19 Օգոստոսի, 2014

ՊԱՏԻՒ ՈՒ ՅԱՐԳԱՆՔ ԱԶԳԻՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒՆ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. Շաբաթ գիշեր, 16 Օգոստոս, 2014։

 

Գոհութիւն ու փառք կու տանք Աստուծոյ, որ այս տարի եւս մեր բոլորին հոգեպարար առիթը ընծայեց միասնաբար նշելու Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնը, որ միաժամանակ “Ուխտի Օր”ն է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ։ Այսօր բոլորս ուխտաւորներ ենք։ Ուխտաւոր ըլլալ կը նշանակէ հաւատքի մղումով քալել դէպի փրկութիւն առաջնորդող ճամբէն։ Դիւրին չէ փրկութեան ճամբէն քալել։ Անկատար արարածներ ենք՝ մեղքերով ու թերութիւններով բեռնաւորուած։ Կը հաւատանք սակայն, որ Աստուծոյ Միածին Որդին աշխարհ եկաւ ու իր արիւնը թափեց մարդը փրկելու ու զինք Աստուծոյ որդեգիր զաւակը դարձնելու։

Որպէս ուխտաւորներ, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ ունի բարի մաղթանք մը, սպասում մը։ Մեր սրտագին աղօթքն է, որ Աստուած մեր բոլորին ուխտը ընդունի։ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին միջնորդ է մարդուն ու Աստուծոյ միջեւ։ Սա պահուն, կը խնդրենք Մարիամ Աստուածածնէն, որ բարեխօսէ իր Միածին Որդւոյն մօտ՝ մեր ազգի կեանքէն հեռացնելու ամէն տեսակ չար ու չարիք, մեղք ու ապականութիւն եւ երկնային շնորհներով մաքրէ ու պայծառացնէ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը։ Թող Միջին Արեւելքէն ներս ու աշխարհի բոլոր կողմերը տեղի ունեցող պատերազմները ու բռնութիւնները դադրին, եւ խաղաղութեան ու արդարութեան ծիրանին կամար կապէ մարդկային կեանքին վերեւ։

 

                                                             *
                                                            * *

 

Ինչպէս կը տեսնէք, վանքը ամբողջութեամբ բարեզարդուած է ու վերանորոգուած։ Արդարեւ, նկատի ունենալով Մեծի Տանն Կիիկիոյ Կաթողիկոսութեան տակաւ աճող առաքելութիւնը, ու այդ առաքելութիւնը կենսագործելու կոչուած մեր աշխատանքներուն ծաւալումը, եւ ֆիզիքական իմաստով Անթիլիասի Մայրավանքին ունեցած սահմանափակ կարելիութիւնները, անցնող շուրջ երեք տարիներու ընթացքին լծուեցանք Պիքֆայայի վանքին ընդարձակման ու վերակառուցման աշխատանքներուն։

Այս առիթով կ’ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնել, որ առաջին հերթին Դպրեվանքի շէնքը վերանորոգեցինք, օժանդակութեամբ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան։ Ապա, միաբաններու յատուկ առանձին շէնք կառուցեցինք, բարերարութեամբ՝ Տուպայէն Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեանին։ Դպրեվանքի հին շէնքը ամբողջութեամբ վերանորոգելով զայն վերածեցինք վեհարանի ու հիւրանոցի, բարերարութեամբ՝ Դամասկոսէն Տէր եւ Տիկին Գառնիկ եւ Անահիտ Եագուպեանին։ Հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանին շուրջը ընդարձակեցինք ու բարեզարդեցինք՝ կրօնական ու մշակութային ձեռնարկներու լայն կարելիութիւն ստեղծելով, բարերարութեամբ՝ Զուիցերիայէն Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանին։ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած այս խորանը շինեցինք, ու քիչ առաջ անոր օծումը կատարեցինք, բարերարութեամբ՝ Պէյրութէն պետական նախարար եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տէր եւ Տիկին Արթիւր եւ Թամար Նազարեանին։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակը ընդարձակեցինք ու վերանորոգեցինք, բարերարութեամբ՝ Պէյրութէն նոյն եկեղեցւոյ բարերարի զաւակներուն՝ Սարգիս, Աւետիս եւ Յակոբ Տէմիրճեաններուն։ Վանքին մայր մուտքը ընդարձակեցինք ու շուտով զայն լայն դարպասով պիտի օժտենք, բարերարութեամբ՝ Թեհրանէն Տէր եւ Տիկին Հենօ Տէր Ղուկասեանին։ Ու տակաւին, վանքէն ներս ու վանքին շուրջ ծառատնկում պիտի կատարենք զայն նա՛եւ արտաքնապէս գեղեցկացնելով, բարերարութեամբ՝ Ապու Տապիէն Տիար Արա Խանոյեանին։ Նաեւ վանքէն ներս պիտի հաստատենք միաբանական դամբարան։ Վերջապէս, կը ծրագրենք համագումարներու ու մշակութային ձեռնարկներու յատուկ կառոյց մը բարձրացնել. ո՞վ պիտի ստանձնէ այս վերջին կարեւոր ծրագրին բարերարութիւնը…։ Այս առիթով Մեր ջերմ շնորհակալութիւնը ու բարձր գնահատանքը կ’ուզենք յայտնել մեր յիշած բոլոր բարերարներուն ու նաեւ բոլոր անոնց, որոնք զանազան առիթներով զօրակից կը հանդիսանան մեր Սուրբ Աթոռի հաւատքի առաքելութեան ու ազգանուէր ծառայութեան։

