10 September, 2014

«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2014-ին, Ուաշինկթընի մէջ, միջ-եկեղեցական կրօնական արարողութեամբ, բացումը կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած միջազգային համագումարին:

 

Համագումարին առաջին օրուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը համագումարի մասնակիցներուն ուղղելով՝ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ միութեան հրամայականին:

 

            Երեք գլխաւոր բաժիններէ բաղկացած իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին անդրադարձաւ քրիստոնէական միութեան իւրայատուկ բնոյթին: Ան ըսաւ, որ քրիստոնէական միութիւնը աստուածատուր պարգեւ է եւ ո՛չ թէ մարդկային իրագործում: Պատմութեան ընթացքին, առաւելաբար քաղաքական պատճառներով, եկեղեցիները իրարմէ բաժնուեցան, սակայն եկեղեցւոյ էական միութիւնը մնաց անխախտ: Էքիւմէնիք շարժումը յիշեցում մըն է եկեղեցիներուն՝ գործնական արտայայտութիւն տալու իրենց ներքին միութեան: Ապա, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց եկեղեցւոյ միութեան ու առաքելութեան սերտ առնչութիւնը: Ան ըսաւ, որ միութիւնը ինքնին նպատակ չէ, եկեղեցւոյ նպատակը առաքելութիւն է: Որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինը՝ եկեղեցին կոչուած է շարունակելու Քրիստոսի փրկագործական խորհուրդը:

 

            Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ մեր նախահայրերը այսօր կը յիշեցնեն մեզի եկեղեցւոյ միութեան անհրաժեշտութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս, որ եղած է ծննդավայրը քրիստոնէական հաւատքին: Ան յիշեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցւոյ պատմութիւնը ճանչցած է բազում ցեղասպանութիւններ ու հալածանքներ, սակայն, հակառակ այս իրողութեան, եկեղեցին գոյատեւած է: Քրիստոնեայ համայնքները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են Միջին Արեւելքի մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու զարգացման մէջ: Անոնք երկար դարեր գոյակցած են միաստուածեան կրօնքներուն հետ: Այսօր, հակառակ զիրենք շրջապատող ծանր պայմաններուն, քրիստոնեաները կառչած կը մնան Միջին Արեւելքին, իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն՝ իրենց ներքին միութիւնը դարձնելով առանցքը իրենց հզօրութեան:

 

            Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին երրորդ բաժինով յիշեց, որ վերջին ամիսներուն, յատկապէս Իրաքի մէջ, քրիստոնեաները ծանր օրեր կ’ապրին: Ահաբեկչութիւնը անընդունելի է որեւէ կրօնի կողմէ: Կրօնի ուսուցումներու քաղաքական նպատակներով շահագործումը դատապարտելի է բոլոր հաւաքականութիւններուն կողմէ, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ապա աւելցուց, որ բոլոր եկեղեցիներն ալ դէմ են Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներու արտագաղթին: Քրիստոնեաները անբաժան մասը կը կազմեն Միջին Արեւելքի ընկերութեան. հետեւաբար, անոնք կառչած կը մնան իրենց հողերուն ու իրաւունքներուն:

 

            Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր խօսքին մէջ, երկու առիթներով յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ քրիստոնեաներուն կրած հալածանքները: 

More News