած էին ստանալու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը եւ ներկայացնելու Լիբանանի ախոյանութեան վերջերս ձեռք բերած իրենց յաղթանակի բաժակը։ Յայտնենք, թէ SEMAS-ը ուսումնական կեդրոն մըն է՝ վաւերացուած Լիբանանի պետութեան կողմէ, որ 5-15 տարեկան փոքրիկներուն ու…

ՄԻՋ-ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատկերացումը փոխանցեց իրեն այցելած միջ-քրիստոնէական գործակցութիւն ստեղծելու կոչուած համախմբումին: Այս վերջինը եկած էր ունենալու Նորին Սրբութեան տեսակէտը քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ զանազան մարզերէն ներս միացեալ աշխատանքի նախաձեռնելու գծով: Հիւրերը նախ ներկայացուցին ցարդ կատարած իրենց աշխատանքին արդիւնքը՝ կրթական, ընկերային, երիտասարդական, երկրագործական ու տեղեկատուական մարզերէն ներս:   Լսելէ…

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԿԱՐԳ ԹԱՂՄԱՆ՝ Տ. ԵՂԻՇԷ Ծ. ՎՐԴ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ

«Ահա հրաժեշտ կու տամ քեզի՝ Ս. Եկեղեցի։ Ահա կը մեկնիմ ես, հայրե՛րս, եղբայրնե՛րս եւ որդինե՛րս։ Աղօթեցէ՛ք ինծի համար, եւ մեր Փրկիչ Քրիստոսը պիտի օրհնէ ձեզ»։ Մեր եկեղեցւոյ յուզումնախառն այս բառերով իր վերջին հրաժեշտը տուաւ հայ եկեղեցւոյ ծառայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին հաւատարիմ զաւակ եւ շատերու բարեկամ ու մտերիմ՝ հոգելոյս Տ. ԵՂԻՇԷ Ծ. ՎՐԴ.…

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՏԱԽԱԶ ԴՈԿՏ. ԼՈՒԻ ՄՈՐԵՆՕ ՕՔԱՄՓՈՅԻ ՄԻՋԵՒ

Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի առաջին ընդհանուր դատախազ դոկտ. Լուի Մորենօ Օքամփոյի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ։ Յայտնենք, որ դոկտ. Օքամփօ միջազգային համբաւ եւ յարգանք վայելող դատախազ է, որ կը բարձրաձայնէ ազգերու ու ժողովուրդներու բռնաբարուած իրաւունքներու վերահաստատման ու վերատիրացման պահանջատիրութիւնը։   Խօսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ դոկտ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ, ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի տնօրէնները, գլխաւորութեամբ ձեռնարկի Նիւ Եորքի (Ա.Մ.Ն.) գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեանի:   Այցելուները Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին իրենց գործունէութիւնը, միաժամանակ՝ դիմագրաւած մտահոգութիւնները:   Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ի տես յիշեալ երկիրներուն մէջ Ճինիշեան ձեռնարկին կատարած գործունէութեան: Ան իր օրհնութիւնը տուաւ տնօրէններուն եւ իրենց օգնականներուն,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵՆ ԺՈԶԵՖ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՒ ՕԹԵԼ ՏԻՕ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՏՆՕՐԷՆԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի կարեւորագոյն համալսարաններէն՝ Սեն Ճոզեֆի տնօրէն փրոֆ. հայր Սելիմ Տաքքաշ եւ Օթել Տիօ հիւանդանոցի տնօրէն Նասիպ Նասեր:     Հանդիպումին ներկայ էին Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ բժիշկ Համբիկ Քուրիէ:     Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր գործակցութիւն մը ստեղծել…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առաւել քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Քաթարի դեսպան Շէյխ Սաուտ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Ալ-Սանիին հետ:   Հանդիպումին, առաջին հերթին, անդրադարձ կատարուեցաւ շուրջ ամիս մը առաջ Քաթարի վարչապետ Մուհամմետ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Պըն Ճասեմ Ալ-Սանիի հրաւէրին ընդառաջելով՝ Նորին Սրբութեան Քաթար այցելութեան եւ յատկապէս վարչապետին…

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Տ. ԵՂԻՇԷ Ծ. ՎՐԴ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ

Տէր Եղիշէ Ծայրագոյն Վարդապետ Մանճիկեան ծնած է 1942 թուականին, Քէսապի Գարատուրան գիւղը (Սուրիա)։ Աւազանի անունն է Արա։ Փոքր տարիքին ծնողքին հետ Պուրճ Համուտ (Լիբանան) փոխադրուելով՝ նախնական կրթութիւնը ստացած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց Ազգային Վարժարանին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 1956-ին։ Աւարտելով Դպրեվանքի Ժառանգաւորացի քառամեայ շրջանը՝ սարկաւագ ձեռնադրուած է 1960-ին՝ ձեռամբ Լիբանանի առաջնորդ…

Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԱՒ Տ. ԵՂԻՇԷ Ծ. ՎՐԴ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ՀԱՆԳԻՍՏ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան Միաբանութեան երէց անդամներէն՝   Տ. ԵՂԻՇԷ Ծ. ՎՐԴ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆի (1942-2024)   վախճանումը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2024-ի առաւօտուն։   Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուին Հինգշաբթի, 22 Փետրուար-ի կէսօրուան ժամը 02։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀՐԱՒԷՐՈՎ ԱՊՐԻԼԻՆ ԿԸ ԿԱՅԱՆԱՅ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը վերջին երկու շաբթուան ընթացքին յաջորդաբար գումարեց առցանց երկու նիստեր (8-րդ եւ 9-րդ), նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։   Ի հետեւումն 19-20 Յունուար 2024-ին Անթիլիասի մէջ կայացած «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի խորհրդակցական հանդիպումներու որոշումներուն, առցանց նիստերուն քննարկուեցան Ապրիլ 24-ի նախօրեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ եւ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, գումարելի գիտաժողովին թեման եւ…

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՆՇԵՑ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50 ԱՄԵԱԿԸ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, իր հիմնադրութեան 50 ամեակին առիթով, յոբելինական եզակի համերգ մը տուաւ արուեստասէր ու երաժշտասէր հանրութեան, Շաբաթ, 17 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Էմիլ Լահուտ սրահին մէջ, Տըպայէ, Լիբանան։   Յոբելինական համերգը տեղի ունեցաւ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի վրայ Համբիկ Մարտիրոսեանի նուագակցութեամբ։   Համերգը նախատեսուած էր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՈՒՆԵՑԱՒ ՈՒՍԱՆՈՂ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի 60-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

«Ազգասիրութիւնը, Հայրենասիրութիւնը Ու Եկեղեցասիրութիւնը Իրարմէ Անջատելը, Փաստօրէն, Տգիտութիւն է, Եւ, Աւելի՛ն՝ Ազգային Հերետիկոսութիւն» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) 60-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Շաբաթ, 17 Փետրուար 2024-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համագումարներու շարքին երրորդն ու վերջինը՝ «Հայրենիքն Ու Հայրենասիրութիւնը» խորագրով։ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 16 Փետրուար 2024-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Հանդիպման ընթացքին ընդհանրապէս քննարկուեցան Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Կեդրոնական Կոմիտէն իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան, Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ընկերատնտեսական դժուար պայմաններուն Հայրապետին Լիբանանի հայութեան նկատմամբ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան եւ գործնական զօրակցութեան համար:   Նորին Ս. Օծութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՎԱՐԴԱՆ ԱՒԵՍԵԱՆՆ ՈՒ ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքնանշանով պարգեւատրեց քանդակագործ Վարդան Աւեսեանն ու կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը, Հինգշաբթի, 15 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան։ Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.)։   Արուեստաբոյր երեկոյեան բացման խօսքը արտասանեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ական Կալի Աւագեան, որ…

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԸ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մեծաշուք հանդիսութեամբ եւ հաւատացեալներու խիտ շարքերու ներկայութեամբ նշուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը, Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան։   Միաբան հայրերու կողմէ աստուածաշնչական ընթերցումներէ եւ Անդաստանի հոգեզմայլ արարողութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը յղեց հաւատացելոց։ Ան ընդգծեց…

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԷՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է այն մտածումներուն, զորս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը արտայայտեց իր պատգամի ընթացքին՝ Վարդանանց տօնին առիթով արտասանուած Վեհարանի դահլիճին մէջ, 8 Փետրուար 2024-ին:   ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԵՐՈՒՆ   Ազգ մը կը կորսնցնէ իր ինքնաճանաչումը, երբ չունի իր կեանքին իւրայատուկ դիմագիծ եւ գերագոյն տուող խորհրդանիշեր:   Ազգ մը կʼանհետանայ պատմութեան գիշերին մէջ,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՆՈՐ ԾԱՒԱԼ ՈՒ ՇԵՇՏԱՒՈՐՈՒՄ (Cilicia TV-ին հարցազրոյցը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ)

