1 November, 2014

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ 85-ԱՄԵԱՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ   85-ԱՄԵԱՅ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՈՒՆԿՆԴԻՐ

Հայեացքդ կանգ կ’առնէ անցեալի սեւաշուք ստուերներէն մերկացած քարերուն սպիտակ փսփսուքներուն վրայ, կ’անսաս «Խորհէ՛ եւ մտիր» քաղցր հրաւէրին, կը փորձես որսալ ներքին լոյսը հասարակ քարին տասնամեակներ շարունակ շունչ, ոգի եւ թռիչք պարգեւած խորհուրդին, վերանալ ու նոյնանալ այս քարեղէն շարականին կշռոյթներէն անհունացած հայուն հաւատքին արշալոյսին հետ եւ, ո՜վ զարմանք զարմանալի, յանկարծ կ’անդրադառնաս, որ Դպրեվանքը ժուժկալ ու ներամփոփ, թէկուզ հմայիչ պարզ կառոյց մը չէ, ուր դպրեվանեցիները կ’ապրին, այլ հաւատքի լուսակերտ տաճար մը, որուն իւրաքանչիւր քարը տարիներ շարունակ ապրած է մէն մի դպրեվանեցիի սրտին խորը, կ’ապրի այսօր նաեւ եւ վաղը, անկասկած, նոյն երկիւղածութեամբ ու միեւնոյն զօրութեամբ պիտի շարունակէ իր կեանքը: Յար եւ նման յաւերժական արժէքներուն` Դպրեվանքը նախ եւ առաջ նոյնինքն կեանքն ու կեանքէն վեր բարձրացող կենարար աւիշ է հաւատքի եւ կնդրուկ ու լոյս համեստութեան, բայց եւ քերական հաւատարմութեան ու քաղցրահնչիւն ղօղանջ անմնացորդ նուիրումի:

 

Դպրեվանքը, ինչպէս հայ ժողովուրդի գոյերթը ուղենշած մեր բոլոր դպրեվանքերը, Տաթեւի համալսարանէն մինչեւ Հաղբատ ու Սանահին, Գանձասարի եւ Ամարասի դպրատուներէն մինչեւ Հռոմկլա ու Վարագայ վանք, Պիքֆայայի բարձունքն ի վեր արթուն հսկող Դպրեվանքը նաեւ հոգեւոր հայրենիքն է հայուն եւ անշեղ կողմնացոյցը անոր նպատակասլաց գոյերթին: Պարզ ըսած` անցեալի պատմակերտ դասերուն եւ ներկայի նոյնքան ուսանելի փորձառութիւններուն լոյսով ապագան ընթերցելու ե՛ւ հրաւէր է, ե՛ւ ուղեցոյց, ե՛ւ ծառայական առաքելութիւն: Աւելի ճիշդ` «Տաճար հրաշագործ, վսեմ ձուլարան, ուր կապարն յոսկի եւ նիւթն յոգի դառնան»:

 

Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին իւրայատուկ հմայք ու խորհուրդ պարգեւող 85-ամեայ Դպրեվանքը, այս իսկ պատճառով, ո՛չ միայն «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բաբախուն սիրտն է», ինչպէս արդարօրէն ըսած են ու կը շարունակեն կրկնել, այլեւ` մէկ լուսաշառայլ փարոսը հայուն դարաւոր հաւատքին ու պերճախօս վկայութիւններէն մին Թորգոմեան տոհմի անսակարկ հաւատարմութեան: Հաւատարմութիւն` որ սերունդ առ սերունդ ծովանալով տասնամեակներ շարունակ մուտք գործեց մեր տուներէն ներս, հասաւ հայ տարագիր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, եղաւ յուշարար հայրենական գանձերու եւ պատարագիչ` քրիստոնէութեան համամարդկային սրբութիւններու:

 

Անցեալը` ներկային եւ ներկան` ապագայի բացարձակ ժամանակին մէջ կենսաւորած իւրայատուկ դարբնոց մը եղաւ Դպրեվանքը, որուն գուրգուրանքին յանձնուած մատղաշ որդիները ցեղին, հաւատքի սալին վրայ կոփուելով` նկարագիր ու դիմագիծ կազմեցին, պողպատացան բարոյական ու հոգեմտաւոր հայատրոփ զօրութեամբ, լիացան հայաստանաբոյր արժէքներով եւ իրենց ստացած գիտութիւնն ու հայեցի ոգին, դաստիարակութիւնն ու տեսլականները վերադարձուցին իրենց ժողովուրդին` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանաւոր աւանդապահներ: Տարին Դպրեվանքը իրենց հետ` իբրեւ կոչում եւ առաքելութիւն, որպէս տանտէր ու ծառայ տարին մինչեւ հեռաւորագոյն հայագաղութները աշխարհի եւ արդարօրէն եղան մանրակերտ դպրեվանքեր:

 

Եւ որովհետեւ խնկարկեցին հայ եկեղեցւոյ ու դպրութեան, հայ ոգիին ու մեզ մեզացուցած մեր եկեղեցաշէն ու հայրենաշէն սուրբերուն օրհներգած սրբութիւններուն, մարդկային վեհ արժէքներուն ու մարդը Աստուծոյ մօտեցնող քրիստոսաւանդ վարդապետութիւններուն, Դպրեվանքը մարմնաւորած քարը եղաւ հաց, եղաւ գինի, իսկ քարին անտեսանելի սրտէն արթնցող լոյսը եղաւ յաւերժափայլ ուխտագնացութիւն եւ բացաւ դռները «հողին տակէն դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբաներ»ուն Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ:

 

Ահա թէ ինչու, Ս. Աստուածածնայ մատրան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին միջեւ ամէն առաւօտ ա՛լ աւելի երիտասարդացող 85-ամեայ Դպրեվանքը միայն քար ու շէնք չէ, պարզ թուական ու պատմութիւն չէ: Ան մէկ պերճախօս վկայութիւնն ու վկայաբերն է հայուն դարաւոր հաւատքին, հաւատարմութեան ու ծառայական ուխտին, որ չունի սահման եւ ոչ ալ վախճանակէտ: Ան անձնուէր եւ ամբողջական ծառայութեան հրաւէր է սրբազան, որուն կոչին ունկնդիր նորահաս սերունդներ պիտի շարունակեն յաջորդել իրարու, որպէսզի Դպրեվանքին վրայ իրենց աչքի լոյսէն աւելի գուրգուրացած երանաշնորհ հիմնադիրները ցնծան իրենց երկնային խաղաղութեան մէջ, իսկ իրենց հայեացքները վարդահեղեղ ապագային սեւեռած պահանջատէր հայորդիներուն սրտերը հաւատքին ու վճռականութեան օրհնեալ կրակով վահանուին, հայ ժողովուրդի յաղթագնաց գոյերթը շարունակուի աւելի հաստատաքայլ, ա՛լ աւելի նպատակասլաց եւ Դպրեվանքի զոյգ պահակներուն ողջագուրումը թագադրուի արդարութեան աստուածապարգեւ ծիածանով:

 

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

 

More News