21 Օգոստոսի, 2014

ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ (Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ)

Ներածական

3.-Bikfaya-Hamalir

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ունի հինգ մեծ տօներ, որոնք կը կոչուին Տաղաւար եւ կը կատարուին ամէն տարի հանդիսաւորապէս, իւրայատուկ կրօնական արարողութիւններով եւ ազգային աւանդութիւններով։ Անոնցմէ առաջին երեքը անմիջականօրէն կապ ունին մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին հետ։ Առաջին՝ Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն։ Երկրորդ՝ Ս. Զատիկ՝ Յիշատակ Յարութեան։ Երրորդ՝ Պայծառակերպութիւն կամ Վարդավառ։

 

Չորրորդը նուիրուած է Աստուածածնին, ըստ Յիսուսի կողմէ կատարուած խոստումին, զինք իր մօտ՝ երկինք տանելու գեղեցիկ աւանդութեան, որ մեծ շուքով կը նշուի ամէն տարի Օգոստոս ամսուան 15-ի մօտիկ Կիրակին, մինչ Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիները զայն կը տօնեն անփոփոխ կերպով նոյն թուականին՝ 15 Օգոստոսին։

 

Հինգերորդը Խաչվերացի՝ Խաչի փառաւորման, պանծացման եւ յաղթանակի տօնն է, որը առնչուած է Քրիստոսի իսկական Խաչափայտի պարսիկներու կողմէ Երուսաղէմէն գերի տարուելու եւ այնուհետեւ՝ երկարամեայ պատերազմներէ ետք, անոր ազատագրումի եւ յաղթականօրէն Երուսաղէմ վերադարձի պատմական եղելութեանց։

 

Մեր Եկեղեցին տարուան ընթացքին զանազան առիթներով կ’ոգեկոչէ Աստուածամօր յիշատակը. իր հոգեզմայլ շարականներով ու աղօթքներով կը մեծարէ անոր իւրայատուկ դերակատարութիւնը Քրիստոսի Մարդեղութեան Խորհուրդի իրագործման մէջ։ Կը փառաբանէ անոր անարատ յղութիւնը, սրբութիւնը, խոնարհութիւնն ու Աստուծոյ կամքին հնազանդութիւնը, մայրական սէրն ու գուրգուրանքը իր «Միածին Որդւոյն» հանդէպ եւ առհասարակ կնոջական այն առաքինութիւնները, որոնք Աստուածածինը կը դարձնեն «Մայր եւ Կոյս եւ աղախին Քրիստոսի»։ Հայ հաւատացեալը Աստուածամայրը համարելով այս աշխարհի վրայ Յիսուսի ամէնէն մօտիկ անձը, ի խորոց սրտի կը հայցէ անոր բարեխօսութիւնը մեր Փրկչին մօտ, ներելու իր մեղքերը, լսելու իր աղօթքները եւ ի կատար ածելու իր խնդրանքները։

 

Աստուածածնին Նուիրուած Տօներ

1--Asdvadzadzin-2-2

Ըստ մեր եկեղեցական Տօնացոյցին կը նշուին անոր ընծայուած հետեւեալ տօները։ Որպէս Ուխտի զաւակ, անոր Ծնունդը Յովակիմէն եւ Աննայէն։ Մատաղ հասակին՝ Ընծայումն ի Տաճար, ուր ապրեցաւ եւ ստացաւ իր հոեգւոր սնունդը մինչեւ 12 տարեկան։ Գաբրիէլ հրեշտակի կողմէ անոր փոխանցուած՝ Ս. Հոգիով յղանալու ուրախ լուրը՝ Աւետումը (Ղուկ. Ա. 26-38)։ Անոր գործածած տուփին եւ գօտիին գտնուելու ուրախ առիթը եւ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքն ու մեծարանքը (Գիւտ Տփոյ, Գիւտ Գօտւոյ)։ Վերջապէս, յետ մահու անոր մարմնով երկինք փոխադրուած ըլլալը, որը ծանօթ է որպէս Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի եւ այս տարի կը կատարուի Կիրակի 17 Օգոստոսին։

 

Ըստ եկեղեցական աւանդութեան Յիսուսի Համբարձումէն ետք Մարիամ Աստուածածին ապրեցաւ Երուսաղէմի մէջ վայելելով առհասարակ բոլոր առաքեալներու եւ յատկապէս Յովհաննէս Առաքեալի սէրն ու գուրգուրանքը, խնամքն ու հոգատարութիւնը։ Կը վախճանի շուրջ 50 տարեկանին։ Իր թաղման ժամանակ Բարթողիմէոս Առաքեալ կը բացակայէր Երուսաղէմէն։ Աւանդութիւնը կ’ըսէ, որ Աստուածամայրը իր կենդանագիր նկարը կը յանձնէ Յովհաննէս Առաքեալին, որպէսզի զայն փոխանցէ Բարթողիմէոսի։

 

