17 Օգոստոսի, 2014

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ

Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի նորաօծ բացօթեայ Նահատակաց խորանին վրայ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, հանդիսապետութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտմեանի:

62 տարիներ շարունակ, Պիքֆայայի «Ուխտի Օր»ը, մեր ժողովուրդի հազարաւոր զաւակներուն համար, հոգեւոր աճման եւ եկեղեցական-ազգային աւանդութեանց պահպանման կռուան հանդիսացած է: Աւանդութիւն դարձած «Ուխտի Օր»ուան նշումը տարուէ տարի առաւել կ’ամրապնդուի, մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու յատկապէս երիտասարդութեան ա՛լ աւելի նկատառելի ներկայութեամբ, որոնք Սուրբ Կոյսին բարեխօսութեամբ, Պատարագին իրենց մասնակցութեամբ, յատուկ աղօթքներով, Խաղողի ու Մատաղի օրհնութեամբ, մեր հայրապետներուն հաստատած արարողութեանց ընդմէջէն հաղորդակից կը դառնան կեանքի ու բոլոր բարիքներու պարգեւիչին՝ Աստուծոյ:

Այս տարի խանդավառութիւնը կրկնապատկուած էր, երբ Ս. եւ անմահ Պատարագի աւարտէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Սուրբ Միւռոնով օծեց նորակառոյց Սուրբ Նահատակաց բացօթեայ խորանին Սուրբ Սեղանը, Սուրբ Աստուածածնայ ու մանուկ Յիսուսի խորանին քանդակը եւ մեր «հաւատքի հօր»՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած խորանները: Խորանի օծումին յաջորդեց Մատաղի եւ Խաղողի օրհնութիւնը:
Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս, ներկայ հազարաւոր ժողովուրդին փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը: Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ուխտաւոր ըլլալ՝ կը նշանակէ հաւատքի մղումով քալել դէպի փրկութիւն առաջնորդող ճամբէն։ Դիւրին չէ փրկութեան ճամբէն քալել։ Անկատար արարածներ ենք՝ մեղքերով ու թերութիւններով բեռնաւորուած։ Կը հաւատանք սակայն, որ Աստուծոյ Միածին Որդին աշխարհ եկաւ եւ իր արիւնը թափեց՝ մարդը փրկելու ու զինք Աստուծոյ որդեգիր զաւակը դարձնելու։

«Որպէս ուխտաւորներ, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ ունի բարի մաղթանք մը, սպասում մը։ Մեր սրտագին աղօթքն է, որ Աստուած մեր բոլորին ուխտը ընդունի։ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին միջնորդ է մարդուն ու Աստուծոյ միջեւ։ Սա պահուն, կը խնդրենք Մարիամ Աստուածածնէն, որ բարեխօսէ իր Միածին Որդւոյն մօտ՝ մեր ազգի կեանքէն հեռացնելու ամէն տեսակ չար ու չարիք, մեղք ու ապականութիւն եւ երկնային շնորհներով մաքրէ ու պայծառացնէ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը։ Թող Միջին Արեւելքէն ներս ու աշխարհի բոլոր կողմերը տեղի ունեցող պատերազմներն ու բռնութիւնները դադրին, եւ խաղաղութեան ու արդարութեան ծիրանին կամար կապէ մարդկային կեանքին վերեւ»։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Պիքֆայայի վանքէն ներս կատարուող շինարարութիւններուն, յիշելով բարերարները եւ իր գնահատանքը յայտնելով անոնց։ Հայրապետական պատգամի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԱՆՔ անունով մկրտեց Պիքֆայայի վանքը:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի շքանշանով պարգեւատրեց Տէր եւ Տիկ. Գառնիկ եւ Անահիտ Եագուպեանը եւ «Ասպետ»ի շքանշանով՝ Տէր եւ Տիկ. Արթիւր եւ Թամար Նազարեանը:

Վերջապէս, հաւատացեալները հաղորդակից դառնալով Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին խորհուրդին՝ ստացան համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար օրհնուած մատաղը եւ աստուածային զոհագործումի, բարիքներու եւ բերրիութեան խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի այս տարուան առաջին օրհնուած ճիռերը:

Յայտնենք, որ «Ուխտի Օր»ուան Պատարագը արբանեակային պատկերասփիւռի կայանով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը:

More News