29 Ապրիլի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՊԱՀՐԷՅՆ ԵՒ ԱՊԱ ՎԱՏԻԿԱՆ

Յառաջիկայ Կիրակի , 4 Մայիս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի մեկնի Պահրէյն ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեան յանձնախումբի փոխ-ատենապետ Տիկին Թենի Սիմոնեանի։

Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած է որպէս գլխաւոր դասախօս միջազգային համագումարի մը՝ կազմակերպուած Պահրէյնի Թագաւոր Ն.Վ. Համատ պըն Իսա Էլ-Խալիֆայի կողմէ։ Վեհափառը պիտի խօսի կրօններու, մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան մասին։ Յայտնենք, որ Տիկին Սիմոնեան եւս դասախօսութիւն մը պիտի տայ։

Պահրէն կեցութեան օրերուն Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում պիտի ունենայ հոն հաստատուած հայ գաղութի անդամներուն հետ, ներկայութեան Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Կաթողկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանի։

Յայտնենք որ Վեհափառ Հայրապետը Մայիս ամսուան վերջերուն, պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ նաեւ Վատիկան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ։

More News