News

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ

09 April 2014
Երեքշաբթի յետմիջoրէին միջ-­եկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Քաթոլիկ Ասորիներու Պատրիարք Եուհան, Պէյրութի մարոնիներու Մաթար Արքեպիսկոպոս, լեռնալիբանանի Ուղղափառ Ասորի մեթրոպոլիտ ԺորԺ Սալիպա, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Լիբանանի գործադիր վարչութեան անդամներ եւ միջ-­եկեղեցական շարժումի նիւթապէս նպաստող Հոլանտական ու Շուէտական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:
 
Յիշեալ հանդիպումէն առաջ Հոլանտայի եւ Շուէտի եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին հետ միասին առանձին հանդիպում մը ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ: Խորհրդակցութեան առանցքը կազմեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն կատարուած աջակցութիւնը աւելի կազմակերպելու հրամայականը:
 
Ընդլայնուած ժողովին լայնօրէն քննարկուեցան Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին գործունէութեան տնտեսական ու վարչական մարզերուն առնչուած շարք մը հարցեր: Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ ընդգծեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին ներկայ կառոյցը վերատեսութեան ենթարկելու ու Խորհուրդի աշխատանքներուն նոր մղում տալու անհրաժեշտութիւնը՝ նկատի ունենալով Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներուն դիմագրաուած մարտահրաւէրները: