22 August, 2014

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՖՐԱՆՍԻՍ Ա. ՊԱՊԻՆ ԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հինգշաբթի, 21 Օգոստոս, 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ցաւակցական նամակ մը յղեց Ն.Ս. Ֆրանսիս Ա. Պապին եւ յայտնեց իր ցաւակցութիւնը, Պապին երեք հարազատներուն ողբերգական մահուան առիթով:

Յայտնենք, որ Պապին եղբօր տղուն ընտանիքը Արժանթինի մէջ ինքնաշարժի արկած մը ունեցած է, որուն ընթացքին զոհուած են երկու փոքրիկներ եւ անոնց մայրը. ընտանիքին հայրը կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ: 

More News