5 May, 2014

“ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԲԵՒԵՌԱՑՈՒՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

        Երկուշաբթի 5 Մայիս 2014-ի առաւօտուն, Պահրէյնի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ-Խալիֆայի կողմէ կազմակերպուած միջ-կրօնական միջազգային համագումարին։ Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էր յիշեալ համագումարին որպէս գլխաւոր դասախօս, նիւթ ունենալով “Կրօնը, Մշակոյթը ու քաղաքակրթութիւնը՝ ի սպաս մարդկութեան”։

 

       Իր դասախօսութեան սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Պահրէյնի թագաւորին այս նախաձեռնութիւնը, կրօններու, մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւնը նկատելով հրամայական՝ մարդկութեան ապագային համար։

     

       Ներկայ համաշխարհային կացութեան վրայ արագ ակնարկ մը նետելով, Վեհափառը ըսաւ, թէ մարդկութիւնը կ’ընթանայ դէպի հակամարտութիւն, մարդկային իրաւանց բռնաբարում եւ բեւեռացում։ Եւ աւելին՝ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներ նահանջի մէջ են։ Մարդ-Աստուած եւ մարդ-բնութիւն յարաբերութիւնը սկսած է դառնալ մարդակեդրոն, հիմնուած մարդկային ժամանակաւոր շահերու վրայ։ Այս կացութիւնը կրնայ վտանգել մարդկութեան ապագան, շեշտեց Վեհափառը։ Ապա այս հպանցիկ յիշեցումներէն յետոյ Վեհափառ Հայրապետը իր դասախօսութիւնը բաժնեց վեց գլխաւոր բաժիններու.-

ա) Առաջին բաժինը Վեհափառը սկսաւ հարց տալով՝ թէ զանազանութիւնը կը հեռացնէ՞ թէ ոչ կը միացնէ։ Այս հարցումին պատասխանը, ըսաւ Վեհափառը, Աստուածաշունչը յստակ կերպով կու տայ։ Զանազանութիւնը Աստուած ստեղծեց. սակայն Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած զանազանութիւնը սերտ գոյակցութեամբ ու ներդաշնակութեամբ կը յատկանշուի։ Մարդն է որ զանազանութիւնը կը շահագործէ իր շահուն համար, այս ձեւով մերժելով Աստուծոյ կամքը։ Այս օրերուն, դժբախտաբար, ցեղային, կրօնական, համայնքային, գաղափարական կամ քաղաքական տարբերութիւնները փոխանակ օգտագործուելու որպէս հարստացուցիչ ազդակ, կը շահագործուին միակողմանի ու սխալ նպատակներու։

բ) Երկրորդ բաժինը եւս Վեհափառ Հայրապետը սկսաւ հարցումով մը՝ զանազանութիւնը վախի՞ թէ ոչ յոյսի ազդակ է։ Հիմնուելով աստուածաշնչական տուեալներու ու աստուածաբանական մտածողութեան վրայ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ ընտանիքը, համայնքը կամ ընկերութիւնը հիմնուած են զանազանութեան վրայ։ Զանազանութիւնը աստուածատուր պարգեւ մը ըլլալով, ան երբեք չի կրնար դառնալ վախի կամ բաժանման աղբիւր, այլ հրաւէր մը՝ միասին ըլլալու, միասին մտածելու, միասին աշխատելու, ի խնդիր ընկերութեան զարգացման։

