22 August, 2014

Հարցումներ աղօթքի մասին

1) Ի՞նչ է աղօթքը:

 

ա) Երբ աշակերտները Յիսուսէն խնդրեցին որ աղօթել սորվեցնէ իրենց, առաջին երկու բառերը որ Յիսուս գործածեց «Հայր մեր…» բառերն էին: Իր այս բառերով, Տէրը ուզեց ցոյց տալ մեզի, թէ աղօթելը` մեր երկնաւոր Հօրը հետ խօսիլ կը նշանակէ: Հետեւաբար, աղօթելը` լոկ մեր Արարիչին ու Աստուծոյն հետ խօսիլը չէ, այլ` մեր Հօրը հետ խօսիլը: Քրիստոս «Հայր մեր…» բառերով, ուզեց սորվեցնել մեզի, թէ երբ կ’աղօթենք` մեր Հօրը ներկայութեան մէջ է որ կը կանգնինք, մեր Հօրը հետ է որ կը խօսինք, եւ թէ` Աստուած մեր Հայրն է, մեր քաղցր ու գթառատ Հայրը: Յիսուս խաչին վրայ չմեռաւ, պարզապէս որպէսզի մեզ Աստուծոյ դատաստանէն ու դժոխքէն ազատէ, այլ` որպէսզի Աստուած դառնայ մեր Հայրը, եւ մենք` իր զաւակները: Յիսուս խաչին վրայ մեռաւ, որպէսզի Աստուծոյ եւ մեր յարաբերութիւնը լոկ Արարիչի ու արարածի յարաբերութիւն չըլլայ, այլ` հայր եւ որդիի սիրալիր յարաբերութիւն:

 

բ) Աղօթքի պահը, Աստուծոյ հետ սիրազեղ ժամանակ անցնելու պահ մըն է: Աղօթքի պահը, Աստուծոյ սիրովը լեցուելու եւ մեր սէրը անոր հանդէպ արտայայտելու պահ մըն է: Ինչպէս մէկը իր սիրած անձին հետ կը սիրէ ժամանակ անցնել, նոյնպէս ալ, անոնք որոնք կը սիրեն զԱստուած` պէտք է նաեւ սիրեն անոր հետ ժամանակ անցնել: Շատեր կան որոնք կ’ըսեն ու կը յայտարարեն թէ կը սիրեն զԱստուած, բայց երբ հարց կու տանք անոնց եթէ երբեք աղօթքով ժամանակ կ’անցնեն Աստուծոյ հետ, անմիջապէս կ’ըսեն. «Կարեւոր չէ աղօթենք: Կարեւորը կեանքը ապրիլն է: Աստուած գիտէ որ մենք զինք կը սիրենք»: Ճշմարտութեան խորթ եւ սո´ւտ խօսք մըն է ասիկա: Աղօթքէն խուսափելու համար ներկայացուած անընդունելի պատրուա´կ է ասիկա: Եթէ աղօթելը կարեւոր չէ` հապա ի՞նչ բանը կարեւոր է: Իսկ անոնք որոնք կ’ըսեն` «կարեւորը կեանքը ապրիլն է», հարց կու տամ անոնց` ո՞ր կեանքը ապրիլը: Քրիստոնէակա՞ն կեանքը: Բայց ո՞վ կրնայ քրիստոնէական կեանքը ապրիլ առանց աղօթական կեանք ապրելու: Աղօթքի միջոցաւ չէ՞ որ Աստուծմէ զօրութիւն ու շնորհք կը ստանանք քրիստոնէական կեանք ապրիլ կարենալու համար: Պօղոս առաքեալ կը խօսի աղօթքով Աստուծոյ շնորհքի աթոռին մօտենալու մասին, որպէսզի Աստուծմէ ողորմութիւն գտնենք եւ շնորհք ստանանք, եւ անոնցմով զօրացած` կարենանք ապրիլ հաւատքի կեանք մը (Եբրայեցիս 4.16): Իսկ անոնք որոնք կ’ըսեն` «Աստուած գիտէ որ մենք զինք կը սիրենք», հարց կու տամ անոնց` իսկապէ՞ս կը սիրէք զԱստուած: Ի՞նչպէս կրնաք փաստել թէ կը սիրէք զԱստուած, երբ աղօթքով չէք խօսիր անոր հետ: Աղօթելը` Աստուծոյ հետ խօսիլ է: Եթէ կը սիրէք զԱստուած` աղօթքով անոր հետ խօսիլ ալ պէտք է սիրէք: Եթէ հարազատ մը կամ բարեկամ մը մեզի հետ չի խօսիր, կրնա՞նք ըսել որ մեզ կը սիրէ: Ո´չ: Իսկ եթէ մենք Աստուծոյ հարազատ զաւակներն ենք եւ մեր ու իր միջեւ բարեկամութիւն կայ, կրնա՞նք ըսել որ զինք կը սիրենք, եթէ երբեք աղօթքի միջոցաւ հետը չենք խօսիր: Դարձեալ ոչ: Մենք ի՞նչպէս կրնանք հաղորդ դառնալ Աստուծոյ սիրոյն, եթէ երբեք Աստուծոյ սիրովը լեցուած աղօթք չենք մատուցեր: Ի՞նչպէս կրնանք հաղորդ դառնալ երկնային սքանչելիքներուն, երբ այդ սքանչելիքներուն պապակովը առլցուած աղօթք չենք բարձրացներ Աստուծոյ:

 

գ) Աղօթքը լեզո´ւն է երկնքին ու անոր սուրբ Գահակալին: Առանց այդ լեզուն գիտնալու՝ չենք կրնար Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան ու յարաբերութեան մէջ ըլլալ: Աղօթքը, մեր երկնաւոր Հօրը թեւերուն տակ մտնել է: Աղօթքը, մեր հոգիին հաղորդակցութիւնն է Սուրբ Հոգիին հետ: Աղօթքը, մեր սրտին միացումն է Յիսուսի սրտին հետ:

 

դ) Աղօթքը արարածին երկխօսութիւնն է իր Արարիչին հետ: Ահա թէ ինչու, հաւատացեալ մարդը պէտք է զգուշանայ մենախօսութենէն աղօթքի պահուն: Ի՞նչ պիտի ընէիր եթէ քովդ մէկը գար եւ մէկ ժամ խօսէր եւ ապա ձգէր երթար, առանց առիթ տալու քեզի որ բառ մը ըսէիր: Աղօթքի պահուն, հաւատացեալ մարդուն նպատակը պէտք է ըլլայ` Աստուծոյ ձայնն ու խօսքը լսելը, եւ ո´չ թէ իր ձայնն ու խօսքը Աստուծոյ լսելի դարձնելը: Աւելի կարեւոր է, որ մե´նք լսենք Աստուծոյ ձայնը քան Աստուած` մեր ձայնը, որովհետեւ Աստուած արդէն գիտէ թէ ի´նչ պիտի խնդրենք ու ի´նչ պիտի ըսենք, մենք սակայն, չենք գիտեր թէ Աստուած ի´նչ պիտի ըսէ կամ պատուիրէ: Ահա թէ ինչու, յատուկ ճիգ պէտք է թափենք սրելու ու մարզելու մեր հոգիի ականջները, որպէսզի կարենանք լսել Աստուծոյ ձայնը:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

More News