Ահա այդ նկարն է, որ Հայաստանի Առաջին Լուսաւորիչներէն՝ Բարթողիմէոս Առաքեալ յետագային իր հետ կը տանի Հայաստան։ Յամենայն դէպս, առաքեալը չի բաւարարուիր այդ նկարով եւ կուզէ անպայման՝ վերջին անգամի մը համար տեսնել Աստուածամայրը եւ իր յարգանքը մատուցել անոր։ Ուստի, անոնք միասնաբար կայցելեն անոր գերեզմանը, սակայն այնտեղ չեն գտներ նորոգ հանգուցեալի մարմինը։ Այնուհետեւ կանդրադառնան, որ անցեալ երեք օրերու ընթացքին լսուող հրեշտակներու օրհներգութեամբ երկինք փոխադրուած էր Աստուածամօր մարմինը։

 

Այս է Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի Տօնին վերաբերող պատմութիւնը։

 

Աստուածածին Եւ Յիսուս Աւետարաններուն Մէջ

 

Աստուածամօր մասին ունինք կարգ մը տեղեկութիւններ յիշատակուած աւետարաններուն մէջ, որոնք կը վկայեն անոր միշտ Յիսուսի հետ եղած ըլլալու մասին։ Բեթղեհէմի քարայրին լուսապայծառ աստղին տակ, կենդանիներու մսուրին մէջ խանձարուրով պատած, կատարեալ մարդ ու կատարեալ Աստուած, մարդացեալ Աստուածորդւոյն՝ մանուկ Յիսուսի մայրը՝ Մարիամ, իր զաւակին Ծնունդէն մինչեւ Խաչելութիւն, Թաղում եւ Յարութիւն, անբաժան եղած է Անկէ։ Իսկ Քրիստոսի Համբարձումէն ետք, ան առաքեալներուն հետ էր ։

 

Զինք կը տեսնենք Յիսուսի Ութօրէքի՝ Անուանակոչութեան, նոյնպէս Քառասնօրեայ Տաճար ընծայման առիթներով։ Յատկանշական է Սիմոն Ծերունիի ի մասնաւորի մանուկին մօր ուղղուած խօսքերը. «Այս մանուկը Իսրայէլի ժողովուրդէն շատերու անկումին եւ շատերու փրկութեան պատճառ պիտի ըլլայ։ … Գալով քեզի, քու ալ սիրտէն սուր մը պիտի անցնի» (Ղուկ. Բ. 29-35)։

 

Յովսէփ եւ Մարիամ առաջնորդուած երկնային պատգամէ, փախուստ կու տան Եգիպտոս փրկելու համար իրենց զաւակը Հերովդէս Արքայի Բեթղեհէմի Մանուկներու ջարդէն։ Հերովդէսի մահուընէ ետք Սուրբ Ընտանիքը վերադառնալով իր հայրերու երկիրը, կը հաստատուի Նազարէթի մէջ, ուր մայրական խնամքով ու գուրգուրանքով Յիսուս կանցնէ իր մանկութիւնը։ «Հոն մանուկը մեծցաւ, զօրացաւ եւ իմաստութեամբ լեցուեցաւ», կըսէ աւետարանիչը (Ղուկ. Բ. 40)։

 

Աւետարանները առհասարակ լուռ են Յիսուսի մանկութեան տարիներու մասին, մինչեւ անոր 12 տարեկան ըլլալը, երբ ան իր ծնողներուն հետ Զատիկի տօնին առիթով Երուսաղէմ ուխտի կերթայ։ Յիշատակութեան արժանի է «կորսուած» մանուկ Յիսուսին երեք օր ետք Երուսաղէմի տաճարին մէջ գտնուելու ժամանակ անոր ունեցած ելոյթը։ Երբ անոր տագնապահար ծնողները տեսան զինք տաճարին մէջ, անոր մայրը՝ Մարիամ ըսաւ. «Այս ի՞նչ ըրիր մեզի, տղա՛ս. ահա հայրդ ու ես տակնուվրայ եղած՝ քեզի կը փնտռէինք»։

 

Յիսուս պատասխանեց, «ինչո՞ւ զիս ուրիշ տեղ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ Հօրս տան մէջ պէտք է գտնուիմ»։ Սակայն ծնողները այս խօսքերուն իմաստը չհասկցան։ Յետոյ Յիսուս ծնողներուն հետ միասին Նազարէթ գնաց եւ հնազանդ մնաց անոնց։ «Իր մայրը այս բոլորը իր սիրտին մէջ կը պահէր»։ Այստեղ աւետարանիչը կուզէ փոխանցել ընթերցողին հետեւեալ գաղափարը։

 

Մարիամ կը հաւատար Յիսուսի վիճակուած երկնային առաքելութեան, տակաւին երբ ան 12 տարեկան էր։ Կը գիտակցէր որ ան ունէր Մեսիական առաքելութիւն մը, որուն համար աշխարհ եկած էր։ Նոյն ասութիւնը, «իր մայրը այս բոլորը իր սիրտին մէջ կը պահէր», կը կարդանք հովիւներու նորածին Յիսուսին այցելութեան առիթով, «Անոնք [Հովիւները] Մարիամի եւ Յովսէփի յայտնեցին ինչ որ հրեշտակը ըսած էր իրենց՝ մանուկին մասին։ Բոլոր անոնք որոնք կը լսէին հովիւներուն պատմածը, կը զարմանային։ «Մարիամ բոլոր այս ըսուածները միտքը կը պահէր եւ անոնց վրայ կը խոկար» (Ղուկ. Բ. 8-19)։

