5 November, 2014

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

2-5 Նոյեմբեր 2014, Ամըրսֆուրթի մէջ (Հոլանտա), Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Եկեղեցական Ընտանիքներու Ընդհանուր Քարտուղարներու ժողովը, որուն մասնակցեցան երեսուն հոգեւորական եւ աշխարհական աստուածաբաններ։

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին ատենապետութիւնը վարեց Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան՝ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի Հայոց։

Ժողովին կարդացած իր զեկոյցին մէջ, Նարեկ Սրբազան ներկայացուց Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիքին եւ յատկապէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէկ տարուան միջ-եկեղեցական գործունէութիւնը, մասնաւորաբար ծանրանալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ու Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութեան վրայ։

More News