2 Նոյեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹԵՀՐԱՆԻ «ՍԱՍՈՒՆ» ԹԱՂԱՄԱՍԸ ԵՒ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Թեհրանի «Սասուն» թաղամասի ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը: Դպրաց դասի ու հոգեւորականներու թափօրով Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդուեցաւ Ս. Թարգմանչաց եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական աղօթք: Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով, յանուն շրջանի ժողովուրդին ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութիւնը: Ան ըսաւ, թէ մեր ժողովուրդին համար անհուն ուրախութիւն է ոչ միայն տեսնել իր հովուապետը, այլ նաեւ լսել անոր հայրական պատգամը եւ ստանալ անոր օրհնութիւնը:

Իր Հայրապետական պատգամին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս նախ ըսաւ, որ մեր ժողովուրդի զաւակները միշտ պէտք է լեցնեն եկեղեցին, որպէսզի իրենք եկեղեցւոյ ճամբով լեցուին մեր հոգեւոր արժէքներով ու աւանդութիւններով: «Եկեղեցին հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին ճակատագրական դեր կատարած է: Ան եղած է մեր ժողովուրդի փրկութեան լաստը պատմութեան փոթորիկներուն մէջ. եղած է մեր մշակութային արժէքներու պահապանը ու ստեղծարարը. եղած է մեր ազգային ձգտումներու խոյանքներուն աղբիւրը: Այսօր ալ, եկեղեցին այսպէս է իր կեանքով ու առաքելութեամբ: Հետեւաբար, եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցութեամբ մենք կ’ամրապնդենք մեր քրիստոնէական ու ազգային պատկանելիութիւնը»:

Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն ետք տեղի ունցաւ աջահամբոյր ու ապա հիւրասիրութիւն: Հիւրասիրութեան ներկայ եղան շրջանի պատասխանատու մարմինները: Գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուեցաւ, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը ուղղեց «Սասուն» թաղամասի պատասխանատու մարմիններուն:

Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Րաֆֆի» միութեան կեդրոնը եւ մօտէն ծանօթ դարձաւ յիշեալ միութեան գործունէութեան: Ապա, ան իր շքախումբով ներկայ գտնուեցաւ «Սիփան» միութեան կազմակերպած մշակոյթի երեկոյին, ուր Հայաստանէն ժամանած «Բերդ» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ: Ելոյթի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը յայտնեց «Սիփան» միութեան, Թեհրանի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն, ինչպէս նաեւ «Բերդ» պարախումբին:

More News