News

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔԸ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ

12 August 2014
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Երկուշբաթի, 11 Օգոստոս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10-11, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, սկիզբ առաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նուիրուած դասախօսական շարքը, գլխաւոր վերնագիր ունենալով «Աստուածամօր Կեանքը Օրինակ Հայ Մօր Կենցաղին»: Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան, նախ հայցելով Ս. Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ողջունեց ներկաները եւ անոնց մաղթեց, որ Ս. Աստուածածնայ Ուխտի այս տարուան շաբաթը ըլլայ հոգիի եւ մտքի, հոգեւոր պատրաստութեամբ ու խոկումներով լեցուն շաբաթ մը, որով կարելի պիտի ըլլայ, Աստուածամօր Վերափոխման տօնին ընդմէջէն, հաւատքով ու գիտակցութեամբ դիմաւորել հայ մօր փոխանցուող հոգեւոր պատգամը: Ապա, տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածնայ նուիրուած շարականներու երգեցողութիւն եւ աղօթքներու ու սաղմոսներու հաւաքական ընթերցում: Օրուան նիւթն էր «Աստուածամօր կոչումն ու յղութիւնը», զոր ներկայացուց Հոգշ. Տ. Վիգէն Աբղ. Տալգլըճեան: Դասախօսութեան աւարտին ներկաները միասնաբար «Տէր ողորմեա» եւ «Հայր մեր» երգեցին, ապա «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ առաջին օրը: Դասախօսութիւնները պիտի շարունակուին յառաջիկայ օրերուն.- Երեքշաբթի 12 Օգոստոս «Յիսուսի Ծնունդը, Տաճար Ընծայումը եւ Աւանդապահ Ընտանիքը» Հոգշ. Տ. Վահրիճ Աբղ. Ղարախանեան Չորեքշաբթի 13 Օգոստոս «Յիսուսի Առաքելութեան Մասնակից Կանանց Խումբի Առաջնորդը» Հոգշ. Տ. Վաչէ Աբղ. Պալըքճեան Հինգշաբթի 14 Օգոստոս «Յիսուսի Չարչարանքներուն, Խաչելութեան, Թաղման եւ Յարութեան Կենդանի Վկան» Հոգշ. Տ. Պարոյր Աբղ. Շերնէզեան Ուրբաթ 15 Օգոստոս «Յիսուսի Յարութենէն Ետք Մինչեւ Մահ Իր Որդիին Առաքելութեան Հաւատարիմ Հետեւողը» Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեան