13 March, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Հինգշաբթի 13 Մարտ 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի Առաողջապահական նախարար Ուաէլ Ապու-Ֆաուրը։ Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման նաեւ ներկայ էին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Նախարարութեան Ընդհ. Տնօրէն Զիատ Շաըյա։

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Լիբանանի ներքին քաղաքական ներկայ վիճակը ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ, որ Վեհափառ Հայրապետը առաջարկէ Առողջապահութեան նախարարին նախարարութեան օժանդակութեան ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու Ազունիէի Ազգ. Բուժարանին, Ազգ. Ծերանոցին եւ հայ համայնքի բարեսիրական միութիւններու առողջապահական ծրագիրներուն։

 

Նախարարը խոստացաւ սիրով ընդառաջել Վեհափառ Հայրապետի փափաքին։

 

More News