6 Հունիսի, 2014

ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԸ ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՌԱՆՁԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ

Հինգշաբթի 5 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ։

 

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մտահոգութիւնները,  ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի եւ Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութիւնը,  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը, Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան ներկայ հանգրուանը, եւ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրամայականը։

 

Պապը լայն հասկացողութիւն ցուցաբերեց յիշեալ հարցերուն նկատմամբ, բաժնեց Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները եւ պարզեց իր տեսակէտները:

 

Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ տեղի ունեցած առանձին հանդիպումէն յետոյ, Վեհափառը Պապին ներկայացուց իր պատուիրակութեան մաս կազմող Սրբազան հայրերը։

More News