5 Ապրիլի, 2014

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ ԺԲ-ՐԴ ՆԻՍՏ «ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏԱՆԻԼ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՎԵՐԱԾԵԼ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովի ԺԲ-րդ նիստը տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Կիւլպենկեան սրահին մէջ, Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

 

Դիւանի անդամ ընտրուեցան ատենապետներ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան. ատենադպիրն…եր՝ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Աբղ. Սարգիսեան: Ողջոյնի իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս շեշտեց, որ նման հանդիպումներուն առանցքը կը կազմեն ինքնաքննութիւնը, ինքնարժեւորումը եւ ինքնասրբագրութիւնը: Միաբանութիւնը, եզրակացուց Վեհափառ Հայրապետը, անհրաժեշտ է որ հարստացնէ իր հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքը սիրոյ եւ եղբայրական ոգիով եւ ծառայութեան գիտակցութեամբ:

 

Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք, ժողովս անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին եւ սուիրահայութեան տագնապին եւ որդեգրեց համապատասխան բանաձեւեր:

 

Ապա, կարդացուեցաւ եւ քննարկուեցաւ Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովի տեղեկագիրը եւ կատարուեցաւ նոր անդամներու ընտրութիւնը (Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան, Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան, Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնթէզեան):

 

Յաջորդ օրակարգով, միաբանութեան ժողովը որդեգրեց եկեղեցական զգեստներու գործածութեան գծով մշակուած յատուկ ուղեցոյց մը :

 

Երկրորդ նիստին, ժողովը քննարկեց Միաբանական Կանոնագրութեան վերջնական բնագիրը եւ յարմար նկատեց, որ միաբանները մինչեւ ընթացիկ ամսոյս աւարտը իրենց առաջարկները ներկայացնեն Տնօրէն Ժողովին, որմէ ետք Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ կոնդակով պիտի հաստատուի եւ ի լուր ժողովրդեան՝ հրապարակուի :

 

Ժողովը, յաջորդական վեց նիստերով, շահեկան դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու ընդմէջէն, մտասեւեռումի նիւթ դարձուց Մեծի Տանն Կիկիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Մայրավանքէն տեղահանուելէ ետք ապրած վտարանդի վիճակը եւ Անթիլիաս հաստատուիլը, շեշտը դնելով անցնող 100 տարիներու ընթացքին բազում զոհողութիւններու ճամբով կատարուած իրագործումներուն վրայ:

 

Հետեւեալ կարգով, զեկոյց-դասախօսութիւններ տրուեցան միաբան հայրերու կողմէ.-

ա- «Ի՞նչ պայմաններու մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հեռացաւ Սիսէն եւ հաստատուեցաւ Անթիլիաս» (Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան):

բ- «Ցեղասպանութեան հետեւանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարդկային, հոգեւոր, մշակութային ու կալուածական կորուստը» (Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան):

գ- «Անթիլիասի մէջ Կաթողիկոսութեան հաստատման առաջին տասնամեակը – կալուածի գնում, Դպրեվանքի եւ մատենադարանի հաստատում, Նահատակաց մատուռի եւ Մայր Տաճարի շինութիւն» (Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան):

դ- «Զարեհ Կաթողիկոսի ընտրութիւն եւ տագնապալից շրջան մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս» (Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան):

ե- «Երկու Կաթողիկոսութիւններուն միջեւ գործակցութեան նոր հորիզոններ» (Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեմէզեան):

զ- «Հայ եկեղեցին բարեկարգութեան սեմին. Եպիսկոպոսաց ժողով. մարտահրաւէրներ ու առաջնահերթութիւններ» (Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան):

Յառաջիկայ տարիներու իր առաքելութեան ծիրէն ներս եւ դէմ յանդիման նոր մարտահրաւէրներու, ժողովս առաւ կարգ մը որոշումներ եւ առաջադրեց ծրագիրներ:

Վեհափառ Հայրապետը եզրափակելով ժողովը, ընդգծեց.

«Ժողովի ընթացքին, մենք անդրադարձանք մեր Կաթողիկոսութեան վերջին 100 տարիներու պատմութեան, որուն մէջ արձանագրուած են դէպքեր եւ իրադարձութիւններ, որոնցմէ եկող պատգամին մարտահրաւէրին պարտինք ամրապնդել մեր հաւատքը ու վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակել մեր ժողովրդանուէր ծառայութիւնն ու հաւատքի առաքելութիւնը: Անցեալի փորձառութեամբ հարստացած եւ ապագայի տեսլականով, շարունակենք մեր նուիրեալ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին: Մեր Սուրբ Աթոռին նշանաբանն է եւ պէտք է ըլլայ. եկեղեցին ժողովուրդին տանիլ եւ ժողովուրդը եկեղեցիի վերածել»:

Երկօրեայ Ժողովը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոս»ի շարականի երգեցողութեամբ, «Կիլիկիա» օրհներգով, «Ի վեհ Բարձանց» Հայրապետական մաղթերգով եւ հուսկ՝ Վեհափառ Հայրապետի Պահպանիչով:

                                                                                                 ԴԻՒԱՆ

                                                                    ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

 

More News