14 Մայիսի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԵԱԶԻՃԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Եազիճի Պատրիարք հանդիպում մը ունեցան Տուպայի մէջ: Հանդիպման ներկայ եղաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան:

 

Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի եւ Քէսապի կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցեր: Երկու հոգեւոր պետերը նաեւ շեշտեցին հայ եւ յոյն ուղղափառ համայնքներու գործակցութիւնը առաւել եւս ամրապնդելու կարեւորութիւնը՝ բոլոր երկիրներուն մէջ: Յայտնենք, որ Ապու Տապիի մէջ հայ համայնքի կողքին նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքը լծուած է եկեղեցաշինութեան աշխատանքի:

 

Վեհափառ Հայրապետը եւ Եազիճի Պատրիարք կարեւորութեամբ ընդգծեցին Էմիրութիւններու մէջ երկու համայնքներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ստեղծելու կարեւորութիւնը:

 

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը եւ Պատրիարք Սրբազանը Պահրէյնի մէջ մասնակցած էին միջ-կրoնական միջազգային համագումարին, եւ այդ առիթով ալ ունեցած էին հանդիպումներ ու խորհրդակցութիւններ: 

More News