2 Հունիսի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՈՒ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի 2 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վատիկան մեկնելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Ռայի Պատրիարքին հետ։

 

Պատրիարքը ողջունեց Վեհափառին այցելութիւնը Վատիկան՝ շեշտելով անոր ձգելիք դրական արձագանգը Լիբանանի եւ ընդհանրապէս շրջանի քրիստոնէութեան կեանքէն ներս։ Պատրիարքը նաեւ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց իր տպաւորութիւնը ու արժեւորումը Սրբազան Քահանայապետին Երուսաղէմ կատարած այցելութեան գծով։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռայի Պատրիարք ընկերացած էր Ֆրանսիս Պապին, Երուսաղէմ տուած իր այցելութեան ընթացքին։

 

Ապա, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ու Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Կարտինալ Կապրիէլ Կաչիայի միջեւ։ Անոնք քննարկեցին Վեհափառին Վատիկան կատարելիք այցելութեան ծրագրի մանրամասնութիւնները։

 

Վերոյիշեալ հանդիպումներուն Վեհափառի կողքին ներկայ եղաւ նաեւ Լիբանանի հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։

More News