14 July, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Անցնող օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի հովուոցի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, ընդունեց կրօնական, համայնքային ու պետական հիւրեր: Այցելուներուն շարքին էին հետեւեալ անձերը.

 

            Ա) Նախկին նախարար Ժան Լուի Քըրտահին, որուն հետ Նորին Սրբութիւնը քննարկեց Ճիպէյլի հողաշերտին հետ առնչուած ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր:

 

            Բ) Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գերպ. Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան: Գերապայծառը ընդհանուր զեկոյց մը տուաւ Նորին Սրբութեան Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքին մասին, ինչպէս նաեւ հրաւիրեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցիչ մը ղրկէ՝ իր նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք քրիտոնեայ հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացման գործակցութեան վերաբերող համագումարին մասնակցելու համար:

 

            Գ) Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Գերմանիոյ Պերկշթրասէ շրջանի կառավարիչ Մաթիաս Վիլքես եւ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ պատուոյ հիւպատոս Դոկտ. Սիվըն Պրայըն Ֆերա: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հետ աղերս ունեցող նիւթեր:

More News