17 March, 2014

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ

Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի պատրաստած նոր ծրագիրը՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար։

Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայակերտումի, հայ մշակութային արժէքներու պահպանման ու հարստացման ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան տրուած կարեւորութեան՝ նոր ծրագրի ծիրէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց դպրոցներուն ու կրթաթոշակներուն գծով օգտակար հանդիսանալու հրամայականը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ արհեստագիտութեան տեղ տալու անհրաժեշտութեան, ինչ որ նկատի առնուած է հնգամեայ ծրագրին մէջ։ Իր գնահատականին առընթեր, սակայն, Վեհափառը խիստ վերապահութիւն յայտնեց հնգամեայ ծրագրին մէջ տեղ գտած հայ-թրքական յարաբերութեան զարգացման առնչուած ծրագիրներուն գծով։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գնահատեց Հիմնարկութեան նոր կազմին տարած աշխատանքը՝ գլխաւորութեամբ Տիար Մարթին Եսայանի, սերտ գործակցութեամբը Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի։

More News