9 Հունիսի, 2014

“ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ Է” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Հռոմի Կրանդ Փլազա պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Ներկայ էին սրբազան հայրերու կողքին գաղութներէն ժամանած ազգայինները։

 

Ինքնաբուխ երգերով, արտասանութիւններով ու խօսքերով լեցուն հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ աւելի քան երկու ժամ։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։

 

Անդրադառնալով իր այցելութեան, Վեհափառը ըսաւ որ յաջողութեամբ պսակուեցան իր բոլոր այցելութիւններն ու հանդիպումները։ “Մեր ազգը, եկեղեցին, հայրենիքը ու պահանջատիրութիւնը մնայուն ներկայութիւն եղան մեր հանդիպումներուն ընթացքին” յայտնեց Վեհափառը։ Ապա ան կարեւորուեթամբ ընդգծեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը համահայկական մաշտապով արժեւորելու հրամայականը։

 

Իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ, Վեհափառը ամփոփ կերպով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աշխատանքը։ Ան ըսաւ. “սովորական աշխատանք մը չէ որ կը կատարուի Անթիլիասի մէջ, այլ առաքելութիւն՝ դէպի ժողովուրդ գացող։ Մեր Սուրբ Աթոռին առաքելութեան նպատակը ու դաշտը ժողովուրդն է։ Արդ, Անթիլիաս ոչ վայր է եւ ոչ կառոյց. անոնք սոսկ միջոց են. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը առաքելութիւն է”։

 

Վեհափառը յիշեց որ մեր ժողովուրդի պայմանները ու սպասումները փոխուած են. հետեւաբար, եկեղեցին ալ պէտք է վերանորոգուի ու համապատասխան մօտեցում որդեգրէ. այլապէս մեր երիտասարդութիւնը պիտի հեռանայ եկեղեցիէն։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառը գոհունակութիւն յայտնեց որ երկու Կաթողիկոսութիւնները միասնաբար ձեռնարկած են հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան։

 

Իր պատգամի աւարտին, Վեհափառը կոչ ուղղեց մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն մասնակից դառնալու եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան, որովհետեւ՝ “եկեղեցին ժողովո՛ւրդն է, հայ եկեղեցին ազգին եկեղեցին է՝ երկար դարերու ընթացքին ազգին կողմէ ծով զոհողութեամբ պահպանուած ու պաշտպանուած”։

 

Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ “Կիլիկիա” քայլերգով ու Վեհափառ Հայրապետին “պահպանիչ”ով։

More News