 

Անշուշտ Ս. Կոյս Մարիամ չէր մոռցած Գաբրիէլ հրեշտակի Աւետիսով իրեն փոխանցուած գաղտնիք-պատգամը.- «Մի՛ վախնար, Մարիամ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար»։ Ահա Սուրբ Հոգիով պիտի յղանաս եւ Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի հանգչի. ուստի ծնելիք զաւակդ սուրբ է եւ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի (Ղուկ. Ա. 26-35)։

 

Կանայի հարսանիքի ընթացքին պտաահածը յաջորդ նշանակալից դրուագն է, որով այս անգամ աւելի բացայայտօրէն ցոյց կը տրուի Աստուածամօր եւ Յիսուսի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապը, յատկապէս մօր՝ իր Որդւոյն նկատմամբ ունեցած խոր համոզումը, որ իր զաւակը սովորական անձ մը չէ, այլ Ան օժտուած է անկարելին կարելի դարձող գերբնական կարողութեամբ, մինչեւ իսկ հրաշքներ գործելու աստուածային զօրութեամբ։

 

Հետաքրքրական է որ Կանայի հարսանիքի դրուագը միայն Յովհաննու աւետարանը ունի. միւս երեք համատեսական աւետարանները չեն անդրադարձած այս կարեւոր դէպքին, որու ընթացքին Յիսուս գործեց իր առաջին հրաշքը։

 

Շատ հաւանաբար Աստուածամօր ազգականներէն մէկուն հարսանիքն էր, որ տեղի կունենար Գալիլիոյ Կանա քաղաքին մէջ, ուր ներկայ էր Մարիամ։ Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ հրաւիրուած էին այս հարսանիքին, երբ ուրախութեան ընթացքին յանկարծ տանտէրը կանդրադառնայ որ գինին սպառած է։ Մարիամ մօտենալով Յիսուսի կը խնդրէ օգնել տանտիրոջ։ Անոր առաջին հակազդեցութիւնը կըլլայ զարմանք եւ վերապահութիւն.- «Մայր մեզի ի՛նչ». իսկ գլխաւոր պատճառը այդ վերապահութեան այն էր, որ «իմ ժամանակս տակաւին չէ հասած» կաւելցնէ Յիսուս։ Այսինքն տակաւին ժամանակը չէ եկած որ ես յայտնեմ զիս աշխարհին որպէս Աստուածորդի, որուն վախճանական նպատակն էր, գերագոյն զոհաբերութեամբ՝ Խաչելութեամբ իրագործուելիք փրկագործական խորհուրդը։ Այսուհանդերձ մօր հանդէպ իր ունեցած սէրն ու յարգանքը այնքան զօրաւոր էր, որ Յիսուս՝ ընդառաջելով անոր խնդրանքին, վեց քարէ կարասներու մէջի ջուրը քաղցր գինիի վերածեց։

 

Աշակերտները տեսնելով անոր փառքին բացայայտումը, կըսէ աւետարանիչը, այսինքն աստուածային զօրութեամբ եւ իշխանութեամբ կատարուած հրաշքը (որուն նախաձեռնողը եղաւ Աստուածամայրը), հաւատացին անոր, հաւատացին որ սա ինքն է խոստացուած Մեսիան՝ Փրկիչը։

 

Վերջին յուզիչ հանդիպումը մօր եւ զաւակի միջեւ տեղի կունենայ Գողգոթայի բարձունքին։ Յիսուս Խաչին վրայ է. կապրի երկրաւոր կեանքէն դէպի երկրաւոր մահ երկարող տառապալից պահերը։ Ան որ բժշկեր էր հիւանդները, մեռելներուն իսկ յարութիւն էր տուած, հիմա լքուած էր աշխարհէն, ուրացուած՝ նոյն ամբոխէն, որ Ծաղկազարդի առաւօտեան «Ովսաննա»ներով ընդուներ էր, արքայավայել պատիւներով ողջուներ էր իր Փրկչին՝ Մեսիային յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ Իր աշակերտները սարսափահար փախուստ էին տուած. իսկ Աստուածամայրը, աւետարանները կը վկայեն, խռովայոյզ հոգիով, խորտակուած էութեամբ կը բաժնէր իր սիրեցեալ զաւակին ցաւագին տանջանքները. ան քաջաբար կանգնած Խաչեալի կողքին, ականատես կըլլար Անոր համայն մարդկութեան մեղքերու քաւութեան համար՝ կամաւոր կերպով թափած անմեղ արեան։

 

Այդ եղերական պահուն Յիսուս տեսնելով իր մայրը Խաչին մօտ կեցած, իր սիրած աշակերտին՝ Յովհաննէսի հետ, ըսաւ Անոր, «Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ»։ Իսկ իր աշակերտին՝ «Ահաւասիկ մայրդ»։ Ահա այդ օրուընէ, կը վկայէ Յովհաննէս, «աշակերտը զայն առաւ իր մօտ» (Յովհ. ԺԹ. 25-27)։

Անոնք ապրեցան որպէս մայր ու որդի մինչեւ Աստուածամօր վախճանը եւ անոր մարմնով երկինք փոխադրուիլը։

 

Աստուածածինը Եկեղեցւոյ Կեանքին Մէջ

2-Asdvadzadzin-2Երբ քրիստոնէութիւնը դուրս եկաւ իր ընդյատակեայ եւ հալածուած վիճակէն եւ դարձաւ Յունա–Հռովմէական աշխարհի պետական կրօնքը, ունեցաւ իր նուիրապետական կարգն ու կանոնը, Պատրիարքական Աթոռներն ու թեմերը, Եկեղեցւոյ հայրերը պարտաւորուեցան քրիստոնէական կրօնքի հիմնական հաւատալիքները բանաձեւել, դաւանական որոշումներու վերածել եւ անոնց գործածութիւնը ապահովել ամէնօրեայ ժամերգութեանց, Եկեղեցւոյ խորհուրդներու արարողութեանց, ինչպէս նաեւ Ս. Պատարագի կատարման ընթացքին։ Անոնք պարտաւորուեցան դիմելու այս քայլին, որովհետեւ Եկեղեցւոյ գիրկը յառաջ եկած էին զանազան աղանդաւորական շարժումներ, որոնք իրենց քարոզած քրիստոնէական վարդապետութեան սխալ մեկնաբանութիւններով կը սպառնային խախտել Եկեղեցւոյ միութիւնը, մանաւանդ աղարտել Եկեղեցւոյ Ուղղափառ հաւատքը։

 

Ահա այս նպատակով էր որ գումարուեցաւ Կոստանդիանոս Կայսեր հրամանով Առաջին Տիեզերական Ժողովը Նիկիոյ մէջ 325–ին, 318 հայրապետներու մասնակցութեամբ, որոնց մէջ էր նաեւ Գրիգոր Լուսաւորիչի զաւակը՝ Արիստակէս Եպիսկոպոս, որպէս Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ։

 

Ժողովի գումարման շարժառիթն էր Աղեքսանդրիացի երէց Արիոսի հերետիկոսութիւնը։ Արիոս չէր ընդուներ Յիսուսի Հայր Աստուծոյ հետ հաւասար ըլլալը, այլ խօսքով, կը ժխտէր անոր Աստուածութիւնը, քանի որ իրեն համար Աստուածորդին պարզապէս գերմարդկային կարողութիւններով օժտուած անձ մըն էր եւ ո՛չ թէ Աստուած։

 

Ժողովը դատապարտելով Արիոսը որպէս հերետիկոս, արտաքսեց Եկեղեցիէն. սակայն ասիկա առիթ մը եղաւ որ բանաձեւուի Եկեղեցւոյ հիմնական հաւատալիքները իր մէջ խտացնող «Նիկիական Հանգանակ»ը, մեզի ծանօթ որպէս «Հաւատամք»։ Արիստակէս իր հետ Հայաստան բերաւ դաւանաբանական էական հաստատումներ բովանդակող այդ գրութիւնը, որը հիմքը ծառայեց, ի շարս այլ եկեղեցիներու, նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ Ուղղափառութեան։

 

Ինչպէս գիտենք, «Հաւատամք»ը կերգուի ամէն Կիրակի եկեղեցւոյ բեմէն Ս. Պատարագի ընթացքին սարկաւագներու կողմԷ Ճաշու Աւետարանի ընթերցումէն ետք, որուն կը մասնակցին նաեւ ներկայ հաւատացեալները։ Այս կերպով անոնք միասնաբար կը խոստովանին եւ կը յայտարարեն, որ այս է իրենց հաւատքը։ Անշուշտ այսօրուան մեր արտասանած «Հաւատամք»ը աւելի ճոխացած եւ կատարեալ է՝ որպէս հաւատքի խոստովանութեան բնագիր, քանի որ անոր մէջ ներառուած են յաջորդ երկու Տիեզերական Ժողովներու ընթացքին առնուած որոշումներու բանաձեւերը։

 

Երկրորդ Տիեզերական Ժողովը տեղի ունեցաւ Կ. Պոլսոյ մէջ 381-ին Թէոդորոս Կայսեր հրամանով եւ 150 հայրապետներու մասնակցութեամբ։ Այս անգամ Մակեդոնի հերետիկոսութիւնն էր ժողովի գումարման պատճառը։ Ան իր հակառակորդ՝ Ուղղափառ Պօղոսի դէմ մղած պայքարի ընթացքին անցաւ ամբողջութեամբ Արիոսականներու կողմը եւ սկսաւ քարոզել Երրորդութեան վերաբերեալ այլ մոլար վարդապետութիւն մը։ Ինչպէս Արիոս չէր ընդուներ Յիսուսի հաւասար աստուածութիւնը Հայր Աստուծոյ հետ, Մակեդոն նոյն գաղափարները կը տարածէր Ս. Հոգիին վերաբերեալ։ Ան կուսուցանէր թէ Ս. Հոգին համագոյակից եւ հաւասար չէ Հօր եւ Որդւոյն եւ ուստի չի կրնար մաս կազմել Երրորդութեան։

 

Ժողովը խիստ կերպով քննադատեց Մակեդոնի ուսուցումը։ Անոր համակիր եպիսկոպոսները, որոնք 36 հոգի էին մերժեցին ընդունիլ ժողովի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կազմող Ուղղափառ Հայրապետներու որոշումները եւ դուրս եկան ժողովէն։ Տիեզերական Երկրորդ Ժողովը քննարկելով Մակեդոնի քարոզած սխալ վարդապետութիւնը, դատապարտեց զինք եւ իր համախոհ հետեւորդները եւ հաստատեց Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին ընդունուած դաւանանքը, ընդունելով Հօր, Որդւոյն եւ Ս. Հոգիին համագոյակից եւ համահաւասար ըլլալը. ուստի, որպէս անբաժանելի մէկ անդամը Սուրբ Երրորդութեան անոր պէտք էր տրուեր նոյն պատիւն ու աստիճանը, որ կընծայուէր միւս երկու անդամներուն։ Այս կերպով ժողովը պաշտպանած եւ ամուր հիմքերու վրայ դրած եղաւ Եկեղեցւոյ Հայրերու Երրորդութեան վերաբերեալ ունեցած հաւատքը։

 

Տիեզերական Երրորդ Ժողովի գլխաւոր վէճի նիւթը Քրիստոսի մարդկային եւ աստուածային բնութեանց ճիշդ բանաձեւումն էր, որուն անմիջականօրէն առնչուած էր Աստուածածնի անձի բնութագրումը, անոր ունեցած դերակատարութիւնը Աստուածորդւոյն Մարդեղութեան Խորհուրդին մէջ։

 

Անտիոքի աստուածաբանական դպրոցին պատկանող Կ. Պոլսոյ Նեստոր անուն Պատրիարքը (428-431) կը հաւատար եւ կը քարոզէր, որ Մարիամ սովորական մահկանացուի մը ծնունդ տուած էր. յետագային երբ Ս. Հոգին եկաւ ու բնակեցաւ Յիսուսի մէջ, ան բարձրացաւ աստուածային աստիճանի եւ դարձաւ Երրորդութեան անձերէն մէկը։ Ուստի կարելի չէր Յիսուսի մայրը Աստուածածին կոչել, այլ մարդածին։ Այս կերպով, եթէ Յիսուս որպէս մարդացեալ Աստուած չէր ծնած, ուրեմն չէր կրնար համայն մարդկութեան մեղքերը քաւել. իշխանութիւն մը, որ միայն Աստուծոյ տրուած էր։

 

Հարցը հետեւեալն էր։ Մարիամ որ Ս. Հոգիով յղացած էր Միածին Որդին, ինչպէ՞ս պէտք է կոչուէր. Աստուածածի՞ն, թէ մարդածին։ Նեստորականները կըսէին, ինչպէ՞ս կրնար սովորական կին մը Աստուծոյ ծնունդ տալ։ Անոր պատասխանը պարզ էր։ Աստուծոյ մարդանալը ինքնըստինքեան արդէն եկեղեցւոյ գլխաւոր խորհուրդներէն մէկն էր, որուն մէջ էր Փրկագործութեան Խորհուրդը։ Աստուած այնքան սիրեց իր ստեղծագործութեան թագն ու պսակը հանդիսացող մարդը, որ իրեն գոյակից Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի փրկէ աշխարհը, վերացնէ ադամական մեղքը եւ կրկին միացնէ արարածները իր Արարիչին։ Իսկ Աստուածամայրը, այս պարագային Աստուծոյ կամքին հլու հնազանդ աղախինն էր, միջոցը՝ որպէսզի աստուածային տնօրինութիւնը իրականութիւն դառնայ։

 

Յետագային Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը, Աստուածամօր նուիրուած իրենց աղօթքներով, շարականներով ու տաղերով այս միջնորդութեան պարագան է որ կը փառաբանեն ու կը մեծարեն։

 

Եկեղեցւոյ Ուղղափառութեան սպառնացող այս մոլար վարդապետութեան դէմ պայքարելու նպատակով բազմաթիւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ՝ գլխաւորութեամբ Աղեքսանդրիոյ Կիւրեղ անուն Պատրիարքին, բուռն կերպով բողոքեցին Նեստորի հերետիկոսական ուսուցումներուն դէմ։ Անոնք կը պաշտպանէին այն տեսակէտը, որ Մարիամ ծնունդ տուած էր կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ Յիսուսին, որուն համար պէտք է Մարիամ կոչուէր Աստուածածին։

 

Այս հարցին վերջնական լուծում տալու նպատակով Թէոդորոս Կայսեր հրամանով Եփեսոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Տիեզերական Երրորդ ժողովը 431-ին, որուն կը մասնակցէին 200 հայրապետներ։

 

Ժողովը հանգամանօրէն քննելով Նեստորի ուսուցումը, գտաւ զայն դատապարտելի, որուն համար վար առնուեցաւ Պատրիարքական Աթոռէն եւ իր հետեւորդներուն հետ արտաքսուեցաւ Եկեղեցիէն։ Ընդունուեցաւ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի բանաձեւը, ծանօթ իր խտացած ձեւին մէջ, «Մի բնութիւն Բանին Մարմնացելոյ»։ Այսինքն, Յիսուս Ս. Կոյս Մարիամէն ծնունդ առաւ որպէս Աստուած, իր վրայ առաւ մարդկային բնութիւնը։ Այս երկու՝ աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները, առանց կորսնցնելու իրենց առանձնայատկութիւնները, կազմեցին մէկ բնութիւն։ Իսկ Ս. Կոյսին տրուեցաւ Աստուածածին տիտղոսը։

 

Թէեւ Հայոց Եկեղեցին ներկայացուցիչ չունէր այս ժողովին մէջ, սակայն Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի տեսակէտներուն հետ համաձայն գտնուելով, ընդունեց Եփեսոսի Ժողովին որոշումներն ու կանոնները, որոնք Հայաստան բերուեցան Թարգմանիչ Վարդապետներու միջոցով։ Յիշենք որ Կ. Պոլսոյ նոր պատրիարքը այդ գրութիւնները, Աստուածաշունչի յունարէն լաւագոյն օրինակի մը հետ ուղարկեր էր Սահակ Պարթեւ Հայրապետին։

 

Աստուածածինը Ու Հայաստանեայց Եկեղեցին

 

Հայ հաւատացեալը խոր յարգանք եւ սէր ունեցած է Ս. Կոյսի հանդէպ քրիստոնէական առաջին դարերէն սկսեալ։ Այս իրողութեան պերճախօս վկայութիւններէն մէկը այն է, որ աշխարհի մէջ կառուցուած առաջին հայկական եկեղեցին՝ Ս. Էջմիածնի տաճարը, սկզբնական շրջանին նուիրուած էր Աստուածածնի անուան։ Այնուհետեւ պատմական Հայաստանի տարածքին կառուցուած են բազմաթիւ մատուռներ, եկեղեցիներ եւ վանքեր, որոնք կը կոչուէին Աստուածածնայ անունով։

 

Այս սրբատեղիները ունեցած են իրենց անուան տօնին առիթով (յատկապէս Վերափոխման Տօնին) իրենց հանդիսաւոր Ուխտագնացութիւնները։ Անոնք կոչուած են Հոգեաց Տիրամայր, Քաղրահայեաց, Սիրահայեաց, Չարխափան, Խնդրակատար, եւ այլ իմաստալից անուններով։ Այդ բարեպաշտական զգացումներ արտայայտող բառերուն մէջ հայ հաւատացեալը՝ հոգեւորական կամ աշխարհական, խտացուցած է իր ապրումները Տիրամօր նկատմամբ, բացայայտած է իր սէրն ու երախտագիտութիւնը, յոյսն ու հաւատքը անոր հանդէպ, որ Մայրն էր Յիսուսի։ Օրհներգած ու փառաբանած է անոր անփոխարինելի ու անկրկնելի դերակատարութիւնը։

4-1Patsotya-khoran

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ինչպէս Հայաստան աշխարհի մէջ, այնպէս ալ աշխարհացրիւ հայկական սփիւռքի տարածքին, օրինակ Լիբանանի եւ Սուրիոյ, Կիպրոսի, Յունաստանի, Իրանի, Ամերիկայի եւ Քանատայի մԷջ,Հայ Եկեղեցւոյ զաւակները կառուցած են Աստուածածնին նուիրուած փառաւոր եկեղեցիներ։ Անոնցմէ շատերը կառուցուած են յաւերժացնելու համար յիշատակը այն եկեղեցիներուն, որոնք հայրենի հողին վրայ դարեր շարունակ եղած էին իրենց հայրերու եւ նախահայրերու պաշտելի սրբավայրերը եւ Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք վերածուեցան սրբապղծուած աւերակներու եւ կամ, անոնց հետքերն իսկ ոչնչացուեցան բարբարոս թուրքին կողմէ։

 

Աստուածածինը եղած է առհասարակ բոլոր հաւատացեալներուն, իսկ յատկապէս իգական սեռին պատկանող բարեպաշտուհիներուն ամէնէն սիրելի եւ սրտին մօտիկ սրբուհին։ Հայ մայրեր երբ կը վառէին իրենց մոմերը Ս. Կոյսի սրբանկարին առջեւ, ի խորոց սրտի բարձրացող իրենց աղօթքներուն ընդմէջէն անոր կը վստահէին իրենց սրտի գաղտնիքները, արտասուաթոր աչքերով անկէ կը հայցէին բարեխօսութիւն իր Միածին Որդւոյն մօտ։

 

Ան մայրն էր Յիսուսի, որ ականատես եղած էր Անոր կրած չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղման եւ յարութեան։ Աստուածածնէն աւելի ո՞վ կրնար հասկնալ ու բաժնել մարդկային տառապանքներն ու վիշտերը. ահա թէ ինչո՞ւ ան քաղցրահայեաց, սիրահայեաց, գթառատ եւ խնդրակատար մայրն էր բոլորիս։

 

Աստուածածնի անձը մեր շարականներուն մէջ նկարագրուած է, որպէս լուսեղէն տաճար, սափոր ոսկեղէն լի երկնային մանանայով, մաքուր աղաւնի եւ երկնքի հարս, տաճար եւ Աթոռ Աստուածորդիին, գերահրաշ եւ դրախտաբոյր ծաղիկ, «քեզ օրհնութեամբ կը փառաւորենք»։

 

Որպէս համայն մարդկութեան փրկութեան մայր, ան եղած է ներշնչումի աղբիւր բոլոր եկեղեցիներու արուեստագէտներուն համար, ըլլան անոնք աստուածաբան թէ բանաստեղծ, քանդակագործ թէ նկարիչ՝ ձեռագիրներու կամ որմանկարներու, եկեղեցիներու պատերու թէ խորանի՝ մեծ ու փոքր նկարներու։ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր գրականութեան բազմադարեան գանձարանը հարուստ է, ի շարս այլ գրական ստեղծագործութեանց, նաեւ Աստուածածնին նուիրուած շարականներով, տաղերով ու մեղեդիներով։

 

Մովսէս Քերթողին վերագրուող, Աստուածամօր փառքը հիւսող «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր» շարականներու շարքը նման է Աստուածամօր վիզէն կախուած ադամանդեայ մանեակի, մարգարտաշար գոհարեղէնի։ Որքա՜ն լոյս եւ յոյս կայ անոնց մէջ, բանաստեղծական հզօր թռիչքով, գրական նուրբ պատկերներով յօրինուած այդ աղօթք-շարականներու եղանակները եւս մեծապէս հոգեթով ու ներշնչող են, որքան անոնց խնկաբոյր ու սրբանուէր բառերը։

 

4-2Patsotya-khoran-2

Պէտք է կարդալ նաեւ Նարեկայ վանքի երրամեծար Ս. Գրիգորի «Աղօթամատեան»ի Աստուածամօր նուիրուած գլուխները, գաղափար մը կազմելու համար անոր Աստուածածնի հետ ունեցած հոգեզրոյցի մասին։ Ահա քանի մը տող անոր աղօթքներէն, քաղուած Բան ԻԶ եւ Ձ (26-րդ եւ 80-րդ) գլուխներէն։

 

Երեսս հողին կը պաղատիմ քեզի, ո՜վ Մայր դու Յիսուսի,
Մեղաւո՛ր եմ, բարեխօսէ՛, ա՛խ քաւութիւն մաղթէ ինծի.
Դուն փրկանակ կեանքի հզօր, դուն իսկուհին ես երկնքի:
Օրհներգ, խունկի բոյր, անոյշ իւղ երկրի վրայ
քեզ կը մատուցուի:

 

Թախծութեամբ իսպառ տագնապած, կ՛աղաչեմ քեզի Սուրբ Աստուածածին:
Հրեշտակ` մարդոցմէ, մարմնատեսիլ քերովբէ, երկնաւոր թագուհի… ընդունէ դաւանողիս այս մաղթանքներու աղսերը, խառնէ քու պաղատանքներուդ:
Օժանդակէ ինծի աղօթքներուդ թեւերով, որպէսզի այս աշխարհի հովիտէն ելած ատենս, առանց տանջանքի երթամ քու պատրաստած օթեւանները: 

 

Ինչպէս մեր ներածականին մէջ նշեցինք, շուտով Հայաստանեայց Եկեղեցին՝ Մայր Հայրենիքէն ու Արցախէն սկսեալ մինչեւ Սփիւռքի բոլոր այն գաղութներուն մէջ, ուր հայկական եկեղեցի կայ, պիտի նշէ Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի տօնը։ Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի Խաղողօրհնէք։ Պտուղներուն մէջէն մեր Եկեղեցին ընտրած է խաղողը, որովհետեւ անոր հիւթը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի թափած անմեղ արիւնը Խաչին վրայ. իսկ այն եկեղեցիները որոնք Աստուածածին կը կոչուին, պիտի ունենան նաեւ իրենց Մատաղօրհնէքը։ Ոչխարներու զենումը, մատաղի պատրաստութիւնը, օրհնուած խաղողի բաժանումը, բնականօրէն մեծ ոգեւորութիւն կը ստեղծեն հաւատացեալներուն մէջ։ Անցեալին գեղեցիկ աւանդութիւն մը  կար, մինչեւ Աստուածածնայ տօնը՝ Խաղողօրհնէքը, արգիլուած էր խաղող ուտել։ Կարգ մը հաւատացեալներ տակաւին կը պահեն այս աւանդութիւնը։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ունի Աստուածածնայ տօնին ուխտագնացութիւնը Պիքֆայայի մէջ։ 1952 թուականէն ի վեր, անխափան կերպով կը կատարուի այս տօնը մեծ հանդիսութեամբ, այն օրուընէ երբ կառուցուած է Ս. Աստուածածնին նուիրուած մատուռը։ Տարուէ տարի աւելի կազմակերպուած ձեւով, հոգեւոր դասախօսութեանց շարքով, հսկումով ու եպիսկոպոսական պատարագով տեղի կունենայ այս ուխտագնացութիւնը, որուն ընթացքին Աթոռիս Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը կու տայ ներկայ հաւատացեալներուն։

 

Վստահ ենք, այս տարի եւս մեր Եկեղեցւոյ զաւակներու խուռներամ մասնակցութեամբ պիտի ոգեկոչուի Աստուածամօր նուիրուած մեծագոյն տօնը։ Մեր մաղթանքն ու աղօթքն է, որ այս տօնակատարութիւնը առիթ մը ըլլայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար վերանորոգելու իրենց ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ սրբութեանց եւ առաքելութեան։

5Bikfaya-veharan

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ամէն անոնք որ վերջին ամիսներու ընթացքին եւ կամ երկար ժամանակէ ի վեր չեն այցելած Պիքֆայայի վանքը, ներկայ չեն եղած Աստուածածնին նուիրուած մատուռին մէջ ամառնային շրջանին մատուցուող պատարագներուն, այս տարի երբ մասնակցին ուխտագնացութեան պիտի գտնեն ամբողջութեամբ պայծառակերպութեան ընթացքի մէջ եղող սրբավայր մը։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տեսիլքով եւ մեր Աթոռին ծառայական առաքելութեան հաւատացող ազնուաշուք բարերարներու նիւթաբարոյական սիրայօժար աջակցութեամբ, կաթողիկոսարանի երբեմնի համեստ ամառանոցը շուտով պիտի վերածուի.- Նոր վեհարան-հիւրանոցով, միաբանական նոր շէնքով, Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած եւ հայ ժողովուրդի զարթօնքը խորհրդանշող Յուշարձանի շրջապատի բարեզարդումով, տակաւին՝ բացօթեայ մարմարակերտ խորանով ու շինարարական նոր ծրագիրներով, Սուրբ Աստուածածնայ վանքի համալիրի։

 

Լիայոյս ենք, որ նախքան Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին այս նորոգութիւններն ու շինարարութիւնները իրենց աւարտին կը հասնին եւ Պիքֆայայի մէջ մենք կունենանք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երկրորդ փառաւոր վանքը, որ պատիւ կը բերէ համայն հայութեան, ուր ուխտի պիտի գան Հայ Եկեղեցւոյ զաւակները մօտիկ եւ հեռաւոր հայկական գաղութներէն։

 

Մենք փորձեցինք թոթովախօս լեզուով Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մեր հոգեւոր խորհրդածութիւնները բաժնել մեր հաւատացեալ ժողովուրդին հետ, որուն նպատակը կրկին անգամ ներշնչումի աղբիւր դարձնել էր Աստուածածնի կեանքն ու անոր վիճակուած նախախնամական դերակատարութիւնը։

 

Սակայն այս գրութիւնը կուզէինք փակել մէջբերելով Աստուածածնին նուիրուած այնքա՜ն հոգեգրաւ տաղերէն մէկը, որ ծանօթ է որպէս, «Խունկի ծառին նման ես»։ Այս տաղը իր բառերուն պարզութեամբ եւ գեղեցկութեամբ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ հաւատացեալներուն մօտ եւ յաճախ կերգուի ժողովրդային կրօնական հանդիսութեանց ընթացքին։

 

Ուրեմն եկէ՛ք մենք ալ փառաբանենք Աստուածամայրը սրբազան շարականագիրին աղօթասաց բառերով։

 

Տաղ Սուրբ Աստուածածնի

 

Խունկի ծառին նման ես,
Դու քաղցրահամ պտուղ ես,
Բարի պտուղ բերած ես,
Աստուածածին մեղայ քեզ:

 

Դու հողանիւթ հրեշտակ ես,
Երկրէ երկինք դուն հարս ես,
Աստուած մարմնով ծնած ես,
Աստուածածին մեղայ քեզ:

 

Դու յորդառատ աղբիւր ես,
Ծարաւցածին արբումն ես,
Մեղաւորին քաւիչ ես,
Աստուածածին մեղայ քեզ:

 

Դու լուսեղէն տաճար ես,
Ոսկիապատ խորան ես,
Դուն մարգարիտ անգին ես,
Աստուածածին մեղայ քեզի:

 

Շնորհաւոր Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը:

 

 Կորիւն Արք. Պապեան

More News