29 March, 2014

ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ երեկոյ Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ՝ Տէրէք Փլամպի։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրեպետին հետ Քեսապի հարցին շուրջ խորհրդակցիլ։
 
Յայտնենք որ օր մը առաջ Նիւ Եորքէն հեռաձայնած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր` քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանը եւ ուզած էր Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալ Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութեա…ն գծով։ Վեհափառ Հայրապետը առաջարկած էր Քեսապը յայտարարել որպէս ապազինեալ շրջան։ Տէրէք Փլամպիին պարտականութիւն տրուած էր այս ծրագրին շուրջ աւելի լայն խորհրդակցութիւններ ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ։
 
Վեհափառը անգամ մը եւս Փլամպիին ուշադրութեան յանձնեց Քեսապի յատուկ կարեւորութիւնը  հայ ժողովուրդին համար, թէ Քեսապի հայութիւնը շուտով պէտք է վերադառնայ իր շրջանը։ Միաժամանակ Վեհափառը շեշտեց Լաթաքիա հաստատուած Քեսապահայութեան օժանդակելու հրամայականը։
 
Փլամպի Վեհափառին յայտնեց, որ այսօր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուելիք տեղեկագրին մէջ պիտի յիշուի Քեսապի հարցը։ Ան նաեւ խոստացաւ Վեհափառ Հօր, որ Ապրիլին սկիզբը ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցին ընդհանուր պատասխանատուին, Լիբանանի մէջ հաստատուած գաղթականներուն տալիք այցելութեան ծիրէն ներս ան պիտի արծարծէ Քեսապի հայութեան մարդասիրական օգնութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը։

More News