20 September, 2014

ՍՐԲԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, «Կիլիկիա» Թանգարանը իր սրահէն ներս, կազմակերպեց սրբանկարչութեան խտացեալ դասընթացք մը, դասախօս ունենալով՝ Հ. Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանը: Հինգ օրերու վրայ տարածուած դասընթացքին մասնակցեցան շուրջ քսանհինգ արուեստասէրներ, որոնց շարքին էին նաեւ Դպրեվանեցիներ եւ միաբան հայրեր:

            Իւրաքանչիւր օր մօտաւոր երկու ժամուան ընթացքին մասնակիցները լսեցին հայ սրբանկարչութեան պատմութեան, աստուածաբանական խորհրդանիշներու եւ սրբանկար պատրաստելու սկզբնական մեթոտներու մասին: Դասախօսութեան կողքին, Հայր Յովսէփը մասնակիցներուն սորվեցուց սրբանկարչութիւն գծելու դիւրին եւ ճիշդ ձեւերը՝ անոնց տալով գծելու վարժութիւններ:

            Երկուշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Վեհարանին մէջ ընդունեց Հայր Յովսէփը եւ լսելով դասընթացքին մասին զեկուցումները գնահատեց նախաձեռնութիւնը եւ դասախօս Հայր Սուրբին նուիրական աշխատանքը: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ հայ սրբանկարչութիւնը պէտք է զարգանայ մեր մշակոյթի եւ արուեստի կեանքին մէջ, այդ պատճառով նման նախաձեռնութեան մը կրկնութիւնը կարեւոր նկատեց:

            Հանդիպումի ժամանակ, Հայր Յովսէփը Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց երկու սրբապատկերներ՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն սրբապատկերները: Իսկ Վեհափառ Հայրապետը, «Կիլիկիա» թանգարանի կողմէ պատրաստուած շնորհակալական յուշատախտակ մը յանձնեց Հայր Սուրբին: Ան իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց, որ առիթը ստեղծուած է իրեն համար դասաւանդել Կաթողիկոսարանէն ներս:

            Սրբանկարչութեան դասընթացքի վերջին օրը, մասնակիցներուն բաժնուեցան սրբապատկեր գծելու պարտականութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ պատրաստուելու երկրորդ հանգրուանին, սրբապատկերը ներկելու դասընթացքին, որ շատ հաւանաբար տեղի ունենայ Մեծ Պահոց առաջին շաբաթներուն:

More News