17 Ապրիլի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԱՏԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Չորեքշաբթի 16 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի դատական բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Ժան Ֆահէտ։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Լիբանանի ընդհանուր կացութեան, յատկապէս դատական մարզին առնչուած։ Այս ծիրէն ներս նաեւ արծարծուեցան համայնքային դատարանին կապուած շարք մը հարցեր։

Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց որ հայ համայնքը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ ընտանիքին կապուած իրաւական հարցերուն, որովհետեւ ընտանիքը նուիրական կառոյց մըն է։   

More News