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անցնող ամիսներու ընթացքին յաջորդաբար Հովուապետական այցելութիւններ կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետեւեալ թեմերուն՝ Յունաստան, Կիպրոս, Գանատա, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Քուէյթի, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, հանդիպումներ ունեցաւ թեմական ու համայնքային ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Դարձեալ անցնող ամիսներուն, Նորին Սրբութեան առաջնորդութեամբ, Կաթողիկոսարանը դիմեց շարք մը նախաձեռնութիւններու, նպատակ ունենալով Արցախի…

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«Հաւատարիմ Մնանք Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Խորհրդանիշներուն» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Հայոց պատմութեան դարաւոր անցեալը վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց մղուած խիզախ օրինակներով լեցուն անցեալ մըն է։ Որքան ալ տարիներու թաւալումով հեռանանք հայրենասիրութեան եւ արիութեան թարգման հանդիսացող վաղ անցեալի դէպքերէն, նոյնքան կը զգանք պէտքը մօտենալու անոնց պատգամին՝ կարենալ կերտելու համար արդի մեր պատմութեան նոր յաղթանակները։…

ԵՐԵՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Երկխօսութիւնն ու փոխ յարաբերութիւնը անձերու կամ կառոյցներու միջեւ առիթ են զիրար ճանչնալու ու ծանօթանալու։ Անցնող չորս տարիներու ընթացքին, կաթոլիկ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներու համար կ՚իրականանայ Վատիկանի ծանօթացման յատուկ ծրագիր մը։   Արդարեւ, այս տարի եւս, 22 Յունուարէն 2 Փետրուար 2024-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆ ԵՒ ԻՇԽԱՆ ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2024-ին երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը։   Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան առնչուած խնդիրներ ու մտահոգութիւններ եւ շեշտուեցաւ երկրին ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը պահպանելու հրամայականը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻԻՆ

Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպանուհի Տեսփինա Քուքուլոփուլուն։   Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցն ու առաքելութիւնը եւ անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան ու յատկապէս տնտեսական տագնապին եւ նախագահական ընտրութեան առնչուած աշխատանքներուն։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ խօսեցաւ անցեալ տարի Յունաստանի Թեմին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԾՈՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

22-23 Յունուար 2024-ին, Ժապալ Ալիի (Ա.Մ.Է.) կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Քուէյթի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան։   Յիշենք, որ Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդին անդամ են Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երկու թեմերը՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմն ու Արաբական Միացեալ…

ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌՈՅՍ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի Փետրուար ամսու առաջին Կիրակիին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի կ՚ունենայ հոգեհանգստեան կարգ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայրապետական դարաւոր ու պատմական Ս. Աթոռին հայրապետներուն եւ միաբան հայրերուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։   Արդարեւ, Կիրակի, 4 Փետրուար 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագէն  ետք, միաբան հայրերէ,…

ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

    «ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆՈՒԹԵԱՄԲ ԹԵՄԻ ՎԵՐԱԾԱՂԿՈՒՄԻ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԻ ԸՆԹԱՑՔԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Այս հաստատումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Տուպայի մէջ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ճաշկերոյթի մասնակիցները, իր փակման խօսքին մէջ: Արդարեւ, շուրջ 400 անձեր մասնակցեցան ճաշկերոյթին, որ դարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց…

«ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ» ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ

Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Տուպայի մէջ անգլերէն լեզուով դասախօսութիւն մը տուաւ «Համաշխարհայնացումը եւ Հայ Երիտասարդը» (The Globalization and the Armenian Youth) նիւթին շուրջ:   Բացման խօսքը կատարեց Ռոզալին Թաշճեան: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետին առաջարկած նիւթը այժմէական է, որովհետեւ ներկայ աշխարհը բոլորովին տարբեր իրականութիւններով ու տագնապներով կը ներկայանայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՏՈՒՊԱՅԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 29 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Տուպայի լիբանանեան հիւպատոսարանը, ուր դիմաւորուեցաւ հիւպատոս Ասսաֆ Տումաթի եւ հիւպատոսարանի անձնակազմին կողմէ: Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակային հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, թեմին մէջ ծառայող հոգեւորականները, Սուրբ Աթոռիս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ, ՏՈՒՊԱՅԻ ԵՒ ՇԱՐԺԱՅԻ ՄԷՋ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹԵՄԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

«ՍՓԻՒՌՔԻ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին շնորհած իր hովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ապու Տապիի, Տուպայի եւ Շարժայի մէջ յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ թեմական կառոյցներուն հետ:   Առաջին հանդիպումը կայացաւ Ապու Տապիի մէջ, ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ…

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 20-ՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երկուշաբթի, 22 Յունուար–Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024, Հռոմի մէջ, Վատիկանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքին հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիք Աստուածաբանական Երկխօսութեան 20-րդ ժողովը։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ այս հանդիպումին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։   Ժողովին օրակարգը Մարեմաբանութիւնն էր, որուն շուրջ…

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏԳԱՄԵՑ ՇԱՐԺԱՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

«ՀԵՏԵՒԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՌՆԱԼ ԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԻՆ՝ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Կիրակի, 28 Յունուար 2024-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատոյց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.), Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան:   Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԱԶԳ. ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.), Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին հովուապետական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 27 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Շարժայի Օհաննէսեան ազգային միօրեայ վարժարանը, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, ուսուցչական կազմին եւ վարժարանի փոքրիկ աշակերտներուն կողմէ։ Այցելութեան Հայրապետին կողքին ներկայ էին թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Օշական Արք.…

ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց համերաշխութեան եւ կրթութեան նախարար Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ-Նահեան ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Ս. Աթոռոյս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի ազգային…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԱՄԷ-Ի ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԳՈՐԾԱՏԷՐԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

«ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՄՂԻՉ ՈՅԺ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2024-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպան Ֆուատ Շհապ Տանտանի եւ լիբանանեան համայնքի գործատէրերու խորհուրդի միացեալ կազմակերպութեամբ, ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին ներկայ էին շուրջ 150 անձեր։ Իր բարի գալստեան խօսքին մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ

Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Ապտալլահ Պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հետ։ Հանդիպումը կայացաւ նախարարին բնակարանին մէջ: Նախարարը իր կողքին ունէր պետական նախարարուհի Նուրա Պընթ Մուհամմետ Ալ Քաապի:   Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 24 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանատուները՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ:   Նորին Սրբութիւնը նախ այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Ֆուատ Շհապ Տանտանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ։ Դեսպանատան մէջ ներկայ էին Ապու Տապի հաստատուած հայ եւ լիբանանցի անձնաւորութիւններ։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան երկրորդ օրը՝ Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց թեմի առաջնորդանիստ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, ուր կանոնական աղօթք կատարեց եւ իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։   Նորին Սրբութիւնը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Քուէյթի եւ Շրջակայից…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 22 Յունուար 2024-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Բիեթրօ Բարոլին Քարտինալին հետ։ Յատուկ օրակարգի նիւթ դարձաւ Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ դժուարութիւնները։ Այս ծիրէն ներս Նարեկ Արք. Քարտինալին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին կարգ մը մտահոգութիգնները ու պատկերացումները։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Լիբանանը դիմագրաւող հարցերուն գծով Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԽՕՍՔԸ ՈՒՂՂԵՑ ԾՈՑԻ ՇՐՋԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Ապու Տապի այցելութեան իր առաջին օրը՝ Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղեց Ապու Տապիի մէջ գումարուող Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու խորհուրդի համագումարին:   Համագումարի կեդրոնավայրին մէջ պաշտօնական ընդունելութենէ ետք, Ծոցի եկեղեցիներու խորհուրդի ատենապետ Մակարիոս Արքեպիսկոպոսը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան 50 տարիներ ո՛չ միայն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՄԱՆԵՑ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ (ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)

