26 May, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Դոկտ. Ղատանֆար Ռուքն Ապատիի։ Դեսպանը Անթիլիաս այցելած էր շուրջ հինգ տարուան Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական ծառայութեան աւարտին, հրաժեշտ առնելու Վեհափառ Հայրապետէն։

Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր վերարժեւորոմի ենթարկելու Լիբանանի եւ շրջանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Դեսպանը իր գնահատանքը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Արամ Ա. Կաթողիկոսի դրական դերին, յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան ծիրէն ներս։ Դեսպանը նաեւ ողջունեց Լիբանանի հայութեան հաւասարակշռուած մօտեցումները Լիբանանի յուզող հարցերուն նկատմամբ։

More News