29 September, 2014

Հարցումներ աղօթքի մասին  

7) Ոմանք կ’ըսեն. «Աղօթքի պահուն Յիսուսի արիւնով մենք համարձակութիւնը ունինք Աստուծոյ գահին մօտենալու, նոյնիսկ եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք որոշ յանցանքներ եւ չխոստովանուած մեղքեր»: Ճի՞շդ է այս հաստատումը:

 

Նախ ըսեմ, թէ անոնք որոնք այս խօսքը կ’ըսեն, հաւանաբար իբրեւ հիմ նկատի ունին Եբրայեցիս 4.16, 10.19, Եփեսացիս 3.12, եւ Ա.Յովհաննէս 3.19-22 համարները:

Ամէն բանէ առաջ պէտք է նկատի առնել, որ յիշեալ համարները եւ ամբողջ Նոր Կտակարանը, թէպէտ կը խօսին համարձակութեամբ Աստուծոյ գահին մօտենալու կամ Աստուծոյ դիմելու մասին, բայց երբեք չեն խօսիր համարձակութեամբ Աստուծմէ պահանջելու կամ խնդրելու մասին: Համարձակօրէն Աստուծոյ դիմելը ուրիշ բան է, համարձակօրէն Աստուծմէ պահանջելը կամ խնդրելը` ուրիշ բան: Այս մասին հետագայ էջերուն մէջ աւելի մանրամասնօրէն պիտի խօսիմ:

Մտածումներս ամփոփեմ քանի մը կէտերու մէջ.-

1) Անկարելի է որ մարդ արարածը կարենայ համարձակութեամբ մօտենալ Աստուծոյ գահին եւ իր աղօթքը մատուցել, եթէ երբեք կ’ապրի մեղքի կեանք մը, եւ կամ, եթէ երբեք իր կեանքին մէջ չխոստովանուած մեղքեր ունի: Եզրաս քահանան Աստուծոյ մատուցած իր աղօթքին մէջ կ’ըսէ. «Ահա մենք մեր յանցանքովը քու առջեւդ ենք, թէպէտեւ այս պատճառով քու առջեւդ համարձակ չենք կրնար կենալ» (Եզրաս 9.15): Եզրաս յստակ կերպով կը բացայայտէ, թէ մեր գործած յանցանքները թոյլ չեն տար, որ մենք կարենանք համարձակութեամբ կանգնիլ Աստուծոյ առջեւ: Մեղքը կը խլէ մեր սրտէն մեր համարձակութիւնը: Պօղոս առաքեալ կոչ կ’ուղղէ հաւատացեալներուն` ըսելով. «Անկեղծ սրտով եւ վստահութեամբ լեցուն հաւատքով մօտենանք Աստուծոյ, մեր սիրտերը մաքրած` խղճմտանքը ծանրացնող յանցանքներէն…» (Եբրայեցիս 10.22): Առաքեալին այս բառերը եւս ցոյց կու տան, որ վստահութեամբ կրնան մօտենալ Աստուծոյ միայն անոնք` որոնք իրենց սիրտերը մաքրած են` «խղճմտանքը ծանրացնող յանցանքներէն»: Հետեւաբար, ճիշդ չի կրնար ըլլալ ըսել, թէ` «աղօթքի պահուն Յիսուսի արիւնով համարձակութիւն ունինք Աստուծոյ գահին մօտենալու, նոյնիսկ եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք որոշ յանցանքներ եւ չխոստովանուած մեղքեր»: Յանցապարտ կեանք ապրող ու չխոստովանուած մեղքեր ունեցող մարդը` ո´չ համարձակութեամբ կրնայ մօտենալ Տիրոջ գահին եւ ո´չ ալ վստահութեամբ: Յիսուսի արիւնը համարձակութեան ու վստահութեան հոգիով չի լեցներ երբեք անձ մը` որուն կեանքը յանցագործութեամբ յատկանշուած է, եւ որ կը մերժէ իր մեղքերը խոստովանիլ: Յիսուսի արիւնը համարձակութիւն ու վստահութիւն կը ներշնչէ միայն անոնց` որոնք սրբուած ու մաքրուած են իրմով:

2) Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «համարձակութիւն»: Խորքին մէջ, Նոր Կտակարանին մէջ «համարձակութիւն» ըսելով յաճախ «վստահութիւն» կը հասկցուի: Այսպէս, օրինակ, Եբրայեցիս 3.6-ին մէջ առաքեալը կը խօսի մեր համարձակութիւնը մինչեւ վերջ հաստատ պահելու մասին: Յստակ է, թէ` «մեր համարձակութիւնը մինչեւ վերջ հաստատ պահել» բացատրութիւնը, պարզապէս կը նշանակէ` «մեր վստահութիւնը անխախտ պահել մինչեւ վերջ»: Նոր Աշխարհաբար Թարգմանութեան մէջ ալ ճիշդ այսպէս թարգմանուած է համարը: Յունարէն բնագիրին մէջ «համարձակութիւն» բառին համար գործածուած է` «παρρησίαν-բարրիսին» բառը, որ թէ´ «վստահութիւն» եւ թէ´ «համարձակութիւն» կը նշանակէ: Յստակ է հետեւաբար, որ «համարձակութիւն» եւ «վստահութիւն» բառերը զիրար կ’ամբողջացնեն ու կը բացատրեն, եւ ուստի անոնք կրնան փոխն ի փոխ գործածուիլ: Ինքնավստահ եղող մարդը` համարձակ կ’ըլլայ, եւ համարձակ եղող մարդը` ինքնավստահ կ’ըլլայ: Պօղոս առաքեալ եւս համարձակութիւնն ու վստահութիւնը միասնաբար կը յիշէ. «Եւ մենք, Քրիստոսի միացածներս, համարձակօրէն (Յունարէն` «παρρησίαν-բարրիսին») եւ ամենայն վստահութեամբ (Յունարէն` «πεποιθήσει δια-բեբօիդէսի տիա») կը կանգնինք Աստուծոյ ներկայութեան, քանի Քրիստոսի հաւատացինք» (Եփեսացիս 3.12): Տուեալ համարին մէջ Յունարէն` «παρρησίαν-բարրիսին» բառը թարգմանուած է «համարձակութիւն» իմաստով կամ բառով, բայց նոյն բառը զոր ունինք Եբրայեցիս 4.16-ին մէջ, որոշ թարգմանութիւններու մէջ թարգմանուած է «վստահութիւն» իմաստով:

3) Վերստին կու գանք «համարձակութիւն» բառին: Երբ առաքեալները կը խօսին համարձակութեամբ Աստուծոյ գահին մօտենալու մասին (Եբրայեցիս 4.16, 10.19-22: Եփեսացիս 3.12: Ա.Յովհաննէս 3.19-22), ի՞նչ ըսել կ’ուզեն: Կամ ի՞նչ կը նշանակէ համարձակութեամբ Աստուծոյ գահին մօտենալ: Արդեօք կը նշանակէ մեր ուզա՞ծը պահանջել Աստուծմէ: Համարձակ աղօթողը` իր ուզածը ըսո՞ղն է, իր ուզածը պահանջո՞ղն է: Համարձակ աղօթողը` ալ Աստուծոյ կամքը չխնդրո՞ղն է, եւ իր կամքը պարտադրո՞ղն է: Աստուածաշունչը բնաւ չ’ըսեր թէ համարձակութեամբ Աստուծոյ գահին մօտեցող մարդը, իր ուզածը` պիտի ստանայ: Համարձակութեամբ Աստուծոյ գահին մօտենալուն նպատակը` մեր սրտին ուզածը ստանալը չէ, այլ` Աստուծմէ ողորմութիւն գտնելը եւ շնորհք ստանալը: Կարդանք հետեւեալ համարը զգուշութեամբ. «Համարձակօրէն (Յունարէն` «μετα παρρησίας-մեթա բարրիսիս») մօտենանք Աստուծոյ շնորհքի աթոռին, ողորմութիւն գտնելու եւ շնորհք ստանալու համար, որպէսզի անոնք մեզի օգնեն անհրաժեշտութեան պարագային» (Եբրայեցիս 4.16): Մենք պէ´տք ունինք Աստուծոյ ողորմութեան ու շնորհքին: Անոնք կ’օգնեն ու կը զօրացնեն մեզ անհրաժեշտութեան պարագային: Երբ մեր փնտռածը Աստուծոյ ողորմութիւնն է` միայն ա´յն ատեն կրնանք ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԵԱՄԲ դիմել իրեն: Դարձեալ, երբ մեր խնդրածը Աստուծոյ շնորհքին օգնականութիւնն է` միայն ա´յն ատեն կրնանք ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԵԱՄԲ աղօթքի կանգնիլ: Եւ ինչո՞ւ: Որովհետեւ, երբ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը խնդրենք` Աստուած կ’ուրախանայ ու կը փառաւորուի: Կը փառաւորուի, որովհետեւ երբ իր ողորմութիւնը կը խնդրենք` իր ողորմածութիւնն է որ յայտարարած կ’ըլլանք: Դարձեալ, երբ Աստուծոյ շնորհքը կը հայցենք` Աստուած մեծարուած ու պատուըուած կը զգայ: Մինչդեռ երբ կը դիմենք Աստուծոյ` մեր սրտին ուզածը խնդրելու կամ «պահանջելու» համար, Աստուած ո´չ կ’ուրախանայ, ո´չ կը փառաւորուի, եւ ո´չ ալ մեծարուած ու պատուըուած կը զգայ: Մեզմէ ո՞վ իր սրտին ուզածը խնդրելու համար, կրնայ ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԵԱՄԲ մօտենալու մասին խօսիլ: ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԵԱՄԲ մօտենալու մասին կրնանք խօսիլ միայն այն ատեն` երբ մեր խնդրածը աստուածային բաներն են, այլ խօսքով` անոր ողորմութիւնն ու շնորհքը: (Շարունակելի):

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան