23 Հոկտեմբերի, 2014

«ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՄԵՐ ԱԶԳԻ ՉՈՐՍ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ՝ ԵԿԵՂԵՑԻ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՄՇԱԿՈՅԹ ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ            

Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2014-ին, դարձեալ պատմական օր մը եղաւ Նոր Ջուղայի հայութեան համար: Արդարեւ, որպէս եզրափակիչ հանդիսութիւն, երեք օրերու վրայ տարածուած կրօնական, մշակութային ու ազգային շարք մը ձեռնարկներուն՝ նուիրուած Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի հիմնադրութեան 350-ամեակին, Նոր Ջուղայի Արարատ Միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն, բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հանդիսութեան նաեւ ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ մեծարգոյ Պրն. Յովիկ Աբրահամեանը եօթը նախարարներով, Սպահանի Առաջնորդ Սրբազանը, Թեհրանի ու Ատրպատականի առաջնորդ սրբազանները, թեմական իշխանութիւններն ու զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

 

Հանդիսականներուն ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, բաղկացած երգչախմբային ելոյթներէ, պարերէ, մեներգներէ ու ասմունքներէ: Նոր Ջուղայի վանքին հիմնադրութեան 350-ամեակը պատմական ենթահողին վրայ, ներկայացուց Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Նոյէլ Մինասեանը: Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, որ իր գնահատանքը յայտնեց 400 տարիներ շարունակ իր հայութիւնը պահած ու մշակութային արժէքներ ստեղծած ու պաշտպանած Նոր Ջուղայի հայութեան: Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան, իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց Նոր Ջուղայի հայութեան, առաւել հաւատքով ու նուիրումով շարունակել մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան նուիրուած իրենց պապերու առաքելութիւնը:

 

Օրուան խորհուրդին պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոս, նախ յիշեցնելով, թէ՝ «ազգեր կ’ապրին, կը գոյատեւեն ու կը յաւերժանան սրբազան արժէքներով եւ իրենց կեանքը կը լիցքաւորեն ու կը հունաւորեն այդ արժէքներով»: Խօսելով հայ ժողովուրդին մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Այսօր իւրաքանչիւր հայ իր կեանքին դիմաց ունի չորս սրբազան արժէքներ, որոնք կ’իմաստաւորեն ու կ’ուղղեն իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ ազգին կեանքը: Այդ արժէքներն են՝ եկեղեցի, հայրենիք, մշակոյթ ու պահանջատիրութիւն»: Ապա, Նորին Սրբութիւնը իւրաքանչիւր արժէքին անդրադարձաւ շեշտելով անոր իւրայատուկ տեղը մեր ազգային կեանքէն ներս: Յատկապէս պահանջատիրութիւնը լուսարձակի տակ առնելով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ինչ որ ալ ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները, ուր որ ալ գտնուինք, որքան որ տարիները մեզ հեռացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թուականէն, մենք պիտի մնանք պահանջատէր: Ճիշդ է, Հայաստանը որպէս պետութիւն տարբեր ոճով ու շեշտով կը մօտենայ մեր պահանջատիրութեան. իսկ Սփիւռքը՝ տարբեր: Սակայն խորքը ու նպատակը նոյնն է ու նոյնը պէտք է ըլլայ: Ես մեր ժողովուրդին սրտի թարգմանը ըլլալով կ’ըսեմ. մենք չենք կրնար մոռնալ մեր նահատակներուն նուիրական կտակը, մեր ազգին բռնաբարուած իրաւունքները. ցեղասպանը ու միջազգային համայնքը պէտք է միշտ իմանայ, որ մեր ազգը պիտի շարունակէ անտեղիտալիօրէն պահանջել իր բռնաբարուած իրաւունքները»:

 

Հանդիսութենէն առաջ Վեհափառ Հայրապետն ու վարչապետը ընթրիքի հիւրերը եղան Սպահանի նահանգապետին: Ընթրիքի աւարտին նահանգապետը յատուկ նուէրներ յանձնեց Նորին Սրբութեան ու վարչապետին: Ապա, անոնք ուղղուեցան Ս. Ամենափրկիչ վանք եւ շրջագայեցան վանքի մատենադարանն ու թանգարանը եւ հիացումով դիտեցին եզակի որմնանկարներով հարուստ Ս. Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցին:

More News