19 Հուլիսի, 2014

«ԴՈ՛ՒՔ ԷՔ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՆ ՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

6 Յուլիս 2014-ի Կիրակին յատուկ գրաւչութիւն եւ նոյնքան խոր նշանակութիւն ստացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Վեհարանի ընդարձակ դահլիճը ամբողջութեամբ գրաւուած էր միաբաններու, Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, ազգայիններու, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, հայերէնաւանդ նիւթերու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, ծնողներու, աշակերտ-աշակերտուհիներու եւ հայ դպրոցին ու արեւմտահայերէնին ներկայով ու ապագայով շահագրգիռ հայորդիներու կողմէ: Առիթը` արդէն աւանդութեան կարգ անցած Կաթողիկոսարանի կազմակերպած «Խաչիկ Պապիկեան» միջ-դպրոցական մրցանքներու բախտաւոր աշակերտներուն մրցանակաբաշխութիւնն ու «Արեւմտահայերէնի եւ Հայ Մշակոյթի Երկամեայ Խտացեալ Դասընթացք»ին հետեւած ուսանող-ուսանողուհիներու վկայագիրներու բաշխման միացեալ հանդիսութիւնն էր:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին նախագահութիւնը վայելող սոյն հանդիսութեան բացումը կատարելով` Կաթողիկոսարանի Կրթական եւ Հայագիտական Բաժանմունքի վարիչ տնօրէն Սարգիս Կիրակոսեան նախ եւ առաջ ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ սոյն միացեալ ձեռնարկը յատուկ նշանակութիւն եւ խորհուրդ ունի այս տարի, որովհետեւ իրարու կողքին կանգնած` մայրեր եւ որդիներ միասնաբար կը պայքարին արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի ներկային ու ապագային սպառնացող մարտահրաւէրներուն դէմ:

Ապա, թիւերու լեզուով խօսելով` ըսաւ, որ այս տարի ալ «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գրեթէ մեր բոլոր կրթական օճախները` 4 միջնակարգ եւ 11 միջնակարգ ու երկրորդական բաժիններ ունեցող վարժարաններ, այսինքն` 15 դպրոց` 99 աշակերտ-աշակերտուհիներով, որոնցմէ մրցանակներու եւ յիշատակութեան նուէրներու տիրացան 41 մասնակիցներ: Նշելէ ետք, որ յար եւ նման նախորդ տարիներուն` այս տարի ալ մրցակցութիւնը եղաւ սուր եւ արդիւնքները` երբեմն կոտորակներով հեռու իրարմէ, ընդգծեց, որ բաղդատած նախորդ տարիներուն` արդիւնքները մագլցողական զարգացում արձանագրած են եւ անակնկալի մատնած կազմակերպիչներն ու դատակազմերու անդամները: Այս իսկ պատճառով, ընդառաջելով Հայոց Պատմութեան, Հայ Մշակոյթի եւ Կրօնագիտական Նիւթերու դատակազմի առաջարկին` Արամ Ա. Կաթողիկոս երկրորդական բաժինի Հայոց Պատմութեան, Հայ Մշակոյթի եւ Կրօնագիտական Նիւթերու մրցանակակիր աշակերտներուն թիւը այս տարի բացառաբար վեցի բարձրացուց` փոխան երեքի: Աւելի՛ն. նիւթական պարգեւներու առաջնութիւնը խլած աշակերտուհին դատակազմի չորս անդամներուն կողմէ գնահատուած է 100/100-ի վրայ ամբողջական նիշով, բացառիկ երեւոյթ մը, որ արժանացաւ ներկաներուն ջերմ ծափողջոյններուն:

Եզրակացնելով` Ս. Կիրակոսեան նշեց, որ «Խաչիկ Պապիկեանի յիշատակը յաւերժացնող մրցանքները կը գտնուին ո՛չ միայն իրենց ճիշդ ուղիին վրայ, այլեւ տարուէ-տարի աւելի մեծ գոհունակութիւն կ՚առթեն բոլորիս անխտիր»: Ապա, քանի մը տողերով ներկայացուց ակադեմական նախաձեռնութեան նկարագիր ստացած «Արեւմտահայերէնի եւ Հայ Մշակոյթի Երկամեայ Խտացեալ Ծրագիր»ը` իբրեւ իր տեսակին մէջ եզակի իրագործում (Ս. Կիրակոսեանի խօսքը պիտի տանք հետագային):

