8 Ապրիլի, 2014

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը, գումարուած Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս ազգընտիր Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս ծաւալող քաղաքական ու ապահովական խնդիրներուն նկատմամբ, եւ յատկապէս սուրիահայութեան ներկայ կացութեան առնչութեամբ:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր միաբանութեամբ ու բոլոր կառոյցներով, վերջին երեք տարիներուն նոր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, Հալէպի, Դամասկոսի, Տէր Զօրի եւ Գամիշլիի ու այլ հայկական շրջաններու մէջ, որոնց նորագոյն զարգացումն է քեսապահայութեան տեղահանութիւնը, բացայայտ մեղսակցութեամբ ցեղասպան թուրքին:

 

Ներկայ տագնապալի իրավիճակին մէջ, Սուրիոյ մեր համայնքը, իր հայաշատ բոլոր շրջաններով, անմիջական եւ շարունակական օժանդակութեան կարիքն ունի, որպէսզի պահպանէ հարիւրամեակներու ընթացքին եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք կառուցուած, հոգեւոր, ազգային, կրթական ու մշակութային աւանդը:

 

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ, սուրիահայութեան ուսումնական-կրթական համակարգին պահպանումը, ինչպէս նաեւ ընկերային, մշակութային ու համայնքային այլ մարզերու առաւել ծաղկումը, մեզ կը դնէ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, ապահովելու եւ կենսաւորելու նոր սերունդին հայակերտումը եւ համայնքի վերականգնումը:

 

Արդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ յանձն կ’առնէ ամէն գնով սատար հանդիսանալ ա՛յս նուիրական գործի ամբողջական յաջողութեան եւ կը շարունակէ աղօթել, որ Աստուած Ի՛ր խաղաղութիւնը շուտով հաստատէ Միջին Արեւելքին եւ սուրիական ասպնջական հայրենիքին վրայ:

 

 

             ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

                 ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

More News