13 Սեպտեմբերի, 2014

Հարցումներ աղօթքի մասին

4) Երբ մեր աղօթքին պատասխանը չենք ստանար, արդեօ՞ք ատիկա կը նշանակէ թէ Տէրը չլսեց մեր աղօթքը:

 

Այս հարցումին պատասխանը արդէն տուած եղանք, երբ վերեւ թուեցինք այն պատճառները` որոնց համար մեր աղօթքները յաճախ կը մնան անպատասխան: Շատ կարեւոր է մեր մտքին մէջ ունենալ հետեւեալ երեք բառերը` լսել, ընդունիլ, պատասխանել: Աստուած իրեն մատուցուած ամէն աղօթք կը լսէ, բայց լսուած ամէն աղօթք` չ’ընդունիր, իսկ ընդունուած ամէն աղօթքի` շուտով չի պատասխաներ: Այլ բացատրութեամբ մը, լսուած ամէն աղօթք` պայման չէ որ ընդունուած աղօթք ըլլայ, եւ ընդունուած ամէն աղօթք` պայման չէ որ անմիջապէս պատասխանուի:

Աստուած կրնայ ընդունիլ մեր աղօթքը, բայց պատասխանել անոր իր ատենին, այսինքն` յարմար ժամանակին: Իսկ յարմար ժամանակը Տէրը ինք կը ճշդէ եւ ո´չ թէ մենք: Մէկը կրնայ դիմում ներկայացնել գործի մը կամ համալսարանի մը եւ կրնայ ընդունուիլ, բայց կրնայ անմիջապէս ներս չառնուիլ: Ե՞րբ գործի կամ համալսարան կ’առնուի: Երբ յարմար ատենը գայ: Ճիշդ նոյն ձեւով ալ, մեր աղօթքները կրնան լսուիլ եւ ընդունուիլ, բայց կը պատասխանուին յարմար ատենին: Եթէ մեր մէջ թերութիւններ կան, Տէրը չի կատարեր մեր սրտի խնդրանքը, նախքան մեզ այդ թերութիւններէն ձերբազատելը: Երբ ձերբազատինք մեր թերութիւններէն, Տէրը ինքն իրեն պիտի ըսէ. «Հիմա´ է յարմար ատենը որ պատասխանեմ իրենց աղօթքին»: Եթէ մէկը համբերել ու սպասել չի գիտեր, Աստուած երբեք պիտի չպատասխանէ անոր աղօթքներուն, մինչեւ որ անիկա սորվի համբերել ու սպասել: Իսկ երբ համբերել ու սպասել սորվի, դարձեալ, Տէրը պիտի մտածէ. «Հիմա որ սորվեցաւ համբերել ու սպասել, ալ ատե´նն է որ պատասխանեմ իր աղօթքներուն»: Եւայլն:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

 

More News