Այնուհետեւ, Արամ Ա. Կաթողիկոս պարգեւատրեց «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներուն արժանացած 41 բախտաւոր աշակերտները, որմէ ետք, «Արեւմտահայերէնի եւ Հայ Մշակոյթի Երկամեայ Խտացեալ Դասընթացք»ի մասնակիցներուն անունով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Սիլվա Պեքարեան-Գարաօղլանեան: Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի գոյութեան ու զարգացման սպառնացող մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու իրենց վճռականութիւնը շեշտելէ ետք, ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց այս օգտաշատ ծրագիրին գաղափարը յղացած «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ապագայատեսիլ Վեհափառ Հայրապետին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ ո՛չ միայն մօտէն հետեւեցաւ ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու ուսուցչակազմին ճիգերուն, այլեւ իր հայրական ցուցմունքներով եւ օրհնութեամբ եղաւ առաջին եւ վերջին նպատակասլաց նաւապետը անոր»: Նոյնպէս, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն եւ «ծրագիրի յաջողութեան ի խնդիր իրենց մասնագիտական գիտելիքները անմնացորդ նուիրումով մեզի պարգեւած մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն»:

Սրտայոյզ եւ ոգեշնչող էր պահը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եզրափակիչ խօսքով: 14 շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիները վկայագիրներով պարգեւատրելէ ետք, Վեհափառը ըսաւ.

«Գօտեպնդիչ եւ հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթ մըն է այս գեղեցիկ պահը, որ իր մէջ պատգամ մը ունի փոխանցելիք: Անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ մեր լեզուն` արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է, այս երեւոյթին դիմաց պիտի գան ըսելու, որ մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս երիտասարդները, այս նահանջին դիմաց պիտի չընկրկին, այլ մեր լեզուն պիտի պաշտպանեն, պիտի մաքրեն օտար ազդեցութիւններէ եւ արեւմտահայերէնը, անոր անսպառ գանձերը, գեղեցկութիւններն ու ճշգրիտ գործածութիւնը պիտի տարածեն հայ ընտանիքներէն, մեր դպրոցներէն ու մեր կեանքէն ներս. ահա պատգամը այս գեղեցիկ երեւոյթին»:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով ծանրացաւ հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն անփոխարինելի արժէքին ու դերակատարութեան վրայ` զանոնք մկրտելով Մեսրոպաւանդ հոգեմտաւոր գանձերու անխաթար պահպանման ու զարգացման համար ոգի ու բռին պայքարող հայ լեզուի եւ մշակոյթի արթուն պահակներ եւ բառին ազնուագոյն առումով գաղափարապաշտ անկեղծ զինուորներ:

«Դուք էք տէրն ու պահակը հայ լեզուին եւ մեր նորահաս սերունդներու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան, ներկային ու ապագային համեստագոյն, բայց արժանաւոր դարբինները: Անգնահատելի են հայ ուսուցիչին նուիրական առաքելութեան ի խնդիր ցուցաբերած ձեր ծով համբերութիւնը, ծառայական ոգին եւ հայ կրթական մշակի բծախնդիր լրջութիւնը: Մենք հպարտ ենք ձեզմով, ձեր աշխատանքով եւ ձեր համազգային ուխտով» յայտարարելէ ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս բարձր գնահատեց «Արեւմտահայերէնի եւ Հայ Մշակոյթի Երկամեայ Խտացեալ Ծրագիր»ին մասնակցած 14 հաւատաւորներուն լրջութիւնն ու նուիրումը եւ անոնց մաղթեց բեղուն եւ երկնային բարիքներով հարուստ ապագայ:

Գոհ եւ ուրախ էին բոլորը: Ե՛ւ մայրերը, ե՛ւ որդիները, ե՛ւ ներկայ հասարակութիւնը: Միացեալ ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի յուզախռով երգեցողութեամբ:

More News