5 October, 2014

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ 85-ԱՄԵԱՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտը, նոր յոյսով, ոգեւորութեամբ եւ խանդով պարուրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ուսանողութիւնը: Արդարեւ, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, միաբանութեան, Դպրեվանքի տեսչութեան, ուսուցիչներուն, աշակերտութեան, ծնողներուն ու ներկայ ժողովուրդին ներկայութեան, պաշտօնական բացումը կատարեց Դպրեվանքի 85-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանին:

 

            Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով սփիւռքացած մեր գաղութներու կեանքին մէջ, Դպրեվանքը իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ ու այսօր կը շարունակէ ունենալ: Մենք քիչ կը խօսինք Դպրեվանքի դերակատարութեան մասին, որովհետեւ կը հաւատանք գործին. մենք քիչ կ’արտայայտուինք Դպրեվանքի առաքելութեան մասին, որովհետեւ մեզի համար էականը նպատակն է. մենք լուսարձակի տակ չենք բերեր Դպրեվանքի մէջ կատարուող մարդակերտումի աշխատանքը, որովհետեւ մեզի համար այդ աշխատանքին արդիւնքը յստակ է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը առաքելութիւն է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ծառայութիւն է. Դպրեվանքը այդ առաքելութեան ու ծառայութեան նոր արիւն կը ներարկէ: Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 85-ամեայ Դպրեվանքը իր ծառայութիւնը պիտի շարունակէ վերանորոգ յանձնառութեամբ»:

 

            Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով մեր իրականութեան մէջ տիրող մարդուժի կարիքներուն, ըսաւ. «Այսօր մեր ազգը նահանջի մէջ է բոլոր մակարդակներու վրայ, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Ամենուրէք կարիքը ունինք հոգեւորականի, ուսուցիչի, մտաւորականի, խմբագիրներու եւ տակաւին շարքը կարելի է երկարել: Ահաւասիկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ա՛յս ծառայութեան լծուած է: Մեզի համար քանակը ո՛չ մէկ արժէք ունի, մենք ամենայն բծախնդրութեամբ ու աչալրջութեամբ, գլխագիր մարդ, հաւատաւոր քրիտոնեայ եւ մշակոյթի հաւատարիմ սերունդներու կերտման առաքելութեան հետամուտ ենք»:

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Դպրեվանքի տեսչութեան անդամները, Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, հսկիչներ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտմեան, որոնք մեծ եռանդով սկսած են այս տարուան աշխատանքներուն: Ան նաեւ դրուատեց Դպրեվանքի ուսուցիչները, որոնք իրենց կարեւոր ներդրումը կը բերեն մարդակերտումի ու հայակերտումի այս առաքելութեան:

 

            Աւանդութեան համաձայն, նոյն օրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պատարագ մատուցեց Դպրեվանքի նորանշանակ Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանը: Քարոզի ընթացքին Տեսուչ Հայր Սուրբը խօսելով ուսանողներուն մասին ըսաւ. «Ահաւասիկ Սուրբ Աստուածածին վանքին 60 բանաւոր գառները, որոնք Սուրբ Աստուածածին վանքին դալար արօտավայրերուն մէջ իմացապէս պիտի լեցուին, հոգեպէս ծաղկազարդուին եւ ֆիզիքապէս աճին։ Անոնք Դպրեվանքի նուիրական յարկին տակ, ամէն օր պիտի աղօթեն Աստուծոյ ըսելով՝ Ցոյց ինձ ճանապարհ յոր գնացից, զի առ քեզ, Տէր, համբարձի զանձն իմ եւ Հովիւը՝ Քրիստոս, պիտի պատասխանէ իրենց վանքի մատուռէն, ըսելով. Ես եմ ճանապարհն եւ ճշմարտութիւն եւ շնորհքս անպակաս պիտի ըլլայ ձեր վրայէն, որպէսզի ձեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան տաճարիս մէջ բնակիք։ 60 ուսանողներ, որոնց համար մենք աղօթող եւ աշխատող ենք, որպէսզի անոնք դառնան 60 կիլիկեան ասպետներ, որոնք իրենց ձեռքին խաչ ու գրիչ բռնած, իրենց վեհանձն նկարագիրով ծառայութիւն բերեն Հայ Եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Ազգի անդաստաններէն ներս»:

 

Պատարագի աւարտին, աշակերտները թափօր կազմած բարձրացան Վեհարանի դահլիճ: Տեսուչ Հայր Սուրբին բացման խօսքէն ետք, Դպրեվանքի երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ: Ապա, լսելէ ետք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, աջահամբոյրով ստացան անոր օրհնութիւնը: ՀանդիսութիւնըաւարտեցաւՎեհափառՀայրապետին «Պահպանիչ»-ով, որուն յաջորդեց «Կիլիկիա»ն ու Հայրապետական մաղթերգը:

 

Յայտնենք, որ Ս. եւ Անմահ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց, այս օրերուն Լիբանան գտնուող, Պոլսոյ «Ս. Վարադանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբ»ը, ղեկավարութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի: 

More News