գ) Մեկնելով վերոյիշեալ հաստատումներէն, Վեհափառը երրորդ կէտին մէջ շեշտեց թէ փոխադարձ ճանաչումը կենսական է։ Չկայ ճշմարիտ ինքնաճանաչում՝ առանց փոխադարձ ճանաչման։ Երբ ուրիշը բացակայ է մեր կեանքին մէջ, երբ ուրիշը կ’անտեսուի կամ կ’արհամարհուի, այս կացութիւնը մարդը կը տանի դէպի ինքնակեդրոն մտածողութիւն ու ինքնանպատակ կեանք։ Այլ խօսքով՝ ուրիշը կը դառնայ թշնամի։ Եւ այս մօտեցումը կը յառաջացնէ ցեղապաշտութիւն, ատելութիւն եւ ծայրահեղականութիւն։ Հետեւաբար, պէտք է զիրար լաւ ճանչնանք, որովհետեւ յաճախ ատելութիւնը կը յառաջանայ յստակ ու ամբողջական փոխադարձ ճանաչողութեան պակասէն։

դ) Զիրար ճանչնալ կ’ենթադրէ զիրար հասկնալ։ Ներկայ աշխարհը իր տեղեկատուական ու հաղորդակցական այնքան զարգացած միջոցներով մեզի լայն կարելիութիւնը կ’ընծայէ զիրար աւելի լաւ ճանչնալու. ճանչնալու մեր աւանդութիւնները, արժէքները, մտահոգութիւնները։ Սակայն ճանաչումը մեզ պէտք է առաջնորդէ դէպի հասկացողութիւն։ Յաճախ մենք կը դառնանք մեր դաւանած արժէքներուն ու կատարած ուսուցումներուն գերին։ Ինքնահաստատումը կենսական է. եւ ինքնահաստատման ամուր գետինը թէ՛ ինքնաճանաչումն է եւ թէ՛ ուրիշին արժէքներուն, ինքնութեան ու մտահոգութեան ճանաչումը։ Արդարեւ, զիրար ճանչնալ կը նշանակէ զիրար յարգել ու ընդունիլ։

ե) Զիրար ճանչնալ կը նշանակէ զիրար հանդուրժել։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ չարը բարիին բացակայութիւնն է. ինչպէս նաեւ՝ անհանդուրժողութիւնը բարիին բացակայութիւնն է։ Որպէսզի կարենանք յաղթահարել անհանդուրժողութիւնը, պէտք է ուրիշը ճանչնալէն անդին՝ յարգենք անոր ինքնութիւնը։ Իրաւունք չունինք մեր արժէքները ուրիշին վրայ պարտադրելու։ Ընկերութիւնը կը յառաջդիմէ ու կը ծաղկի երբ տարբեր արժէքներ ու աւանդութիւններ ներդաշնակ երկխօսութեան մէջ ըլլան եւ ոչ թէ հակամարտութեան։

զ) Հանդուրժողութիւն կ’ենթադրէ խաղաղ գոյակցութիւն։ Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհը կրօններ, մշակոյթներ ու քաղաքակրթութիւններ մօտեցուցած է. անոնք այսօր որպէս դրացիներ կ’ապրին։ Սակայն, որպէս դրացի ապրիլ կը նշանակէ զիրար ճանչնալ, յարգել ու գոյակցիլ։ Յաճախ մենք ոչ միայն մեր դրացիները ճանչնալու ճիգ չենք կատարեր այլ նաեւ անոր նկատմամբ կ’ունենանք վերապահութիւն ու նոյնիսկ՝ ատելութիւն։ Հո՛ս է հարցը։ Ուրիշը, ըլլայ ան մեզմէ հեռու մէկը կամ մեր անմիջական դրացին պէտք չէ նկատուի անհանդուրժելի մեր կողմէ։ Երբ ինձմէ տարբերը ինծի համար կը դառնայ անհանդուրժելի, այս մտայնութիւնը դուռ կը բանայ բեւեռացումի ու տագնապի։ Նման պարագաներ ու կացութիւններ ներկայ աշխարհին մէջ սկսած են դառնալ յաճախակի։

        Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ յիշեցուց, որ մարդկութեան տարբերութիւնները աստուածատուր են։ Մարդը կոչուած է հաւատարիմ ըլլալու Աստուծոյ պարգեւին ու կամքին՝ ներդաշնակ համակեցութիւն մը ստեղծելով իրարու հետ:

More News