30 April, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԸ

Չորեքշաբթի 30 Ապրիլ 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր մարմնի անդամները։

 

Յիշեալ մարմինը, որուն կը մասնակցին Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները՝ Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ այլ զանազան շրջաններէ, Լիբանան կը գտնուի, Պէյրութի մէջ ունենալու իր տարեկան հանդիպումը։

 

Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու Սուրիոյ ներկայ կացութիւնը, ու յատկապէս՝ Սուրիոյ մեր գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Խօսակցութեան նիւթ դարձան նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած ծրագիրներ ու աշխատանքներ։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան համար, որուն գործնական արտայայտութիւնը կը հանդիսանան Ազունիէի Ազգ. Բուժարանէն եւ Ազգ. Ծերանոցէն ներս տարուող աշխատանքները։ Ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Հայկազեան Համալսարանի գործունէութեան, մասնաւորաբար հայ ուսանողներու նկատմամբ ցուցաբերոած յատուկ հոգածութեան համար։

More News