1 Օգոստոսի, 2014

ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ինչո՞ւ համար Յիսուս ընտրեց որ իր այլակերպութիւնը լերան մը վրայ` ժողովուրդի աչքէն հեռու կատարուէր: Քանի մը պատճառներով.-

1) Սորվեցնելու համար մեզի, փախչիլ մարդոց փառաբանական խօսքերէն: Եթէ Յիսուս մարդոց աչքին դիմաց այլակերպուէր, կրնանք պատկերացնել, թէ ինչպէս բոլորը իր մասին պիտի խօսէին ու պատմէին, եւ ան բոլորին հետաքրքրութեան, փառաբանութեան եւ հիացմունքին առարկան պիտի դառնար, եւ ատիկա մաս չէր կազմեր իր ծրագիրին, յատկապէս երբ տակաւին ան իր երկրաւոր առաքելութեան սահմաններուն մէջ էր: Հետեւինք Յիսուսի օրինակին եւ փախչինք մարդոց փառաբանական ու գովասանական խօսքերէն, եւ բնաւ չընենք բան մը, որ կրնայ մեզ մարդոց հետաքրքրութեան, ծափահարութեան ու հիացմունքին առարկան դարձնել:

2) Յիսուս մարդոց աչքերէն հեռու այլակերպուեցաւ, սորվեցնելու համար մեզի, որ Աստուծոյ փառքով կը փայլինք երբ մարդոց կողմէ փառք չենք փնտռեր:

3) Սորվեցնելու համար մեզի խոնարհ ըլլալ: Խոնարհ մարդիկ երբեք չեն ուզեր իրենց հոգեկան մեծութիւնը, շնորհքները, պարգեւներն ու կարողութիւնները բացայայտել մարդոց դիմաց:

4) Յիսուս այլակերպուելու համար` լե´ռ բար¬ձրացաւ: Անոնք որոնք կ’ուզեն հոգեպէս այլակերպուիլ, պէտք է իրենք ալ վե´ր բարձրանան. վեր` աշխարհային երեւոյթներէն ու հրապոյրներէն:

5) Հին Կտակարանի մէջ ընդհանրապէս «լեռ» բացատրութիւնը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ բնակութիւնը, ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ` թագաւորութիւնը: Այս ուղղութեամբ վկայութիւնները բազմաթիւ են: Յիշեմ լոկ մի քանին. «Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ, ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ» (Սաղմոս 121.1): «Տէրը լերանը մէջ պիտի երեւնայ» (Ծննդոց 22.14): «Աստուծոյ լեռը` Քորեբ հասաւ» (Ելից 3.1): «Տէրը… Սինա լերան վրայ պիտի իջնէ» (Ելից 19.11): Եթէ ի մտի ունենանք որ Հին Կտակարանի մէջ «լեռ»ը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ բնակութիւնը, յստակ կը դառնայ որ Յիսուսի այլակերպութիւնը լերան վրայ` իր աստուածային ինքնութեան բացայայտումն է: Այլակերպութենէն շուրջ 1500 տարի առաջ, Քրիստոս իր փառքով յայտնուած էր Սինա լերան վրայ Մովսէս մարգարէին (Ելից 24.15-18): 1500 տարի ետք, ան դարձեալ լերան մը վրայ իր փառքով կը յայտնուի, եւ Մովսէս դարձեալ կ’ընկերանայ անոր: Այս ընելով, Յիսուս թէ´ Մովսէս մարգարէին եւ թէ´ իր աշակերտներուն ցոյց տուաւ, թէ ինք Հին Կտակարանին մէջ յայտնուող Աստուածն էր:

Ինչո՞ւ համար Յիսուսի այլակերպութիւնը աղօթքի պահուն էր որ տեղի ունեցաւ: Բազմաթիւ պատճառներով: Յիշեմ լոկ երեքը.-

1) Քրիստոս աղօթքի պահուն այլակերպուեցաւ, ցոյց տա¬լու համար մեզի, որ աղօթքը մարդս այլակերպելու զօրութիւնը ունի: Առանց աղօթքի՝ չկա´յ կեանքի ու կենցաղակերպի այլակերպութիւն: Առանց աղօթքի՝ չկա´յ սրտի փոփոխութիւն: Առանց աղօթքի՝ չկա´յ մտքի նորոգութիւն: Առանց աղօթքի՝ չկա´յ հոգիի արթնութիւն: Աղօ՛թքն է որ մեզ կ’առաջնորդէ այլակերպութեան, այլ խօսքով, այլ կերպ ըլլալու, այսինքն` տարբե՛ր ըլլալու աշխարհի մարդէն, տարբեր ապրելու ու տարբեր մտածելու աշխարհի մարդէն: Արդարեւ, աղօթող մարդը տարբեր պէ՛տք է ըլլայ աշխարհի մարդէն: Տարբեր՝ իր գործերով ու գործելակերպով, տարբեր՝ իր մտածումներով ու մտածելակերպով, տարբեր՝ իր կեանքով ու կենցաղակերպով:

2) Յի¬սուս աղօթքի պահուն այլակերպուեցաւ ու փառքով յայտնուեցաւ, ցոյց տալու համար մեզի, թէ միայն ա¬ղօթքի պահուն է որ Աստուծոյ փառքը կրնայ հանգչիլ մեր վրայ: Ինչպէս երբ Քրիստոս աղօթեց, սկսաւ իր աստուածային փառքով ճառագայթել, այնպէս ալ մենք, միայն աղօթքով է որ կրնանք Աստուծոյ փառքն ու գեղեցկութիւնը արտացոլացնել: Աղօթքի պահուն էր որ Աստուծոյ փառ¬քը հանգչեցաւ Մովսէս մարգարէին դէմքին վրայ, միակ տարբերու¬թեամբ մը սակայն, որ մինչ Մովսէսի դէմքին վրայ երեւցող փառքը՝ դուրսէն եկած փառք մըն էր, անդին սակայն, Քրիստոսի դէմքին վրայ երեւցող աստուա¬ծային փառքը՝ իր անձին ներսիդի¬էն ճառագայթող փառք մըն էր, եւ այդ ճառագայթող փառքը իր աստուածային ինքնութեան բացայայտումն էր աշակերտներուն դիմաց:

3) Մատթէոս կը վկայէ թէ Յիսուսի «դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ» (Մատթէոս 17.2): Աղօթքով անոր իսկական դէմքը՝ աստուածային դէմքը հանդէս եկաւ, յիշեցնելու համար մեզի, թէ աղօթքո՛վ է որ մեր իսկական դէմքը՝ աստուածային պատկերն ու նմանութիւնը կը վերականգնին, աղօթքո՛վ է որ կը վերագտնենք մեր իսկական ինքնութիւնը:

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

More News