2023 տարուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ձեռնարկեց հովուապետական այցելութիւններու՝ նպատակ ունենալով ըլլալ մեր ժողովուրդին հետ, իրազեկ դառնալ գաղութներէն ներս տարուող վարչակազմակերպչական աշխատանքներուն եւ գաղութներու վերակազմակերպան աշխատանքներու գծով փոխանցել իր թելադրութիւնները։   Արդարեւ, Կիրակի, 21 Յունուար 2024-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Ապու Տապի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)։ Տասը օրուան այս այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Հինգշաբթի, 18 Յունուար 2024-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Վատիկանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ՝ Քուրթ Քոխ Կարտինալին հետ եւ քննարկեց միջ-եկեղեցական շարժումին կապուած ընդհանուր հարցեր։ Ապա, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութիւններուն վրայ, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Կաթողիկէ եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ»Ը ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ գումարուած «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի երկօրեայ նիստերը (19-20 Յունիւար 2024) հասան իրենց աւարտին։   Առկայ հարթակը, որ մինչ այժմ ունեցած է առցանց եօթը նիստեր, ներառած էր հայկական առումով ընդլայնուած աշխարհագրութիւն. արդարեւ, Հայաստանէն, Արցախէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, հարաւային Ամերիկայէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն եւ Լիբանանէն պատմաբաններ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ երկօրեայ նիստերով…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ԵՒ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ԹԵՄԱՅՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 19 Յունուար 2024-ի, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վերլուծման Եւ Իրազեկման Հարթակին (Վ.Ի.Հ.) «Հայկական Աշխարհը Եւ Տարածաշրջանային Վերջին Իրադարձութիւնները» խորագրով խորհրդաժողովը։   Երկօրեայ խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Ազրպէյճանի ոչնչացման քաղաքականութիւնը դիմակայելու, արցախահայութեան եւ ռազմագերիներու ու առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան տուն դարձի, տարածաշրջանային քաղաքական իրադարձութիւններու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յաջորդաբար այցելեցին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ Քաթարի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպանուհի Ֆարահ Պըրրի։   Դեսպան Աթաբէկեանի հետ կայացած հանդիպման խօսակցութեան առանցքը դարձան Հայրենիքը դիմագրաւող մարտահրաւէրները, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանը յուզող հարցերը։   Հայրապետը եւ դեսպանուհի Պըրրի անդրադարձան անցնող շաբթուան ընթացքին…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 18 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը կայացաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հանդիպումին Պատրիարքին կողքին ներկայ էին Պէյրութի առաջնորդ Դանիէլ Արք. Քուրիէն եւ Պատրիարքի օգնական Ժոզեֆ Եպս. Պալին. իսկ Հայրապետին կողքին՝ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ «Կիլիկիա» մատենադարանի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԿԸ ԺԱՄԱՆԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ, ԱՐՑԱԽԷՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԷՆ ՓՈՐՁԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Ուրբաթ 19 եւ Շաբաթ 20 Յունուար 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայկական Աշխարհը Եւ Տարածաշրջանային Վերջին Իրադարձութիւնները» թեմայով խորհրդաժողով։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով Անթիլիաս կը ժամանեն Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, հարաւային Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն եւ Զուիցերիայէն պատմագէտներ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Երկուշաբթի, 15 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսին։   Եպիսկոպոսը Ֆրանսիս Պապին եւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի նախագահ քարտինալ Քոխին կողմէ երկու նամակներ յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին։   Նորին Ս. Օծութեան եւ պապական նուիրակին միջեւ կայացած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներ փոխանակելու Լիբանանի կացութեան եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան…

«ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ»ԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ ԸՆԹԵՐՑՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2003 թուականէն սկսեալ իւրաքանչիւր տարին կը ձօնէ մեր համահայկական կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, դէպքի մը, դէմքի մը կամ յոբելեանի մը։ 2024 տարին Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական յատուկ գիրով հռչակեց ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ։ Իւրաքանչիւր տարուան Հայրապետական հռչակագիրը յատուկ հանդիսաւորութեամբ կ՚ընթերցուի մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութիւնը…

ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ 2024

Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍԻ ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն   2024 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրական սիրով, հայրապետական օրհ­նութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժո­ղո­վուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’ողջունենք յատկապէս մեր Թեմակալ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՔԱԹԱՐԻ ՄԷՋ

Պետական հրաւէրով կարճատեւ այցելութեամբ Տոհա (Քաթար) իր կեցութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց դեսպանատուներուն կատարած աշխատանքներուն: Այս այցելութիւնները առիթ հանդիսացան անդրադարձ կատարելու տուեալ երկրին առնչուած հարցերուն:   Ապա, ընդառաջելով Անգլիոյ մօտ Քաթարի դեսպան Ֆահըտ Պըն Աթիէի հրաւէրին, Հայրապետը անոր ճաշի հիւրը եղաւ: Յայտնենք, որ դեսպանը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԱԹԱՐԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 10 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վարչապետարանին մէջ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի վարչապետ Մուհամմէտ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Պըն Ճասէմ Ալ-Սանիի հետ, ներկայութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Քաթարի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Շանթ Վարդանեանի, Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեանի, Ս. Աթոռիս Ազգային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ՔԱԹԱՐ

Երեքշաբթի, 9 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, պետական յատուկ հրաւէրով ժամանեց Տոհա (Քաթար): Նորին Ս. Օծութիւնը օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներուն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանի, Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՔԱԹԱՐ՝
ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐՈՎ

Երեքշաբթի, 9 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Տոհա (Քաթար)՝ պետութեան հրաւէրով: Եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ Քաթարի հայ գաղութին հետ:   Յիշեալ այցելութեան ընթացքին, Նորին Ս. Օծութեան ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Հայկական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿԱԶԱՅԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2023-ին, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Կազայի նուիրուած համագումար մը՝ «Սուրբ Կոյս Մարիամի Արցունքը Եւ Կազայի Աղէտը» խորագրեալ: Այս առիթով, Իրանի Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի տիկինը՝ Ճամիլա Ալմ Ալ-Հուտա, որ միաժամանակ Թեհրանի համալսարանի իսլամական բարոյագիտութեան դասախօս է, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան յատուկ հրաւէրով, իր մասնակցութիւնը բերաւ այս…

