27 August, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

      Չորեքշաբթի, 27 Օգոստոս 2014, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Պքերքէի մարոնիներու պատրիարքարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Սոյն հանդիպումին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընկերացան, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

 

      Հանդիպումին հիմնական նպատակն էր յայտարարութիւն մը կատարել՝ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, ու յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տակաւ աճող իսլամ ծայրայեղականներու գծով: Այս ծիրէն ներս, վերջերս Իրաք այցելած պատրիարքները զեկուցեցին, Իրաքի տարբեր շրջաններէն գաղթած քրիստոնեաներու հետ ունեցած իրենց հանդիպումներուն մասին: Ապա, ընդարձակ յայտարարութեամբ մը, հոգեւոր պետերը կարեւորութեամբ ընդգծեցին հետեւեալ կէտերը.-

 

Ա.) Քրիստոնեայ համայնքները կը պատկանին Միջին Արեւելքին եւ անոնք տէր պէտք է կանգնին իրենց իրաւունքներուն:

Բ.) Իսլամ ծայրայեղականները չեն ներկայացներ իսլամական արժէքները, հետեւաբար, չափաւոր իսլամներու մասնակցութեամբ անհրաժեշտ է պայքարիլ անոնց դէմ:

Գ.) Միջազգային համայնքին զօրակցութիւնը անհրաժեշտ է, պայքարելու համար ծայրայեղ իսլամական շարժումներուն դէմ:

 

     Յիշեալ յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, հոգեւոր պետերը հանդիպում ունեցան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչին եւ Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովական Խորհուրդի մնայուն հինգ անդամ երկիրներու՝ Ամերիկայի, Ռուսիոյ, Անգլիոյ, Չինաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պապական նուիրակը:

 

   Ներկայ պատրիարքները յաջորդաբար խօսք առնելով պարզեցին իրենց տեսակէտները, շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւններուն մասին: Արամ Վեհափառ իր խօսքին մէջ ըսաւ.-

 

Ա.) Իսլամ ծայրայեղականութիւնը վտանգ կը ներկայացնէ, ո՛չ միայն քրիստոնեայ համայնքներուն, այլեւ, ամբողջ Միջին Արեւելքին, ողջ իսլամութեան ու համայն մարդկութեան: Այս ծիրէն ներս պէտք է դիտուին արմատական ու ծայրայեղ իսլամական շարժումները:

Բ.) Հաւաքական ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն պէտք է որդեգրուի ծայրայեղականութեան դէմ: Այս շրջագիծէն ներս պէտք է ներդաշնակուին կարճաշունչ ու երկարաշունչ մօտեցումներ, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական քայլեր:

Գ.) Քրիստոնէութիւնը դարեր շարունակ ապրած է իսլամութեան հետ: Քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը պէտք է շարունակուի փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ:

 

   Հոգեւոր պետերու խօսքերէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին դեսպանները: Անոնք շեշտեցին, թէ ամբողջութեամբ կը բաժնեն արտայայտուած մտահոգութիւնները եւ թէ միջազգային համայնքը միակամ է ծայրայեղականութեան դէմ իր պայքարին մէջ:

 

     Դեսպաններուն հետ նաեւ արծարծուեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը: Այս մասին լայնօրէն անդրադաձաւ մարոնիներու պատրիարքը: Վեհափառ Հայրապետը խօսելով նախագահական ընտրութեան մասին, շեշտեց շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու հրամայականը:

More News