7 April, 2014

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀԱՊԱՆՆ Է ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ՝ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԱՋԻՆ

Անթիլիասի Ուխտի օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այլեւ մեր ամբողջ ժողովուրդին համար: Եօթը տարին անգամ մը տեղի ունեցող միւռոնօրհնութեան արարողութենէն բացի, արիւնով ու քրտինքով պահուած Լուսաւորիչի օրհնաբաշխ Սուրբ Աջը տարուան ընթացքին միայն մէկ անգամ իր արծաթապատ արկղէն դուրս կու գայ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները կու գան Անթիլիաս` ստանալու Սուրբին օրհնութիւնը:
 
Կիրակի 6 Ապրիլ 2014­ին Հոգեւոր մեծ խանդավառութեամբ եւս նշուեցաւ Ուխտի օրը Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին` նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:  Ուխտի օրը կանխող շաբթուան ընթացքին, Ուրբաթ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք նախատօնակ կատարուեցաւ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի Վիրապին: Շաբաթ առաւօտեան մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` ի յիշատակ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքներուն եւ Վիրապ մտնելուն. իսկ գիշերը կատարուեցաւ կիրակի օրուան սուրբ եւ անմահ պատարագը կանխող հսկումի արարողութիւն: Հսկումին Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւոր ժողովուրդին իր խօսքը ուղղելով խորհրդածութիւններ կատարեց մեծ սուրբին կեանքին ու առաքելութեան առնչուած քանի մը յատկանշական երեւոյթներուն մասին` հրաւիրելով հայ ժողովուրդի զաւակները վերանորոգ հաւատարմութեամբ քալելու հաւատքի այն ճամբէն, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ բացաւ հայ ժողովուրդին առջեւ:
 
Կիրակի առաւօտեան մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին: Օրուան պատարագիչն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան: Պատարագիչ սրբազանը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդի վերանորոգութեան առաջնորդն է: Այսօր կը դիմենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին եւ կը խնդրենք, որ իր բարեխօսութեամբ Աստուած մեր ժողովուրդը պապէ, պահպանէ ու առաջնորդէ իր ողորմութեամբ եւ մարդասիրութեամբ»:
 
Շարունակելով իր խօսքը Սրբազանը նաեւ Սուրիոյ Հայութեան անունով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին որ մօտէն կը շարունակէ մտահոգուիլ, աշխատիլ ու աջակցիլ սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ու վերականգնումին գծով: Սրբազանը ըսաւ. «Վեհափառ Հայրապետին ճամբով մեր թեմերը եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները իրենց կարելին ըրին ու վստահաբար պիտի շարունակեն ընել, այս օրերուն երբ Քեսապի տագնապը մեզ կը մղէ աւելի ամրապնդել մեր զօրակցութիւնը սուրիահայութեան օժանդակութեան»:
 
Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք խուռներամ բազմութեան մէջ աւանդական թափօրը սկսաւ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ: Հայ ժողովուրդի զաւակները, այր թէ կին, մեծ թէ փոքր, հաւատքի մղումով մօտեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին ու ստացան անոր օրհնութիւնը: Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին աւանդութեան համաձայն, նոյն օրը նաեւ դարեր շարունակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ պահպանուած այլ սուրբերու մասունքները եւս գանձատունէն դուրս բերուեցան:
 
Թափօրի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով, եւ ապա Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Լուսաւորիչի Աջը ի ձեռին աղօթեց իր կողմէ խմբագրուած հետեւեալ աղօթքը.–
 
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քեզի կը դիմենք մենք՝ ուխտաւոր զաւակները Բարձրեալ Աստուծոյ մեծանուն ուխտաւորիդ, ո՜վ Գրիգոր Սուրբ Հայրապետ:
 
«Դուն, որ Աւետարանական ճշմարտութիւններով սնած եւ Քրիստոսի սիրով բոցավառ ուխտեցիր հաւատարմութեամբ ծառայել Աստուծոյ Որդւոյն, ո՜վ երանելի Սուրբ Հովուապետ հայ ժողովուրդի.
 
«Դուն, որ Քրիստոսի երկնային քաղցրութիւնը ճաշակելով կեանքդ որպէս կենդանի պատարագ ընծայեցիր Անոր, ո՜վ սքանչելգործ վկայ Քրիստոսի. «Քու ժայռեղէն հաւատքովդ պահէ՛ ու պահպանէ՛ մեր կեանքը, Հայ ժողովուրդի հաւատքի առաքեալ, քանդէ՛ ու փշրէ՛ մեր շուրջը կանգնած մոլութիւններու ու մեղքերու պատուարը ու մեզ առաջնորդէ՛ երկնային շնորհքներու ու առաքինութիւններու յաւերժահոս աղբիւրը:
 
«Հայոց աշխարհի Երկրորդ Լուսաւորիչ, եկո՛ւր եւ հաւատքի լոյսով վառէ՛ մեր միտքին, սիրտին ու հոգիին կանթեղը. “առաւել կեանք”ով շաղաշէ՛ մեր երկրաւոր կեանքը ու երկնայինին յոյսով զօրացո՛ւր մեր յուսաբեկ սիրտերը:
 
«Ո՜վ Լուսաւորիչ մեծ Հայրապետ, Ս. Աջիդ հովանիին տակ օրհնէ՛ մեր ազգը ամբողջ՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Օրհնէ՛ մանաւանդ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած ուխտաւոր ժողովուրդը: Սրբէ՛ մեր մեղքերը, մաքրէ՛ մեր հոգեկան ու ֆիզիքական ախտերը. առողջութիւն շնորհէ՛ հիւանդներուն. լուսաւորէ՛ մեր կեանքի խաւար ճամբաները. երկնային բարիքներով ծաղկազարդէ՛ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մեր ընտանիքներուն եւ մեր Մեծ Ընտանիքին՝ քու պատուական ժողովուրդիդ կեանքը՝ ի պայծառութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ յաւերժութիւն ազգիս Հայոց։ Ամէն»:
 
Նոյն օրը, մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերուն, Սրբազան Աջը մնաց Մայր Խորանին վրայ եւ ուխտաւորները զայն համբուրելով ստացան մեծ Սուրբին օրհնութիւնը:

More News