News

ՎԱՏԻԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԱՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԱՐՑԵՐԷՆ ՄԷԿԸ

09 June 2014

Վատիկան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախակի առիթներով անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցին։

 

Առաջին հերթին Վեհափառը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին խօսեցաւ Ֆրանսիս Պապին հետ իր ունեցած առանձին հանդիպման ընթացքին՝ առաջարկելով որ այս առիթով Պապը իր զօրակցութիւնը յայտնէ հայ ժողովուրդին։ Նոյն յիշեցումը կատարեց Վեհափառը Պապին ուղղած իր հրապարակային պաշտօնական խօսքի ընթացքին։

 

Վեհափառ Հայրապետը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան անդրադարձաւ Վատիկանի պետական քարտուղարին՝ կարտինալ Բարոլինին եւ Արեւելեան եկեղեցիներու բաժանմունքի նախագահ՝ Կարտինալ Սանտրիին հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին։

 

Վեհափառ Հայրապետը Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշեց նաեւ Սէնթ Էճիտիոյի եկեղեցւոյ մէջ իր տուած քարոզի ընթացքին, մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան։

 

Հայ Դատը իր այլազան երեսներով աւելի լայն տեղ գրաւեց Վատիկանի պաշտօնաթերթին, հեռատեսիլին ու թղթակիցներուն հետ ունեցած Արամ Ա. Կաթողիկոսի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։