6 Օգոստոսի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԻՇՈՅ ՈՒ ՍԱԼԻՊԱ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ղպտի Պատրիարքի ներկայացուցիչ Պիշոյ Արքեպիսկոպոսին եւ Ասորի Պատրիարքի ներկայացուցիչ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոսին: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, նախ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայ, Ղպտի եւ Ասորի Եկեղեցիներու գործակցութեան, ներկայ հանգրուանին Միջին Արեւելքէն ներս: Ապա, արծարծուեցան որոշ հարցեր` Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան առնչուած: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Միջին Արեւելքէն ներս ու յատկապէս Իրաքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները:

More News