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Կիրակի, 7 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռայի Պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին պատրիարքական փոխանորդ Փօլ Արք. Սայյահը, Պատրիարքարանի երիտասարդաց բաժանմունքի պատասխանատու Ճորճ Վրդ. Եարան եւ Պատրիարքարանի տնօրէն Ուալիտ Ղայատը:   Սուրբ ծննդեան շնորհաւորանքին առընթեր, քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցեր: Այս գծով, պատուրիակութիւնը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Ռայի Պատրիարքին…

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ին, հայ եկեղեցին նշեց Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները: Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. Ծննդեան Պատարագը մատոյց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը։   Վեհափառ Հայրապետին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Արեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Ս. Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի»…

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 5 Յունուար 2024-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մատուցուեցաւ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագը։   Ս. Պատարագի աւարտին, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան Ս. Խորանէն վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 5 Յունուար 2024-ին, Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթի այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ:   Բնականաբար, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի հետ անմիջական կապ ունեցող հարցեր եւ յատկապէս Կազայի պատերազմին հետեւանքները ու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:   Վարչապետ Միքաթի կարեւորութեամբ շեշտեց Լիբանանի հայութեան դրական դերակատարութիւնը երկիրը դիմագրաւող տագնապներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 4 Յունուար 2024-ի առաւօտեան, Անթիլիասի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Հերվէ Մակրոն։     Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Իսրայէլի կողմէ Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան առնչուած հարցեր, որոնց շուրջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԲԵԹՂԵՀԷՄԸ ՀՐԱՒէՐ՝ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ     Աստուածաշունչին համաձայն, Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, որովհետեւ անհնազանդ գտնուեցան Աստուծոյ պատուէրին, դաւաճանեցին իրենց կոչումին, եղծեցին իրենց Աստուածային պատկերը եւ աքսորուեցան դրախտէն: Մարդուն դրախտէն արտաքսումը, որոշ իմաստով, պայմանաւորեց Աստուածային յայտնութեան շեշտաւորումը եւ ուղղութիւնը: Այլ խօսքով, հակառակ մարդու մեղանչումին, Աստուած չհեռացաւ մարդէն: Աստուծոյ յայտնութեան աղբիւրը, Աստուածաշունչը կը պարզէ, թէ զանազան դէպքերու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ 2024 ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԱՄՈՒՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՒՈՐԵՆՔ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ   Շուտով 2023 տարին կը դառնայ անցեալ ու մեր կեանքի հորիզոնին դիմաց կը բացուի Նոր Տարին: Արդարեւ, ահաւոր յուսահատութեամբ ու խոր յուսախաբութեամբ լեցուն եղաւ անցնող տարին մեր ազգի կեանքին մէջ: Կ՚ապրինք աննախատեսելի վտանգներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Կը խարխափենք անորոշութեան մէջ: Մեր պատմութեան անցեալի ու ներկայի դառն…

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ Կ՚ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ժընեւի եւ Երուսաղէմէն ներս գտնուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) պատասխանատուներուն ճամբով, մօտէն կը հետեւի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին շուրջ ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան։   Ինչպէս Պատրիարքարանին կողմէ հրապարակուած եւ ստորեւ կցուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, շուրջ 30 անձերէ բաղկացած խումբ մը անծանօթ մարդիկ յարձակում գործած են Պատրիարքարանի միաբանութեան ու պաշտօնէութեան վրայ, իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

  Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2023-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ապս, ընկերակցութեամբ օգնական ընդհանուր քարտուղար Սեդա Խըտըշեանի, Խորհուրդին աստուածաբանական բաժանմունքի պատասխանատու հայր դոկտ. Անթուան Ալ-Ահմարի եւ Յունուար 2024-ին կայանալիք երգչախմբային համերգի համադրող Մարք Մըրհըճի։     Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին ներկայացնել Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին յիսնամեակի տօնակատարութեանց առնչուած ծրագիրները եւ…

