3 November, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻՆ

Ընկերակցութեամբ Իրանի երեք թեմակալ առաջնորդ սրբազաններուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ին, այցելեց Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի կեդրոնը, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ «Ալիք»-ի խմբագրութեան, Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն կողմէ: Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Գեւիկ Մկրտչեանը, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան հայ կեանքէն ներս, յատկապէս Հայ Դատի աշխատանքներուն գծով: Ապա, խօսք առնելով «Ալիք»-ի խմբագրապետ Դերենիկ Մելիքեանը, ընդգծեց «Ալիք» օրաթերթին կատարած դերը իրանահայութեան կեանքէն ներս: Թեհրանի Հայոց Առաջնորդը իր կարգին խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բերած կարեւոր նպաստին Հայոց Ցեղասպանութեան աշխատանքներուն:

Վեհափառ Հայրապետը նախ իր գնահատանքը յայտնեց «Ալիք»-ի պատասխանատուներուն, «Ալիք»-ը նկատելով մեծ ընտանիք մը, որուն ճամբով կարեւոր աշխատանք ծաւալած է ու կը շարունակուի ծաւալիլ իրանահայութեան կեանքէն ներս: Նորին Սրբութիւնը նաեւ լայնօրէն անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդման ծիրէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարած աշխատանքին: Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեց Երեւանի մէջ վերջերս Հայաստան-Սփիւռք հինգերորդ համագումարի իր պատգամին մէջ, Հայ Դատի ուղղութեամբ իր կատարած կարգ մը մատնանշումները, յատկապէս շեշտելով, որ ժամանակը հասած է Հայ Դատը իրաւական դաշտ փոխադրելու:

Ապա «Ալիք»-ի ընտանիքը ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին:

More News