2 March, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏԻ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՅԱԿՈԲ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆԸ

Շաբաթ, 1 Մարտ 2014­ի երեկոյեան «Շնորհալի» երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրեց բարերար Տէր և Տիկին Յակոբ Չիլինկիրեանը:

Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան ազգային կեանքէն ներս իր ունեցած մասնակցութիւնը, թէ՛ որպէս բարերար եւ թէ՛ որպէս ժողովական ազգային զանազան մարմիններու մէջ:

Յայտնենք որ, Չիլինկիրեան ամոլը վերջերս երկու հարիւր հազար տոլար նուիրեց Կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբին եւ Տեղեկատուական գրասենեակի բարեզարդման համար:

More News