23 Սեպտեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՅՈՅՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆԸ

Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Աթէնք ժամանումէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ուղղուեցաւ դէպի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արք. Երոնիմոս Բ.-ին կողմէ:

 

Արքեպիսկոպոսարանի դահլիճին մէջ շրջապատուած հոգեւորականներով, Երոնիմոս Արքեպիսկոպոս յատուկ ուղերձով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին Յունաստան այցելութիւնը: Իր ուղերձին մէջ ան յիշեց Նորին Սրբութեան դերը միջ-եկեղեցական աշխարհէն ներս եւ աստուածաբանական երկխօսութեանց զարգացման մէջ, զինք նկատելով քրիստոնեայ աշխարհի աչքառու անձնաւորութիւններէն մէկը: Արքեպիսկոպոսը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութեան եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց շրջանի եկեղեցիներուն նկատմամբ: Խօսելով հայ եւ յոյն եկեղեցիներու մասին, ան յիշեց որ պատմական կապերով ամրապնդուած են մեր եկեղեցիներուն գործակցութիւնը: Արքեպիսկոպոսը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Յունաստանի հայութեան բերած դրական մասնակցութեան Յունաստանի զարգացման ու յառաջդիմութեան:

 

Պատասխանելով Յունաստանի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին ջերմ խօսքերուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր կարգին անդրադարձաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցող դարաւոր գործակցութեան: Ան ըսաւ որ պայմաններու բերումով աստուածաբանական տարբեր տեսակէտներ բաժնեցին մեր եկեղեցիները, սակայն հիմնական հարցերու շուրջ մենք որդեգրեցինք նոյն մօտեցումները: Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ հայ եւ յոյն ժողովուրդները հասարակաց արժէքներով ու աւանդութիւններով սերտացած են: Անոնք միասին տարապեցան թրքական օսմանեան լուծին տակ ու ենթարկուեցան ցեղասպանութեան: Հետեւաբար այսօր, հայ եւ յոյն ժողովուրդներն ու եկեղեցիները կոչուած են միասնաբար պայքարելու, ի խնդիր մարդկային իրաւանց ու արդարութեան: Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց, հայ համայնքին նկատմամբ Յոյն Եկեղեցւոյ ցուցաբերած աջակցութեան ու նախանձախնդրութեան համար:

 

Երկու հոգեւոր պետերու պաշտօնական խօսքերու աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:

 

Կէսօրին ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, Յունաստանի Եկեղեցւոյ պետը ճաշկերոյթ սարքեց, որուն ներկայ էին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Ազգային Իշխանութեան ատենապետ Տիար Արա Մանկոյեան, Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Տիար Պօղոս Չոլաքեան եւ յոյն հոգեւորականներ:

 

Յայտնենք, որ Աթէնքի օդակայան ժամանումին, Վեհափառ Հայրապետը արժանացաւ պաշտօնական դիմաւորութեան, Յունաստանի Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Մետրոպոլիտին, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչին, Հայաստանի ու Լիբանանի դեսպաններուն եւ հայ յարանուանութեանց ու ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

More News