Մեր յիշած բարերարներուն շարքին կ’ուզենք Մեր խոր գնահատանքըյայտնել Կաթողիկոսարանի ճարտարապետներուն՝ Տեարք Յակոբ Շամլեանին, Յակոբ Աթէշեանին, Վահէ Գալինճեանին եւ Վազգէն Չէքիճեանին, որոնք սիրայօժար կերպով ու ամբողջական նուիրումով կը ծրագրեն ու մօտէն կը հետեւին Կաթողիկոսարանի բոլոր շինարարական ծրագիրներուն։ Մեր յատուկ գնահատանքը Տիար Վազգէն Չէքիճեանին, որ սիրայօժար կերպով ստանձնեց այս վանքէն ներս կատարուած բոլոր շինութիւններուն ճարտարապետութիւնը։

Պատիւ ու յարգանք ազգին ու եկեղեցւոյ բոլոր բարերարներուն՝ հին թէ նոր, յայտնի թէ անյայտ, անցեալի, ներկայի ու ապագայի։

Ահաւասիկ վանական ամբողջական համալիր մը՝ բոլոր բաժանմունքներով ու կարելիութիւններով օժտուած ու պատրաստ մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր կարիքները ու սպասումները լայնօրէն գոհացնելու։ Կիլիկիան հարուստ եղած է վանքերով։ Կիլիկիոյ մէջ ունենցած ենք Ս. Աստուածածին անունը կրող չորս վանքեր, որոնք քանդուած են ցեղասպանին կողմէ։ Գիտենք որ մեր ժողովուրդի զաւակները որքան կապուած են Ս. Աստուածածնի ու երբեմն Ս. Աստուածածնի վանք կոչած ենք այս վանքը։ Կը խորհինք, որ ժամանակը հասած է, որ այս վանքը ունենայ իր յստակ ու վերջնական անունը։ Վստահ ենք որ ձեր բոլորին սրտին թարգմանը կ’ըլլանք երբ Մեր Հայրապետական որոշումով այս վանքը մկրտենք՝ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾին ՎԱՆՔ անունով։ Մեր ժողովուրդի զաւակները վստահաբար յաճախակի առիթներով ուխտի պիտի գան Ս. Աստուածածին վանքը, հոն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հոս Սրբոց Նահատակաց խորանին առջեւ եւ քիչ անդին հայ ժողովուրդի վերածննդեան յուշարձանին առջեւ իրենց հաւատքի ու ազգային պատկանելիութեան ուխտը վերանորոգելու։

 

                                                                       *
                                                                      * *

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ խոր յարգանք ու գնահատանք ունեցած է այն ազգայիններուն նկատմամբ, որոնք Աստուծոյ իրենց տուած նիւթական բարիքէն բաժին մը յատկացուցած են ազգին ու եկեղեցւոյ։ Յաճախ կը յիշեցնենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ ան որ ազգին ու եկեղեցւոյ կու տայ, ազգը կը հզօրացնէ, եկեղեցին կը պայծառացնէ ու անոնցմով ինք մեծնայ ու ազգին եւ եկեղեցւոյ համար կը դառնայ սիրելի ու գնահատելի անձ։ Քիչ առաջ Մեր յիշած բարերարներէն ոմանց օրին Մեր գնահատանքը պաշտօնապէս յայտնած ենք՝ յատուկ շքանշաններով ու Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակներով պարգեւատրելով զանոնք։ Այլ առիթներով Մեր գնահատանքին պիտի արժանանան նաեւ մեր յիշած բարերարներէն ոմանք։ Սա պահուն, ձեր բոլորին ներկայութեան կ’ուզենք պարգեւատրել Վեհարանի ինչպէս նաեւ՝ Սրբոց Նահատակաց խորանի բարերարները։

Եկէք, հաւատացեալ ժողովուրդ, մեր հոգիներուն մէջ ծունկի գանք ու մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած, խնդրելով որ հիւանդներուն առողջութիւն ու գործոց յաջողութիւն պարգեւէ եւ Իր երկնային բարիքներով պայծառակերպէ մեր ընտանիքներուն, մեր հայրենիքին ու մեր ազգին կեանքը։

 

                                                                                           ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
                                                                                           ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

16 Օգոստոս, 2014
Անթիլիաս, Լիբանան

More News