4 March, 2014

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Կիրակի 2 Մարտ 2014-ի առաւօտուն, Բուն Բարեկենդանի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի մանուկները իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար Անոր օրհնութիւնը:

 

Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ ընդունեց Կիրակնօրեայի մանուկները, իր օրհնութիւնը շնորհեց փոքրիկներուն եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն կատարած կարեւոր աշխատանքին՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան մարզէն ներս:

More News