12 Մայիսի, 2014

ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Անցնող օրերուն Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած միջազգային միջ-կրoնական համագումարը իր աշխատանքներու աւարտին կատարեց յայտարարութիւն մը:

 

Յիշեալ յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ.-

 

— Միջ-կրօնական յարաբերութեան ու գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

— Մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւնը քաջալերելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կոչին զօրակցութիւնը:

— Մարդկային ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող զանազանութեանց պահպանումը ու միաժամանակ հասարակաց տուեալներու ու ազդակներու շեշտաւորումը:

— Կրօնը քաղաքական շահարկումներէ հեռու պահելու հրամայականը:

— Ահաբեկչութեան ու բոլոր տեսակի բռնութեանց դատապարտումը:

— Մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը եւ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան հաստատումը:

— Միջ-կրօնական երկխօսութեան գործընթացի շարունակումը:

More News