2024-Ի ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյսին ընծայուեցաւ 2024 տարուան եկեղեցական գրպանի օրացոյցը։   Օրացոյցը եկեղեցւոյ յարկին ներքեւ գործածուող փոքրագոյն գրքոյկն է եւ «եկեղեցական օրացոյց» անուանակոչուած է, որովհետեւ կը բովանդակէ մեր եկեղեցւոյ տօները եւ ամէնօրեայ հոգեպարար արարողութիւններու ընթացքին երգուելիք շարականները, Ս. Գիրքի ընթերցուածները, սաղմոսներն ու աղօթքները եւ ծիսական այլ մանրամասնութիւններ։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Արժանթինի նորանշանակ դեսպան Մարիա Վըրճինիան։   Նկատի ունենալով, որ դեսպանուհիին առաջին այցելութիւնն է Կաթողիկոսարան, Հայրապետը համապարփակ կերպով պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը։   Հանդիպման քննարկումները ընդհանրապէս կեդրոնացան Լիբանանի քաղաքական կացութեան, շուտափոյթ նախագահական ընտրութեան կարեւորութեան, համայնքներու միջեւ համախոհութեան եւ…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ԲԱՆ ԽՐԱՏՈՒ ՎԱՍՆ ՈՒՂԻՂ ՀԱՒԱՏՈՅ ԵՒ ՄԱՔՈՒՐ ՎԱՐՈՒՑ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ» ԳԻՐՔԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի եւ Երեւանի «Անկյունաքար» հրատարակչատուներէն լոյս տեսած է Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի աշխատութիւնը՝ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի Բան Խրատու Վասն Ուղիղ Հաւատոյ եւ Մաքուր Վարուց Առաքինութեան» —  «Խրատ Ուղիղ Հաւատքի եւ Առաքինի Մաքուր Վարքի» — “St. Gregory of Narek Instruction on the Orthodox Faith and Virtuous and Pure Life” վերնագրով։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ

17 Դեկտեմբեր 2023-ին, Մոնթրէալի (Գանատա) մէջ ի տէր հանգաւ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, մեր ժողովուրդի զաւակներուն երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելէ ետք։   Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի Տան Կարգն ու Վերջին Օծումը կատարուեցաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ, 21 Դեկտեմբեր 2023-ին, օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ նախագահութեամբ ու ձեռամբ Գանատայի Հայոց Թեմի…

ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏԵԱԼՆԵՐՈՒ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց յատուկ խնամքի կարօտ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները, գլխաւորութեամբ կեդրոնի տնօրէնուհի Վարդինէ Օհանեանի։   Մայրավանք ժամանելով՝ աշակերտները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հակիրճ աղօթքի պահ ունեցան եւ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Ապա, Կաթողիկոսարանի պարտէզին մէջ անոնք մտերմիկ հանդիպում ունեցան…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ՏՕՆԸ

Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին յիշատակը նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2023-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, մինչ Ս. Սեղանի սպասարկութիւնը կատարեց Դպրեվանքի սարկաւագաց դասը։ Ս.…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ՕՐԴ. ԱՆԱՀԻՏ ԹԷՕՔՄԷՃԵԱՆԸ

Առնուած՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան կայքէջէն   Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տնօրինումով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով Գամիշլիի մէջ պարգեւատրեց Օրդ. Անահիտ Թէօքմէճեանը, իր երկար տարիներու ազգանուէր ծառայութեան համար, Գամիշլիի փոխանորդարանի դահլիճէն ներս:   Շքանշանի տուչութեան Սրբազան…

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, տօնական օրերու հայրական այցելութիւներու շարքին, կ՚այցելէ նաեւ «Թռչնոց Բոյն»ի փոքրիկներուն եւ տօնակից կը դառնայ անոնց մանկական խնդութեանց։ Առ այդ, Երեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2023-ին, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբաններու, Հայրապետը «Թռչնոց Բոյն»ի թռչնիկներուն կողմէն սիրալիր ընդունելութիւն ստացաւ եւ հաճելի ժամանակ անցուց՝ շրջապատուած տօնական մթնոլորտով։   Մտերմիկ հանդիպման պահուն, փոքրիկները Նորին Սրբութեան հրամցուցին ամանորեայ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇԻԻԹ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏ ՇԷՅԽ ԱԼԻ ԱԼ-ԽԱԹԻՊ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

«ՄԵՆՔ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ԵՆՔ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԵՆՔ» ՇԷՅԽ ԱԼԻ ԱԼ-ԽԱԹԻՊ Լիբանանի Շիիթ համայնքի հոգեւոր պետ     Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2023-ին, աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Լիբանանի շիիթ համայնքի հոգեւոր պետ Շէյխ Ալի Ալ-Խաթիպի միջեւ:   Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետի կողքին ներկայ էին Յունաստանի Հայոց…

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ Տ. ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆԻ

