19 Հոկտեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԹԵՀՐԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Շաբաթ, 18 Հոկտեմեր 2014-ի առաւօտուն, Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ թեմի կանանց բոլոր միութիւններուն հետ: Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց տիկնանց միութիւններուն եւ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը նկատեց օրհնաբեր: Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ միասնական աշխատանքի կարեւորութեան, զորս կը նպաստէ ընկերութեան կեանքի համերաշխութեան, զարգացման ու բարգաւաճման: Ապա, Նորին Սրբութիւնը 2013 տարին «Հայ Կնոջ Տարի» իր հռչակումէն մեկնելով, անգամ մը եւս շեշտեց հայ կնոջ առանցքային դերը մշակութային, հոգեւոր, ազգային, կրօնական ու քաղաքական բնագաւառներէն ներս: Հանդիպումէն ետք կանանց միութիւնները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը:

Նոյն օրը կէսօրին, Արամ Ա. Կաթողիկոս տեսակցութիւն ունեցաւ Իրանի Միջ-կրօնական ու Մշակութային Յարաբերութեանց Կեդրոնի տնօրէնին ու անոր հինգ օգնականներուն հետ: Հանդիպման ներկայ եղան Առաջնորդ Սրբազանն ու թեմական խորհուրդի անդամները: Կեդրոնի տնօրէնն ու անոր օգնականները բարի գալուստ մաղթեցին Վեհափառ Հայրապետին Իրան կատարած այցելութեան առիթով եւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ, 15 տարի առաջ սկսած եւ շարունակուող, երկխօսութեան համար: Անոնք շեշտեցին յիշեալ բաժանմունքի երկխօսութեան զարգացման: Նորին Սրբութիւնը իր կարգին կարեւորութեամբ շեշտեց համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ կրօններու միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ընկերութիւնը յուզող տագնապներն ու մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու հրամայականը: Յայտնենք, որ Սեպուհ Սրբազանը մեծապէս կ’աջակցի բաժանմունքի աշխատանքներուն:

Դէպի Նոր Ջուղայ ուղեւորութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի եւ Թեմական Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, այցելեցին Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան հիմնադիրին՝ Այաթոլլահ Խումէյնիի դամբարանը, ուր իրենց յարգանքը մատուցելով ծաղկեպսակ զետեղեցին:

More News