6 Նոյեմբերի, 2014

«ՄԵՆՔ ԳԱՂՈՒԹԷՆ ՀԵՌԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՄՏԱՀՈԳ ՉԵՆՔ, ԲԱՅՑ ՄՆԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՀՊԱՐՏ ԵՆՔ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Իրան կատարած իր Հովուապետական այցելութեան վերջին երեկոյեան, Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ին, Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդը ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Սոյն ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները, Թեմական Խորհուրդի անդամները, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի զոյգ հայ պատգամաւորները, միութիւններու պատասխանատուներն ու բարերարները:

Բացման խօսքը կատարեց Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Եդուարդ Բաբախանեանը: Յաջորդաբար խօսք առին նաեւ այլ ազգայիններ, որոնք բոլորն ալ կարեւորութեամբ շեշտեցին Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր ու ժողովուրդին կեանքը ծաղկազարդող այցը Իրանի հայութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ունեցած առանցքային դերը հայ ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու պահպանման մէջ: Անոնք նաեւ անդրադարձան Նորին Սրբութեան վերջին քանի մը ամիսներուն միջազգային բեմերուն վրայ կատարած գործունէութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքի ներկայ անցուդարձերուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերուն գծով: Ապա, Իրանի հայոց երեք թեմերուն անունով խօսք առաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, որ երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին իրանահայութեան հանդէպ իր տածած սիրոյն ու գուրգուրանքին համար: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց Իրանի երեք թեմերուն միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքներուն գծով:

Իր եզրափակիչ պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտելով Անթիլիասի կարեւորութիւնը ըսաւ. «Անթիլիասը կը պատկանի մեր ժողովուրդին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռը այսօր առաւել քան երբեք լծուած է համահայկական գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, մեր դատին եւ մեր մշակոյթին ծառայելու»:

Վերջին քանի մը ամիսներուն իր կատարած այցելութիւններուն գծով Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար միշտ առաջնահերթութիւն եղած է ու կը մնայ Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերուն ու ձգտումներուն իրականացումը: Եզրափակելով իր խօսքը Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ արտագաղթի յոռի երեւոյթին, որ վերջին տարիներուն սկսած էր արագօրէն թափանցել իրանահայ գաղութէն ներս: Ան ըսաւ. «Մենք գաղութէն հեռացողներով մտահոգ չենք, բայց մնացողներով հպարտ ենք»:

Խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Տիար Հենօ Տէր Ղուկասեանը, որ նիւթապէս սատար հանդիսացած էր Ս. Աստուածածին վանքի շինարարական ծրագիրներուն:

More News