27 Հոկտեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին, ինչպէս նաեւ Սպահանի ու Ատրպատականի առաջնորդներուն, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ դեսպանին՝ մեծարգոյ Պրն. Գրիգոր Առաքելեանին եւ անձնակազմին կողմէ: Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանը:

Առաջին հերթին խօսք առաւ դեսպանը եւ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր ներկայութիւնը դեսպանատունէն ներս: Խօսք առաւ նաեւ Թեհրանի Առաջնորդ Սրբազանը, որ իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց, թէ հակառակ Նորին Սրբութեան ունեցած խճողուած ծրագիրին, ուզեց անպայման այցելել Հայաստանի դեսպանատուն, իր սէրն ու գնահատանքը յայտնելու դեսպանին ու իր անձնակազմին: Վերջապէս, Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանը նաեւ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը, զայն նկատելով գօտեպնդիչ ու առաջնորդող: Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, նախարարը շեշտեց Վեհափառ Հայրապետին ունեցած կարեւոր ներդրումը 100-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ դեսպանատունը ո՛չ միայն կը ներկայացնէ Հայաստանը, այլ՝ Հայաստանն իսկ է արտաքին աշխարհին մէջ. հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ հարկ է իւրաքանչիւր հայ համայնք մօտենայ դեսպանատան եւ իր կարելին ընէ օգտակար հանդիսանալու անոր: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Իրանի հայութեան եւ դեսպանատան միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութիւնը: Ան յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ իր թեմերը միշտ պիտի շարունակեն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերել Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման աշխատանքներուն, թէ՛ դեսպանատուներու ճամբով եւ թէ՛ ուղղակիօրէն, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի անկախութեան առաւել ամրապնդման: Խօսքերու փոխանակումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

More News