28 Հոկտեմբերի, 2014

«ՈՐՊԷՍ ԱՆՁ ԿԱՄ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԳՏՆՈՒԻՆՔ ՄԵՐ ԿՐԱԾ ԱՆՈՒՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄԻՆ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Շուրջ երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանին մէջ, տեղի ունեցաւ նոյն մարզաւանին հիմնարկութեան 70-ամեակի տօնախմբութիւնը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Ներկայ էին Թեհրանի, Սպահանի եւ Ատրպատականի առաջնորդ սրբազանները, Հայաստանի ու Ռուսիոյ դեսպանները, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարուհին եւ զանազան կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները:

Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիսութեան ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին «Արարատ» միութեան ատենապետը, Սեպուհ Սրբազանը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետները եւ Սփիւռքի նախարարը, որոնք բոլորն ալ շեշտեցին միութեան բերած կարեւոր նպաստը իրանահայ կեանքին: Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ այն նշանակալից դերը, որ ունեցած է «Արարատ» միութիւնը, յատկապէս գաղութի մշակութային կեանքէն ներս եւ կոչ ուղղեց միութեան, առաւել խանդով շարունակելու իր առաքելութիւնը:

Իր Հայրապետական պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ մեր ժողովուրդի գեղեցիկ աւանդութեան, որով մեր պատմութեան առնչուած անձերու, դէպքերու, տեղանուններու անուններով յաճախ կը մկրտենք միութիւններ, թաղամասեր կամ անձեր: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ սոսկ սովորութիւն պէտք չէ դառնայ այս, այլ որպէս անձ կամ կազմակերպութիւն, պէտք է հաւատարիմ գտնուինք մեր կրած անունի խորհուրդին ու պատգամին: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ «Արարատ» անունին: «Արարատը սոսկ լեռ չէ մեր ժողովուրդին համար: Ան մեր հաւատքին, վճռակամութեան, յոյսին ու տեսիլքին խոյանքն է դէպի երկինք: Կարելի չէ հայութիւնն ու Հայաստանը հասկնալ առանց Արարատին: Այսօր գերեվարուած է Արարատը ցեղասպան թուրքին կողմէ. սակայն ան հայութեան կը պատկանի: Այս գիտակցութեամբ պէտք է ապրի ու պայքարի իւրաքանչիւր հայ»:

Անդրադառնալով Իրանի հայութեան հիմնած «Արարատ» միութեան, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Եօթանասուն տարիներ «Արարատ» միութիւնը, Իրանի հայութեան կեանքէն ներս, Արարատը ապրեցաւ ու ապրեցուց որպէս ոգի, հաւատք ու տեսիլք: Այսօր ան պէտք է վերանորոգէ իր ուխտը, նոյն յանձնառութեամբ շարունակելու իր արարատեան առաքելութիւնը»:
Գեղարուեստական հարուստ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն «Արարատ» մարզաւանի սրահին մէջ: Յայտնենք, որ նոյն օրը Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց եւ ճաշի հիւրը եղաւ Իրանի մօտ Ռուսիոյ հայազգի դեսպան Լեւոն Ճաղարեանը: Նեկայ էին նաեւ Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները:

More News