13 June, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ուրբաթ 13 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին՝ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին ներկայացուցիչ Արսինի Եպիսկոպոսը։ Ան Վեհափառին փոխանցեց Քիրիլ Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ պարզեց իր առաքելութեան նպատակը։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով ռուս Պատրիարքին ներկայացուցիչը, յիշեց որ երկար տարիներու բարեկամութիւն մը գոյութիւն ունի իր եւ Քիրիլ Պատրիարքին միջեւ, երբ իրենք միասնաբար մասնակից կը դառնային Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ժողովներուն։ Վեհափառ Հայրապետը ապա անդրադարձաւ շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

 

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդունեց Ֆրանսայի Բողոքական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչ Վեր. Փիէռ Լաքոսթը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Ֆրանսայի ունեցած կարեւոր դիրքորոշումներուն։