Հոգելոյս Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանը ծնած է 21 Յունիս 1939 թուականին, Հալէպ (Սուրիա)։ Աւազանի անունն է Աբրահամ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգային Ուսումնասիրաց եւ Հայկազեան վարժարաններուն մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 8 Հոկտեմբեր 1954-ին։   Աւարտելով Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, սարկաւագ ձեռնադրուած է 22 Յունիս 1959-ին, ձեռամբ Ճէզիրէի (Սուրիա) Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ՑԱՒԱԿՑԻ ՔՈՒԷՅԹԻ ԷՄԻՐԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Անցնող օրերուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր յղեց Քուէյթի Էմիր Շէյխ Մըշաալ Ալ-Ահմատ Ալ-Ճապեր Ալ-Սապահին՝ Էմիր Շէյխ Նաուուաֆ Ալ-Ահմատ Ալ-Ճապեր Ալ-Սապահի մահուան տխուր առիթով։   Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս եւ Քուէյթի հայ համայնքին անունով յղած իր ցաւակցագիրին մէջ նշած է, թէ ողբացեալ Էմիրին բացակայութեամբ, Քուէյթը եւ արաբական աշխարհը կորսնցուցին իմաստուն իշխան մը, որ խաղաղութեան եւ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՇՆՈՐՀԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին հայրական այցելութեանց ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելութիւն շնորհեց Ազգային Ծերանոցին, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թէրզեանի, խնամակալութեան, տիկնաց յանձնախումբին եւ մեծ հայրերու ու մայրերու կողմէ։   Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, պատուելի Թէրզեանը ողջունեց Հայրապետին ներկայութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, նոր տարուան եւ մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, իր Հայրապետական այցելութիւնը շնորհեց Ազունիէի Ազգային Բուժարանին։ Հայրապետը բուժարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Տաճատ Սրապեանի, խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի եւ խնամակալութեան յանձնախումբի անդամներուն կողմէ։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն իրազեկ…

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆԻ

ՀԱՆԳԻՍՏ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն՝   Տ. ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆի (1939-2023)   վախճանումը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Մոնթրէալի (Գանատա) մէջ։   ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութենէն (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) խումբ մը, յատկապէս՝ նոր անդամները, եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց։ Անոնք Հայրապետին այցելութեան եկած էին միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի գլխաւորութեամբ։   Յաւուր պատշաճի խօսք արտասանեց հոգեւոր խորհրդատու հայր սուրբը։ Իր խօսքին…

Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ԵՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՏՕՆԱԾԱՌԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ նախատօնակը հայ եկեղեցւոյ ժողովրդային սուրբերէն՝ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, ինչպէս նաեւ Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին։   Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին բարձրացան սուրբերուն յիշատակը օրհներգող շարականներ ու աղօթասացութիւններ։ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Յակոբ…

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

Աղբիւր՝ www.armeniancatholic.org   Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը այցելեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, ընկերակցութեամբ Գերշ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանի եւ Միջին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկումի ենթարկելու Արցախի բռնագրաւումէն ետք ստեղծուած կացութիւնը, Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակը եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց առնչուած խնդիրները ու մտահոգութիւնները։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ

Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Լիբանանի վարիչ մարմինը, առաջնորդութեամբ մարմինի ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի: Վերջինս Հայրապետին ուրախութեամբ յայտնեց, որ անցնող տարիներուն կուսակցութեան կեանքէն ներս յառաջացած բաժանումները վերջ գտած են: Իր խօսքին մէջ ան յիշեցուց, որ Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի առիթներով շեշտած է կուսակցութեան ներքին միասնականութիւնը ամուր պահելու եւ միջ-կուսակցական գործակցութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր եւ Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը Վատիկանի մէջ հետեւեալ պաշտօնական հանդիպումները ունեցաւ.-   ա) Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, սրբազան հայրը ընդունուեցաւ Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին կողմէ եւ Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները փոխանցելէ ու պատշաճ խօսք մը արտասանելէ ետք, Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց իր…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2023-ին, Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի նոր վարչութիւնն ու երիտասարդական խորհուրդը իրենց առաջին հանդիպումը ունեցան Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին հետ եւ ստացան անոր Հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնն ու թելադրութիւնը։ Վարչութիւնն ու խորհուրդը կը գլխաւորէր երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանը։   Հանդիպման ընթացքին խմբավար հայր սուրբը Հայրապետին ուղղած…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ ԱՌՑԱՆՑ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու հինգերորդ առցանց նիստը կայացաւ:   Վեհափառ Հայրապետին հրաւիրած եւ նախագահած նիստին մասնակցեցան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանը, դոկտ. Արմէն Մարուքեանը, փրոֆ. Վահրամ Բալայեանը, դոկտ. Վիգէն Չըթըրեանը, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը, Շահան Գանտահարեանը եւ քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեանը:   Օրակարգի առաջին կէտով Նորին…