29 July, 2014

ՀԵՀՈՄ-ի ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Քանի մը տարիներու ակամայ յապաղումներէ ետք, Շաբաթ, 26 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) գումարեց իր տարեկան Անդամական Ընդհանուր Ժողովը:

Բացման խօսքէն ետք, յաջորդական երեք նիստերու ընթացքին, ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան ատենապետ Պրն. Ռազմիկ Միքայէլեան ներկայացուց միութեան երկամեայ գործունէութիւնը, որուն յաջորդեց ՀԵՀՈՄ-ի կանոնագրութեան ընթերցումն ու վերամշակումը: Ապա տեղի ունեցաւ միութեան գործունէութեան ընդհանուր քննարկում եւ 5 անդամներէ բաղկացած նոր վարչութեան ընտրութիւն: Վարչական ընտրուեցան՝

• Տիար Ռազմիկ Միքայէլեան
• Տիար Լեւոն Նաճարեան
• Տիկ. Նազելի Գանտահարեան –Մանուկեան
• Օրդ. Նարէ Սաղտըճեան
• Օրդ. Կրէյս Օհանեան

ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեան, փակման խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց նորակազմ վարչութիւնը՝ յառաջիկայ տարուան համար մաղթելով աւելի աշխոյժ, կազմակերպ եւ եռանդուն գործունէութիւն, ապա գնահատեց բոլոր անդամներուն լուրջ մասնակցութիւնն ու միութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ իրենց ցուցաբերած արդարացի ու տրամաբանական մօտեցումները:

More News