31 Մայիսի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՆՈՒՆՈՎ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՍՈՐՒՈՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

Երէկ առաւօտ, Դամասկոսի մէջ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ասորի եկեղեցւոյ նորընտիր հոգեւոր պետ Մար Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքի գահակալութիւնը։

Յանուն Վեհափառ Հայրապետին արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ միաբան հայրերէ եւ ազգայիններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի։

Պատուիրակութիւնը Պատրիարքին փոխանցեց Վեհափառին շնորհաւորութիւնը ու ապա ներկայ գտնուեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթին։

More News